«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ (արեւմտեան շրջան) արձանագրեց տարեշրջանի իր 5-րդ յաղթանակը (4 պարտութիւններու կողքին), երբ 115-105 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Լոս Անճելըս Քլիփըրզին:
Յաղթական կազմէն 38 կէտ նշանակեց Սթեֆըն Քարի (ներառեալ` 9 թրի փոյնթ): Այսպիսով, 32 տարեկան Քարի հանդիսացաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան առաջին պասքեթպոլիստը, որ 50-րդ մրցումն ըլլալով կը նշանակէ 8 եւ աւելի թրի փոյնթ:
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն 38 կէտ նշանակեց նաեւ Տեմար Տէրոզան, երբ անոր կազմը` Սան Անթոնիօ Սփըրզ, 125-122 արդիւնքով յաղթեց Մինեսոթթա Վուլվզին (երկարաձգումէն ետք):
Ուաշինկթընի մէջ, Ուիզըրտծ կրեց 128-124 արդիւնքով պարտութիւն մը իր հիւրէն` Մայեմի Հիթէն: Ուիզըրտծ ցարդ ամէնէն շատ (8) պարտութիւն կրած խումբն է:
Ցարդ ամէնէն շատ (7) յաղթանակները արձանագրած են` Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ, Պոսթըն Սելթիքս (Արեւելեան շրջան), Ֆէոնիքս Սանզ եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ (Արեւմտեան շրջան):