Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 5 մայիսին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը մրցի Թաատոտ Մազրաաթ Շուֆի դէմ (Բ. խմբակ):
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 15:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Անսարի դաշտին վրայ:
Մրցումը բաւական կարեւոր է ՀՄԸՄ-ի կազմին համար` նկատի ունենալով, որ յաղթանակի մը պարագային խումբը պիտի ապահովէ յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը` Պշամունի հետ միասին:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կը սպասուի այսօր անպայման յաղթական վերադառնալ Անսարի դաշտէն:


