Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Յուշեր (6)

Մարտ 5, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լազարեան համալիր, հիմնուած է 1815-ին ռուսաստանաբնակ Լազարեաններու կողմէ:

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

1989-ին, Լիբանանի քաղաքացիական բախումներու թէժ օրերուն էր, երբ Համազգայինը իր գոյութեան 60 տարիներուն առաջին անգամ ըլլալով հրաւէր ստացաւ հայրենի Կապի կոմիտէութեան կողմէ` մասնակցելու համասփիւռքեան մշակութային միութեանց մէկ խորհրդաժողովին:

Կեդրոնական վարչութիւնը գոհունակութեամբ ընդունեց հրաւէրը եւ սիրալիր ընդառաջեց անոր եւ, առ այդ, նշանակեց քառանդամ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Գեղանի Էթիեմեզեանը, Կարպիս Հարպոյեանը, Յակոբ Եափուճեանը եւ տողերս գրողը:

Օդակայանը փակ ըլլալուն` նաւով ճամբայ պիտի ելլէինք Ճունիէն դէպի Կիպրոս, անկէ` Մոսկուա  ու ապա Երեւան (1):

Շաբաթ օր մըն էր, 2 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը  8-ին, երբ  երեքով նստանք կիպրական շատ գեղեցիկ ու նոր նաւ մը. չորրորդ ընկերը` Եափուճեանը, արդէն Կիպրոս կը գտնուէր աշխատանքով: Կիրակի առաւօտ ժամը եօթին հասանք Լառնաքա ու իրարու միացանք  պանդոկի մը մէջ, ուր սենեակ մը վարձուած էր խումբիս համար:

Կիպրոս մնացինք ամբողջ ցերեկը եւ ուշ գիշերին դիմեցինք օդակայան, անկէ` դէպի Մոսկուա:

Մեր անձնական ճամպրուկներէն բացի` հետերնիս կը տանէինք 70 քկ կշռող զանգուածեղ պայուսակ մըն ալ, որ լեցուն էր գիրքերով:

– Ի՞նչ գիրք է տարածնիս,- հարցուցի ընկերներուս:

– Արգիլուած գրականութիւն,- եղաւ պատասխանը:

– Արգիլուած գրականութիւնը ո՞րն է եւ ինչո՞ւ արգիլուած բան կը տանինք:

– Քու խելքդ չի հասնիր,- պատասխանեց Հարպոյեան հեղինակաւոր շեշտով մը, ու ես… լռեցի: Իրենք կը տիրապետէին այնպիսի գաղտնիքներու, որոնց ես անտեղեակ կը մնայի յաճախ: Թէեւ կազմի բոլոր անդամներս հաւասար էինք, սակայն եւ այնպէս կային «աւելի հաւասար»-ներն  ալ:

Մաքսատան մէջ մեզի մօտեցաւ եւ ուղեկցեցաւ պաշտօնեայ մը, որ առանց որեւէ քննութեան անցուց մեզ. ուրեմն վերջը իմացայ, որ ան  Intourist-ի մէկ ծառայողն էր եւ Լիբանանի դեսպանատունէն յանձնարարութիւն ունէր  «դիւրացնելու» մեր անցքը: Ու մենք անցանք առանց որեւէ քննութեան:

Մոսկուայի օդակայանին մէջ նմանապէս որեւէ պայուսակ չբացուեցաւ եւ որեւէ քննութեան չենթարկուեցանք. ուրեմն մեր գաղտնիքները մնացին մեզի:

Մինչեւ օդանաւէն դուրս գալը, կարգ մը հարցուփորձեր ընելն ու շրջապատին ծանօթանալը` արդէն լոյսը սկսած էր բացուիլ. մոսկովեան աղօտ լոյս մը` դեկտեմբերի առաջին օրերուն:

Որոշուեցաւ հարիւր տոլար մանրել ու տեղական դրամ ստանալ, եւ այս առիթով  ալ մեզ դիմաւորեց առաջին անակնկալը. հարիւր տոլարին դիմաց  պետական դրամատան կից լումայափոխը (նիւթական ամէն գործառնութիւն պետական դիմակ ունէր տակաւին) վճարեց  600 ռուբլի, որ պարզապէս անհաւատալի էր, քանի որ մօտիկ անցեալին նոյն հաստատութենէն  իւրաքանչիւր տոլարի դիմաց կը ստանայինք միայն 0,60 ռուբլի կամ 60 կոպեկ. այս հաշուով` ռուբլին տոլարին դիմաց արժեզրկուած էր ճիշդ տասը անգամ, այսինքն կը պահէր իր նախկին արժէքին  մէկ տասներորդը  միայն:

Սակայն անակնկալին մեծագոյնը պիտի տեսնէինք Երեւան հասնելէ ետք:

***

Ուրեմն օրը երկուշաբթի էր, եւ մենք պէտք էր իջեւանէինք Լազարեան ճեմարան:

Նախատեսուած էր, որ հայկական դեսպանատունէն մէկը  դիմաւորէր մեզ, սակայն եկող չեղաւ: Ունէինք հասցէներ, հետեւաբար որոշեցինք մեր միջոցներով հասնիլ Լազարեան: Եւ այդ պահէն սկսաւ իմ… գողգոթաս:

Օդակայան ըսուածը, դուք կրնաք լաբիւրինթոս ալ կոչել զայն,- քաղաքի մը չափ ընդարձակ էր, եւ մեր առարկաները պէտք էր մե՛նք ստանձնէինք, վասնզի տրամադրելի պաշտօնեայ, չեմ գիտեր  ինչո՛ւ, չկար: Ակներեւ էր, որ բան մը կը քայքայուէր Խորհրդային Միութեան մէջ կամ, աւելի ճիշդը,  վաղուց քանդուած  իրավիճակ մը հիմա կը քողազերծուէր ու կը ցուցադրէր մերկ իրականութիւնը:

Իւրաքանչիւր քայլին համար հարցուփորձելով`  վերջապէս իմացանք ճշգրիտ տեղը  մեր պայուսակներուն, որոնք լքուած  էին անծայրածիր սառցադաշտի մը վրայ, ուրկէ յառաջանալու համար ոտքդ ձիւնին կը մխրճուէր մինչեւ ծունկդ:

Գայթ ի գայթ հասանք մեր առարկաներուն եւ ստանձնեցինք զանոնք:

Հիմա ալ հարկ էր փոխադրել` իւրաքանչիւրս ծառայելով իր սեփական անձին ու ճամպրուկին: Ահա այստեղ ալ մեր առջեւ ցցուեցաւ մեծ հարցականը.

– Ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի կրէր  «արգիլուած» կոչուած  գրականութեան 70 քկ կշռող զանգուածը…

Անշուշտ ո՛չ  փափկասուն Գեղանին, երբ անդին երեք քաջակորով ու անձնուէր ասպետներ  կը գտնուէին շուրջը: Հարպոյեան ըսաւ, որ ինք tension ունի եւ չի կրնար օգտակար ըլլալ, Եափուճեան յառաջ  քշեց «մէջքի  ինչ-որ վաղեմի ցաւ մը», որուն յաճախ կ՛ակնարկէր այնուհետեւ, եւ ուրեմն  անդինը կը մնայինք  միայն… ես ու ինքս:

Մէկ ձեռքով երկու ձմերուկ կրելը շատ աւելի դիւրին պէտք է ըլլայ, քան  ինչ որ ես կրեցի այն օրը մօտաւորապէս երկու  հարիւր մեթր  տարածութեան մը վրայ: Ուրեմն  տասը մեթրի չափ կը կրէի բեռներէս մէկը` իմ ճամպրուկս, որ աւելնալով սեփական ծանրութեանս  վրայ` աւելի խորերը կը մխրճէր ոտքերս ձիւնին մէջ, իսկ ապա միւսը`  քարշ տալով զայն փափուկ ձիւնին վրայէն, ուր ան գրեթէ լրիւ կը թաղուէր,  ապա կը վերադառնայի` մեկնակէտիս, ու այսպէս  շարունակ` ամբողջ կէս ժամ մը սիզիփեան յամառութեամբ  սպառելէ ետք  մկաններուս ուժային վերջին պաշարն ալ, հասանք  ինչ որ պէտք էր ըլլար  ելքի դուռը: Այստեղ գտանք վարձակառք մը, որուն վարորդը  լաւ ծանօթ ըլլալ կը թուէր  շրջանին: Ան մեզ հասցուց Լազարեան ճեմարան, ուր տանող  ճամբուն վերջին հատուածը  կը կոչուէր «Հայկական նրբանցք»: Եւ իրապէս ալ այստեղ ճամբաները աւելի նեղ էին, մայթերը`  նմանապէս. մէկ մեթրէն աւելի նեղ մայթ կար, ուրկէ քալողը պէտք էր  դուրս գար` ճամբայ տալու համար դիմացէն եկողին կամ հակառակը: Այս պատճառով ալ նկատելի էր յարատեւ ելեւէջ մը մայթերու երկայնքին: Ենթադրելի է, որ սա հին Մոսկուան էր:

Ինքը` Լազարեանը, առաջին հայ բարձրագոյն վարժարանը` հայագիտական թեքումով, հսկայ կառոյց մըն էր,  երեք անջատ բաժանմունքներով, որոնք տեղադրուած   էին իրարու կից` ձեւացնելով  մեսրոպեան  Ս տառը:  Ան  ունէր մետաղեայ պատկառելի դարպաս մը, որ կը բացուէր ընդարձակ բակի մը վրայ, որուն կեդրոնը կը բարձրանար Լազարեաններուն նուիրուած պրոնզեայ շքասիւն մը:

Շէնքին ձախ թեւը յատկացուած էր հայոց, (հետագային ամբողջ շէնքը յանձնուեցաւ մերոնց (2), ուր եւ հաստատուած է ներկայիս Հայաստանի դեսպանատունը), եւ այստեղ ալ մեզի տրամադրեցին երկու սենեակ, մէկը` Գեղանիին, միւսը` երեքիս: Շատ լաւ տաքցուած, կոկիկ ու հանգստաւէտ սենեակներ էին, ուր պիտի մնայինք առ այժմ մեզի համար անորոշ ժամանակ մը:

armenag@gmail.com

 

(1).- Այս գծով ճամբորդելու երկրորդ պատճառ մըն ալ ունէինք. մեր անցագրերը կեդրոնական իշխանութեան կողմէ տրուած չէին, այլ զօր. Միշել Աունի, որ կը փորձէր իր իշխանութիւնը հաստատել: Նման անցագրով կրնայինք միայն Ճունիէն ճամբորդել:

Ներսիսեան վարժարան, Թիֆլիս, 1911

(2).- Անդին, Ներսիսեան վարժարանը, ի Թիֆլիս, որ կառուցուած էր Լազարեան ճեմարանէն ինը տարի ետք` 1824-ին, իսկ 1911-ին հիմնովին քանդուեցաւ ու փոխարինուեցաւ  նոր համալիրով մը` Ալեքսանդր Մանթաշեանի ծախսերով, իր ծաւալով կը գերազանցէր Լազարեանը (տեսնել պատկերը). 1924-ին ան բոլորովին իւրացուեցաւ վրացական կառավարութեան կողմէ:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (4 Մարտ 2021)

Յաջորդը

Երգի Մը Պատմութիւնը

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?