Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ գերմանական Հոֆընհայմի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան ապաքինեցաւ «Քորոնա» Ժահրէն, այս մասին յայտնեց անոր ակումբը:
Գերմանական խումբը նշեց, որ ան արդէն իսկ սկսած է իր սովորական փորձերուն` իր խմբակիցներուն հետ:
Նշենք, որ Ադամեան վերոնշեալ ժահրով վարակուած էր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ եղած միջոցին:
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 12-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Ադամեանի կազմը այսօր կը հիւրընկալէ Լայփցիկը: