ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Կարեւոր է միայն ընդգծել, որ փետրուար 18-ը մի պատմական անհրաժեշտութիւն էր:
Փետրուար 18-ը անցաւ գնաց: Նա եղաւ մեր երկրի վիրաբուժը:
«Խորհրդային Հայաստան»
18 փետրուար 1922
Այնքան ատեն որ հայ ժողովուրդը կը շարունակէ իր գոյապայքարը` պահելու եւ պահպանելու իր տեսակը` ցեղային, քաղաքակրթական ու մշակութային տարբեր առումներով, նոյնքան պարտաւոր է մտածել նաեւ պետական համակարգի առաւել ամրապնդման ու քաղաքական մշակոյթի ձեւաւորման մասին:
Կրնայ առարկուիլ, որ հայոց պետականութիւնը արդէն 30-ամեայ իր գոյերթով ու փորձառութեամբ կը գտնուի ինքնահաստատման ու ինքնակատարելագործման ճանապարհին, կ՛ապրի ու կ՛արարէ, կը ճգնի ու կը ձգտի լաւագոյնին, որպէսզի կարենայ իր քաղաքական անկախութիւնն ու գերիշխան ապրելու իրաւունքը ամրագրել:
Ուրեմն, ինչո՛ւ ամէն քայլափոխի ու պատեհ առիթի տարբեր հոսանքներ թէ քաղաքական խմբաւորումներ, կուսակցութիւններ թէ միաւորումներ լոյսին կը բերեն արդի հայոց պատմութենէն դրուագներ, դիպաշարեր ու պատահարներ, որոնք, ըստ էութեան, կը պատկանին հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան, խորապէս կ՛առնչուին ազգային ըմբռնումներուն, համոզումներուն եւ երազանքին:
Աւելի՛ն. անոնք` վերոնշեալները, որոնց կարգին է մեր կուսակցութիւնը` ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իբրեւ առաջամարտիկի ու ազգային կենարար ուժի աղբիւր արդէն 100 տարիէ եւ անընդմէջ սերունդներու յիշողութեան եւ ուշադրութեան կը յանձնէ, այս պարագային, Փետրուարեան ապստամբութեան դերը, արժէքն ու պատմական նշանակութիւնը:
Փաստօրէն, դաշնակցական պատմագրութիւնը լիարժէքօրէն ներկայացուցած է այս եզակի ապստամբութեան ամբողջական իմաստը, վերլուծած ու հաստատագրած է անոր քաղաքական ու գաղափարական նշանակութիւնը, ընդունած ու պաշտպանած է զայն իբրեւ ազգային արժեհամակարգ` մտածումի, կեցուածքի, նախաձեռնութեան ոգիի, կամքի ու բռնատիրութեան դէմ կանգնելու համաժողովրդային համոզումի:
Առանձնապէս, Փետրուարեան ապստամբութեան 100-ամեակը կը նշենք ու պիտի շարունակենք յիշատակել այնքան ատեն որ այս քաղաքական-յեղափոխական աքթը ամբողջական գնահատանքի, համահայկական քննարկումի եւ անաչառ վերլուծութեան չէ արժանացած:
Ճիշդ է, որ վերանկախացած հայոց պետականութեան երկնակամարին տակ բազում երեւոյթներ ու պատմական ճշմարտութիւններ լոյսին եկան ու ըստ էութեան արժեւորուեցան, այդուհանդերձ, սպասողն ենք, որ հայրենի պատմագէտներ ու քաղաքական գործիչներ ցոյց տան առաւել յանդգնութիւն եւ պատմաբանի կոչում, եւ միանգամընդմիշտ հաստատագրեն այս ապստամբութեան անառարկելի դերն ու կարեւորութիւնը հայոց հաւաքական յիշողութեան մէջ:
Վերստին կը շեշտենք վերոնշեալ աշխատանքին հրամայական պահանջը` պարզ այն բացատրութեամբ, որ տակաւին գոյութիւն ունին, կան, մտքի թէ գրիչի տէր մարդիկ, որոնք իրենց կարճատեսութեամբ թէ այլամերժութեամբ կը շարունակեն ամէն առիթի ստորագնահատել եւ աղաւաղել ապստամբութեան արժէքը:
Յայտնենք, որ այս գրութիւնը մտադրութիւն չունի անցեալի ամուլ վէճերը վերաբորբոքելու կամ քրքրելու, որովհետեւ, ինչպէս նշեցինք, հայ պատմագրութիւնը պարտաւոր է լոյսին բերել եւ միանգամընդմիշտ վաւերագրել հայոց արդի պատմութեան պատկանող բոլոր փուլերն ու անցուդարձերը, յանուն ճշմարտութեան եւ սերունդներու դաստիարակութեան:
Փաստօրէն, ժամանակներու փոփոխութեան հետ հարկ է յեղաշրջել նաեւ հին ու բորբոսած մտայնութիւնը, որ, իր կարգին, աւերներ կը գործէ նորահաս սերունդի հոգեմտային աշխարհին մէջ:
Այո՛, 100 տարիէ մենք կը յիշատակենք այս սխրալի աքթը, որովհետեւ անիկա հայ ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութեան, կամքին, ուժին ու կեցուածքին արտայայտութիւնն է, որ տեղի ունեցած է 18 փետրուար 1921-ին:
Ու դեռ պիտի շարունակենք, թէկուզ եւ առանձնաբար, ճշմարտութիւնը ըսել եւ ներկայի իրական կեանքին ագուցել ամէն նուիրական արժէք, որ կ՛առնչուի ե՛ւ անցեալին, ե՛ւ ապագային: Որովհետեւ, ի՛նչ որ տեղի ունեցան փետրուարեան օրերուն, «եղբայրասպան կռիւներ» չէին, այլ պարտադրուած մարտեր էին` ընդդէմ պոլշեւիզմի դրօշ ծածանած ոճրագործներու, որոնք աւերներ կը գործէին Երեւանի ու շրջակայ գիւղերու մէջ:
Աւելի՛ն. ապստամբութիւնը ժողովրդային տարերային պոռթկում մըն էր ընդդէմ պոլշեւիկեան ահաւոր կոտորածի ու թալանի: Կոտորած, որ ուղղուած էր հայ մտաւորական դասին, ազգային ու պետական գործիչին ու ֆետայիին դէմ, որոնց յանցանքը ազատութեան դրօշն ու քաղաքական անկախութիւնը բարձր պահելն էր, ազգային արժանապատուութեան տիրութիւնն ընելն էր:
Օրին, «Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէ»-ն, լրջօրէն գնահատելէ ետք ստեղծուած կացութիւնը, առանց վարանումի եւ ժողովրդական պահանջին ընթացք տալով, անցաւ ըմբոստութեան գլուխը եւ ղեկավարեց ժողովրդական շարժումը:
Համայնավար կարգերու հաստատումը պիտի կատարուէր խաղաղ պայմաններու տակ ու առանց արիւնահեղութեան: Դրօ-Լքրան համաձայնութիւնը (2 դեկտեմբեր) այդ կ՛ընդգծէր: Իշխանութեան փոխանցումը պիտի կատարուէր առանց կռուի ու թալանի: Սակայն կը պատահէր ահռելին: Արդէն Երեւանի բանտերը կը նետուէին հայ ազգի պանծալի ներկայացուցիչներ` Համօ Օհանջանեան, Նիկոլ Աղբալեան, Լեւոն Շանթ եւ շատ ուրիշներ: Աւելին. պոլշեւիկ-համայնավարներու ձեռամբ կացինահար կը սպաննուէին հայ ազգի ընտիր յեղափոխականներ, որոնք արիւնարբու թուրքին դէմ մարտնչած էին մայիսեան ճակատամարտերուն եւ հայոց փառքը հիւսած:
Ու կը պատահէր անխուսափելին: Հայ գիւղացին զէնք կը բարձրացնէր եւ կ՛իջնէր մարտի դաշտ, այս անգամ հիւսիսէն եկած թշնամիին դէմ, որ կը միտէր նոր բռնատիրութեամբ ծունկի բերել հայութիւնը: Կասեաններ, Միասնիկեաններ եւ այլք չէին կրցած ըստ էութեան ըմբռնել կարմիր բանակի թէ համայնավար կարգի դաժան ու անմարդկային պահուածքը, աւելի՛ն. սին երազներով պարուրած էին իրենց մտքերն ու հոգիները:
Ճիշդ է, որ ապստամբութիւնը կը պայթէր հայութեան ծոցէն ու նպատակ ունէր կասեցնել արիւնահեղութիւնը, կացինահարումն ու թալանը, այդուհանդերձ, անոր չէր վիճակուած, ներքին ու արտաքին թշնամի ուժերու գերակայութեան պատճառով տոկալ աւելի քան մէկուկէս ամիս: 2 ապրիլէն ետք կը սկսէր նահանջը դէպի հարաւ, իսկ հայ մտաւորականութիւնը, զինուորական կազմեր թէ հոծ թիւ մը հայութեան, պարտադրաբար կը լքէին իրենց հայրենիքը եւ կ՛անցնէին Պարսկաստան:
Այսօր Արարատ աշխարհի երկնակամարը ամպոտած է եւ կ՛ապրի իր ամէնէն դաժան օրերը: Արցախեան պատերազմէն ետք նիկոլական թշուառութիւնը փաստեց իր դաւաճանական արարքը` ամբողջական անձնատուութեամբ:
Հայոց ժողովրդական շարժումը 9 նոյեմբեր 2020-էն ի վեր կը շարունակէ խաղաղ ցոյցեր կազմակերպել եւ իշխանութեան պարտադրել հեռացում: Շատ անգամ կը հնչեն ապստամբութեան կոչեր, դաւադիր իշխանական համակարգը արմատախիլ ընելու եւ արագ ձերբազատելու հայակործան մարդոցմէ:
Այս անգամ Հայրենիքի փրկութեան շարժումը իր ուսերուն շալակած է ամբողջ ժողովուրդի մը պոռթկումին ու ցասումին ալիքները եւ կը շարունակէ ազատութեան ու անկախութեան դրօշը բարձր պահել: Կարծես` փետրուարեան ապստամբութեան ոգին է զարթնած, 100-ամեակ մը ետք: