Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Ծննդեան Տօնը Ս. Նշան Եկեղեցւոյ Մէջ

January 9, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով 6 յունուար 2021-ին Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր ս. պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ օրուան պատգամը յղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:

Իր քարոզին սկիզբը սրբազանը պատմական ակնարկ մը նետեց շուրջ 20 դար առաջ տեղի ունեցած Քրիստոսի ծննդեան, թէ ինչպէ՛ս մոգերը իմանալով Անոր ծնունդը` եկան երկրպագելու Իրեն եւ նշմարեցին ու ճանչցան, որ Աստուած տնօրինում կը կատարէ աշխարհին եւ մարդկութեան համար: Սրբազանը փափաք յայտնեց, որ երանի մարդկութիւնը եւս զայն ճանչնար, ողջունէր զայն իր սիրտէն ու հոգիէն ներս, յատկապէս` ներկայ կեանքի դժուարին եւ անստոյգ պայմաններուն մէջ, երբ բոլորին միտքն ու հոգին ծանրաբեռնուած է աշխարհի մտահոգութիւններով ու հարցերով, որոնք թոյլ չեն տար, որ աստուածային լոյսը թափանցէ իրենց աշխարհէն ներս, լուսաւորէ իրենց սրտերը` հոն հաստատելով նոր կորով, որպէսզի անխափան կերպով, հաստատ հաւատքով ու կամքով շարունակեն իրենց երթը: Սրբազանը յորդորեց ներկաները` հաւատքով ընդունելու Աստուծոյ կողմէ մարդկութեան համար աշխարհ ղրկուած Փրկիչը, որպէսզի մեր կեանքի դժուարին օրերուն Ան յայտնէ Աստուծոյ կամքը եւ մեզ ի ցոյց տայ այն ճանապարհը, ուրկէ պիտի քալենք: «Աստուած որոշեց մարդոց հետ հանդիպիլ այս աշխարհէն ներս, երկրաւոր այս պայմաններուն մէջ, որպէսզի մարդոց ցոյց տայ դէպի երկինք բարձրանալու ճանապարհը», ըսաւ սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ մենք կը նշենք Աստուծոյ եւ մարդկութեան հանդիպման այս գեղեցիկ դէպքը:

Շարունակելով իր խօսքը` սրբազանը նկատել տուաւ, որ արտասովոր եւ դժուարին պայմաններու մէջ փակեցինք 2020 թուականը, բայց Նոր տարուան սեմին բոլորս ալ կ՛անդրադառնանք, որ աշխարհի տագնապները մեր առօրեայէն ներս կը շարունակուին ու կը սաստկանան, եւ այս բոլորին դիմաց մենք արիաբար պէտք է տոկանք` իբրեւ անհատներ, իբրեւ հաւաքականութիւն, եկեղեցի, դպրոցներ, ազգային կառոյցներ, համայնքային տուներ եւ շարունակենք մեր երթը, որպէսզի պատիւ ընծայենք մեր գոյութեամբ Աստուծոյ եւ օգնենք մեր ժողովուրդին, որ այս օրերուն կարիքը ունի երկինքէն ցոլացող լոյսին, որ վերականգնէ իր կամքը եւ արցախեան վերջին դէպքերուն պատճառով իր վիրաւորուած արժանապատուութիւնը:

«Եկէք` փակենք մեր աչքերը եւ տեսնենք Աստուծոյ կողմէ մեզի եկող լուսաւոր պայմաններուն մէջ մեզի յայտնուող մեր Փրկիչը, որպէսզի Իրմով ճառագայթող լոյսը նաեւ յոյս բերէ մեր գոյութեան ու մեր համայնական կեանքին», շեշտեց սրբազանը եւ յորդորեց ներկաները` աղօթելու Աստուծոյ` խնդրելով Իրմէ, որ ամէն մարդ, հաւաքականութիւն եւ աշխարհի բոլոր անկիւնները ողողուին երկնային լոյսով, եւ վերջ գտնէ մեր ապրած տագնապը, որպէսզի բարերար եւ բնական պայմաններու մէջ` որպէս իրեն հաւատարիմ հետեւորդ, մեր կեանքի ընթացքով Զինք փառաւորենք` Իր կամքը գործադրելու երկրի վրայ:

Սրբազանը նկատել տուաւ, որ Ս. Ծննդեան առիթով պէտք է յիշենք, որ Աստուած մեր մէջ կը յայտնուի, որպէսզի մեր հայեացքները ուղղենք դէպի մեր ընկերութեան մէջ գտնուող կարիքաւորները, անկարները, որոնք մարդկային մեր աջակցութեամբ կրնան տոկալ, նաեւ` որպէսզի անոնք  տօնական այս մթնոլորտին մէջ լիօրէն վայելեն Աստուծոյ սէրն ու գուրգուրանքը, որ աշխարհէն ներս կը տարածուի մարդկային մեր ճիգերով ու ջանքերով: «Թող Աստուած զօրացնէ մեզ մեր բնակարաններէն, մեր ընտանիքներէն, մեր եկեղեցիներէն, մեր բոլոր կառոյցներէն ներս եւ առիթ ընծայէ, որ տօնական ուրախ պայմաններու մէջ եւս Զինք փառաւորենք»,  եզրափակեց սրբազան հայրը:

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ ջրօրհնէք:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Այցելութիւնը Մարոնի Պատրիարքի Ներկայացուցիչին

Յաջորդը

ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի Ցաւակցագիրը` Գառնիկ Մկրտիչեանի Մահուան Առիթով

RelatedPosts

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հայրապետական  Պատարագով Նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի  Ծննդեան Ու Աստուածայայտնութեան Տօնը
Գաղութային

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հայրապետական Պատարագով Նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան Ու Աստուածայայտնութեան Տօնը

January 9, 2026
Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան  Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ Եւ Շնորհաւորական  Ընդունելութիւններ
Գաղութային

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ Եւ Շնորհաւորական Ընդունելութիւններ

January 9, 2026
Յիշատակի Ձեռնարկ Եւ Յուշաքարի Քողազերծում` Նուիրուած ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէութեան Նահատակներուն
Գաղութային

Յիշատակի Ձեռնարկ Եւ Յուշաքարի Քողազերծում` Նուիրուած ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէութեան Նահատակներուն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.