Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարդ Մը, Որ…

March 13, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ ԱՐՏԱԶԵԱՆ

Որոշ հարցի առնչութեամբ, ընդհանրացած է մեր ժողովուրդին մէջ ըսել` «Ո՛րքան մարդիկ, այնքա՛ն կարծիք» խօսքը: Սակայն անձի մը նկատմամբ կարծիք յայտնել, կը նշանակէ նկատի ունենալ երկու եզրեր. մարդը` իր նկարագիրով, եւ մարդը` իրագործումներով:

Ծանօթ չէի տոքթ. Յարութիւն Նագուլեանի անձին, բայց անունին հանդիպած էի «Արծիւ»-ի էջերուն, ուր կ՛աշխատակցէի նաեւ ես: Չուշացաւ այն պատեհ առիթը, երբ գրականագէտ Երուանդ Տէր Խաչատրեանի միջոցով, իրար ձեռք սեղմեցինք: Առաջին տպաւորութիւնը ունեցած էի, երբ իրմէ լոյս տեսած գրութիւնները ուրուագծած էին անձ մը, եւ այդ տողերը մէկական պատուհաններ, կ՛արտացոլէին նկարագիր մը: Թէեւ յաճախակի չէի՛ն հանդիպումները, սակայն մեր ունեցած զրոյցներէն կրցած էի բնորոշել ա՛յն նկարագիրը, որ հարազատօրէն կը շնչէր իր գործերու մէջ:

Անշուշտ բացառիկ երեւոյթ է, նկարագիր եւ արուեստի իրագործում մէկտեղել նո՛յն անձին մէջ հաւասարապէս, որով կրնան այդ երկու եզրերը հակադիր ըլլալ իրարու, առանց դոյզն կասկած ներշնչելու անձին հետ փոխյարաբերութեան ընթացքին: Բայց Նագուլը, այն բացառիկ անձերէն էր, որ «մա՛րդ» հասկացողութեան լոյսին տակ կը միանային այն երկու եզրերը, նկարագիրն ու իրագործումները:

Իմ մէջ հաստատուեցա՛ւ այդ կարծիքը, երբ ծանօթացայ իր գրական վերջին երկու հատորներուն, որոնց մէջ ներկայ էր ինք, իր յստակ եւ փայլուն մտածողութեամբ եւ զգացումներու ներքին զօրութեան արտայայտութեամբ, բառերուն ընդմէջէն:

Երբ անոր մահուան լուրը հասաւ ականջիս, շփոթի մատնուեցայ, որովհետեւ… գիտէ՛ք, դժուար է հաշտուիլ այն գաղափարին հետ, որ «իրա՛ւ մարդ» մը հեռանայ այս կեանքէն, ճակատագրի աննշան մէկ այցելութեամբ:

Ան պիտի ապրի բոլո՜ր ժամանակներու մէջ, այնքան ատեն որ իբրեւ շունչ կ՛ապրի մեր յիշողութեան մէջ:

5 մարտ 2021

Նախորդը

Բացառիկ Անհատականութիւնը

Յաջորդը

Ան Պիտի Ապրի Իր Գործերի Մէջ

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.