Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՄԻՋՈՑՈՎ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿՆԵՐ` ՀԱՅԿԱԶԵԱՆԻ 56 ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ

January 31, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երկուշաբթի, 30 յունուարի յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանն ու Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան ուրախութիւն ու գոհունակութիւն յայտնեցին Հայկազեան համալսարանի 56 ուսանողներուն իրենց հմտութեան համար ամբողջական կրթաթոշակի արժանանալնուն առնչութեամբ:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի ուրախութիւն յայտնեց նման սերունդներ կերտող ծրագիրներու իրականացման համար` հաստատելով, որ Լիբանան եւ Միացեալ Նահանգներ բարձր կը գնահատեն ուսումը, որ ապագայի բանալին է: Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ ամերիկեան ուսումնական ուղղուածութեան, որ տարբեր է ուրիշներէ` դիտել տալով, որ բարձրագոյն կրթութիւնը ընդհանրապէս կարեւոր է աւելի լաւ ապագայ ունենալու, ընկերութեան մէջ աշխուժ եւ դրական ներդրում ունեցող մարդուժով օժտուելու համար:

Խօսք առաւ նաեւ Հայկազեան համալսարանի նախագահը, որ ողջունեց դեսպանին ներկայութիւնը Հայկազեան համալսարանի յարկին տակ` դիտել տալով, որ համալսարանը կը փորձէ անսակարկ ծառայութիւն մատուցել իր ուսանողներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց իրականացուած ծրագիրին համար, որուն ճամբով պիտի կերտուին սերունդներ եւ լծուին իրենց ընկերութեան ծառայութեան:

Լիբանանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով գործադրուող ծրագիրով մը, պետական վարժարաններ յաճախող, իրենց դպրոցական տարեշրջանի վերջին տարին հասած աշակերտներ իրենց հմտութեան եւ կարողութիւններուն համար «Համալսարանական ուսանողներու օժանդակութիւն» ծրագիրով, որ կը գործադրուի Միացեալ Նահանգներու բարգաւաճման միջազգային գործակալութեան` «Եու. Էս. Էյտ»-ի կողմէ, կը ստանան յատկացումներ` իրենց կրթաթոշակին, գիրքերուն, ապրուստի, կեցութեան եւ բժշկական խնամքի համար:

Այս ծրագիրի ծիրին մէջ ամերիկեան կառոյցը շուրջ 27,5 միլիոն տոլար տրամադրած է յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին եւս պետական վարժարաններէ շրջանաւարտներուն օժանդակելու, որպէսզի բարձրագոյն կրթութիւն ստանան: Այս յատկացումներուն արժանացած կարիքաւոր աշակերտներուն մէջ կայ ջախջախիչ թիւ մը, որոնք իրենց ընտանիքին մէջ առաջին համալսարան յաճախելու առիթ ունեցողներն են: Այս տարուան ընթացքին Հայկազեան եւ «Էլ. Էյ. Եու.» համալսարանները յաճախող 117 ուսանողներու յատկացում կատարուած է: Յառաջիկայ տարուան համար նախատեսուած է այս ծրագիրին մէջ ներառել նաեւ 103 այլ ուսանողներ, որոնք այլ համալսարաններու մէջ պիտի տեղաւորուին:

Ընտրուած աշակերտները իրենց ուսումը շարունակելու առիթ կ՛ունենան, որպէսզի անոնց կարողականութիւնը զարգանայ, բարձրագոյն կրթութիւն ստանան եւ օգտակար մարդուժ հանդիսանան իրենց երկիրներուն:

Միացեալ Նահանգներու բարգաւաճման միջազգային գործակալութիւնը Լիբանանի մէջ արդէն իսկ կրթական տարբեր ծրագիրներ իրականացուցած է` հոս իր գործունէութեան 50 տարիներուն ընթացքին օժանդակելով աւելի քան 87 հազար ուսանողի:

 

 

 

Նախորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԹՈՒՐՔԻԱ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ ՄԸ

Յաջորդը

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱԹԱՐ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.