Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռազմիկ Գրիգորեան նշանակուեցաւ Հաւաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ: Իսկ Արմէն Սանամեան նշանակուեցաւ անոր օգնական:
Ռազմիկ Գրիգորեան, որ անցեալին եղած է Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արթուր Պետրոսեանի օգնականը, եղած է նաեւ` Արարատ-Արմենիայի, Լոռիի, Դիլիջանի եւ Արարատ-2-ի գլխաւոր մարզիչ:
Նշենք, որ ան իբրեւ ֆութպոլիստ մաս կազմած է ազգային հաւաքականին: