Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Նոր Հայեացք. «Ալիեւիստան»-Էն… Անջրպետ

Ապրիլ 21, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Բռնապետութիւնը կարիք չունի արուեստի կամ գիտութեանց, քանզի անոր քաղաքականութիւնը,  որ շատ ծանծաղ է, զուրկ`  նուրբ յղկումէ, հիմնուած է միայն արիւնահեղութեան վրայ»

Ժան տը լա Պրիւյէր (Ֆրանսացի գրագէտ, 1645-1696)

Եթէ այս իմաստուն խօսքը արձանագրող Ժան տը լա Պրիւյէր ճանչցած ըլլար Իլհամ Ալիեւը, իր հռչակաւոր «Նկարագրերը» («Les Caractères») գործին մէջ հաւանաբար էջեր տրամադրած ըլլար անոր` իր իւրայատուկ քննադատական եւ խայթող ոճով, առանց բառերը ծամծմելու պախառակելով այս ցնորածը:

Պատմութիւնը կարելի չէ վերախմբագրել: Պատմողներու եւ գրողներու շարքին իր անունը արձանագրած լա Պրիւյէրի օրերուն… Ազրպէյճան գոյութիւն չունէր. անոր ծնունդ պիտի տրուէր դարեր ետք:

Լա Պրիւյէր յաճախ կրկնած է, որ մարդ էակը իր նկարագիրը կը բացայայտէ մինչեւ իսկ ամենապարզ արարքով մը: Այդպէս կ՛ընէ Ազրպէյճանի նախագահը` սկսելով ամենապարզէն մինչեւ ամենաբարդը:

Այո՛, Ազրպէյճանի բռնապետը կը թուի խելագարած ու մոլեգնած ըլլալ: Իր արձանագրած յաղթանակէն հարբած` կը շարունակէ ձաբռտել ու ցնորական վերլուծումներ կատարել, եզրակացութիւններու հասնիլ եւ ստեղծել տարբեր Ազրպէյճան մը, իր, այսինքն Ալիեւի երկիրը` «Ալիեւիստան»-ը: Հաւանաբար «իր յաղթանակ»-ը ըսելու փոխարէն, աւելի հեշտ պիտի ըլլար յոգնակի` «իրենց»-ով արտայայտուիլ, նկատի ունենալով Թուրքիոյ եւ անոր վարձկան կամակատար ահաբեկիչներու մասնակցութիւնը` Արցախի վրայ վեց ամիս առաջ կատարուած յարձակումին: Ան չի գիտակցիր, թէ խամաճիկ իշխանութեան (puppet government) մը երկիրը կը կառավարէ, որուն թելերը կը գտնուին «սուլթան» Էրտողանի ձեռքերուն մէջ:

Անցեալ քանի մը օրերուն Իլհամ Ալիեւ բեղո՜ւն գործունէութեան մէջ էր: Եռօրեայ խորհրդաժողով մը` «Նոր հայեացք Հարաւային Կովկասի մէջ: Յետ հակամարտային զարգացում եւ համագործակցութիւն» խորագրով, որ տեղի ունեցաւ ապրիլ 10-13, մասնակցութեամբ վերլուծաբաններու եւ գիտուն, քիչ մըն ալ գիտոսիկ «think tank»-երու: Նոյն օրերուն, ապրիլ 12-ին, Ալիեւ Պաքուի մէջ բացումը կատարեց արցախեան վերջին պատերազմին նուիրուած բացօթեայ «Պուրակ»-ին, ուր գռեհկութեամբ եւ լկտիութեամբ կը ցուցադրուին, ձեւով մը, Արցախի մէջ զոհուած հայ հերոսները` իրենց անձնական առարկաներով, տարազով, զինամթերքով եւ սաղաւարտներով: Ալիեւ անշուշտ մոռցած է, որ իր երկրին բանակը ամբողջութեամբ կուլ տրուած է զինակից Թուրքիոյ կողմէ: Տեսանիւթեր ալ պատրաստուած են, որոնք կը ցուցադրուին այցելուներուն: Շինծու տեսարաններ ու դրուագներ, ուր, ըստ ազերիական տասնամեակներու աւանդութեան, հայը անգամ մը եւս ներկայացուած է իբրեւ չար, անխնայ եւ աննկարագիր, իսկ «խե՜ղճ» ազերին` տանջուած, չարչարուած եւ շարունակ օգտագործուած:

Թէ այս «սենարիօ»-ն ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ յիշեալ խորհրդաժողովին մասնակցողներուն վրայ, դիւրին է եզրակացնելը, մանաւանդ որ միակողմանի թատրերգութիւն մըն էր սարքուածը, ուր միակողմանի յանկերգը կը կրկնուէր:

Այդ «Yes-men»-ի խորհրդաժողովին Ալիեւ ափեղցփեղ ձաբռտեց: Ըստ Ալիեւ «աղային» (սուլթանին կողքին գոնէ ան այսքան մը կ՛արժէ), ան անգամ մը եւս շեշտեց, որ Զանգեզուրը, Սեւանայ լիճն ու աւելի քան 2800 տարեկան «Երեւան դարձած Էրեբունի»-ն նախապէս Ազրպէյճանին կը պատկանէին:

Այս «հանճարե՜ղ» տրամաբանութեամբ, Ալիեւ վստահաբար պիտի չվարանի մօտիկ ապագային յայտարարելու, որ անջրպետն ալ կը պատկանի Ազրպէյճանին: Չէ՞ որ Թուրքիան իրը կը նկատէ լուսինը, որովհետեւ անիկա տեղ գրաւած է իր դրօշակին վրայ… Եուրի Կակարինը, եթէ ողջ ըլլար, որքա՜ն պիտի զարմանար, նոյնը` լուսնին վրայ առաջին անգամ ոտք դրած Նիլ Արմսթրոնկը:

Վերադառնանք Հարաւային Կովկաս եւ կրկին  Ժան տը լա Պրիւյէրին, ըստ որուն, կեանքը ողբերգութիւն մըն է անոնց համար, որոնք կը զգան, եւ կատակերգութիւն մը` անոնց, որոնք կը մտածեն:

Պէտք չէ կասկածիլ, որ Ազրպէյճանն ալ կրնայ մօտիկ ապագային կորսուիլ անջրպետին մէջ` իբրեւ մարած աստղ մը` «յաւելուլ երկնից»…

Հայորդիին համար, այսօր կարեւորագոյն առաջնահերթութիւնն է շրջանցել պարտադրուած կացութիւնը, որովհետեւ ի վերջոյ, ստեղծուած «դժուարութիւններէն է, որ հրաշքներ կը ծնին» (նոյն լա Պրիւյէրի մտածումներէն): Մեր պատմութի՛ւնը վկայ, որ այս խօսքը անժամանցելի է, ու մենք շատ բան ունինք ընելիք, ահագին «անկատար տենչեր ունինք»…

 

Նախորդը

Ահազանգ Հնչեցնողը Սփիւռք(ներ)ի Լեզուի Մաքրակրօններէն Մին Չէ

Յաջորդը

Խմբագրական «Ապառաժ»-ի. Յուսալուց Չամաչելու Համար

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?