Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը. Կը Միանանք ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի Փրկութեան Ճանապարհային Քարտէսին

November 19, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոյեմբեր 9-ին հրապարակուած Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութեան վրայէն անցած է արդէն շաբաթ մը, ու անոր առթած ցնցումն ու յաջորդող իրավիճակը օրէ օր կը դառնան աւելի ու աւելի ծանր ու պայթիւնավտանգ: Այս ամօթալի համաձայնագիրը ամէնէն մութ ու նուաստացուցիչ էջերէն մին պիտի մնայ մեր պատմութեան մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը անցնող տասնամեակներու մեր յաղթական երթը գրչի մէկ հարուածով յանձնեց անձնատուութեան փոսին:

Այս համաձայնագրին յաջորդող արդարացի ընդվզումի եւ դատապարտումի ալիքը տարածուած է ողջ հայաշխարհին մէջ: Մանաւանդ հայրենիքի մէջ, այդ ալիքը, թափ հաւաքելով կը պահանջէ Փաշինեանի եւ իր վարչախումբի հրաժարականը, համաձայնական ու անցումային կառավարութեան մը կազմութիւնը եւ, վերջապէս, այդ կառավարութեան նախաձեռնութեամբ` նոր խորհրդարանական ընտրութիւններ, որպէսզի միասնական ճիգերով ճշդուին յետպատերազմեան ճգնաժամէն դուրս գալու ելքերը:

Այսու կու գանք յայտարարելու, որ կը միանանք այս ալիքին ու մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչին բերնով յայտարարուած փրկութեան ճանապարհային քարտէսին: Առաւել եւս, կոչ կ՛ուղղենք ներկայ վարչակարգին` միանգամընդմիշտ դադրեցնելու ինքնարդարացման զուր փորձերը, իր ձեռագիրը հանդիսացող` ատելութեան ու պառակտման խօսքի տարածումը, որպէսզի երկիրը զերծ պահուի քաղաքացիական պատերազմի առաջնորդող նեղ-կուսակցական սադրանքներէ: Այս փուլին կուսակցական որեւէ նկատառումէ գերիվեր է Արցախի փրկութեան պայքարը: Հայրենիքի ճակատագի՛րն է նժարի վրայ:

Ամբողջատիրական վարչակարգ հաստատելու նկրտումները մերժելի՛ են ու պիտի մատնուին ձախողութեան: Անցնցում հեռացումը այս վարչախումբին` միակ ճամբան է պատուով դուրս գալու այս ստորնազգած իրավիճակէն:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ նաեւ այս օրերուն բողոքի հանրահաւաքներու ընթացքին ընդդիմութեան ղեկավարութեանց դէմ շղթայազերծուած հալածանքները եւ կը պահանջէ, որ յարգուին ժողովրդավարութեան տարրական օրէնքներն ու սկզբունքները: Կը դատապարտե՛նք նաեւ ժողովուրդին ազատ կամքն ու ազատ արտայայտութեան իրաւունքը ճնշելու բոլոր կեղծ փորձերը: Ամբողջատիրական վարչակարգ հաստատելու նկրտումները մերժելի՛ են ու պիտի մատնուին ձախողութեան:

Պատերազմի սկիզբի օրերէն իսկ, չափակշռելով կացութեան օրհասական վիճակը, ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէն առաջնորդուեցաւ քանատահայութեան բոլոր ուժերը ի մի բերելու սկզբունքայնութեամբ ու համագործակցութեան ձեռք երկարեց բոլորին: Առաւել եւս` ընդհանուր զօրաշարժի ենթարկեց իր Հայ դատի յանձնախումբերը, կոմիտէները, երիտասարդական, ուսանողական եւ ուղեկից միութիւնները:

Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբերը 44 օր անդադար Քանատայի պետական տարբեր օղակներու մօտ բարձրացուցին հատո՛ւ բողոքի ձայն ու իրազեկ պահեցին զանոնք գետնի վրայ հանգուցազերծուող իրադարձութիւններուն մասին: Այս արշաւն էր, օրինակ, որ Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մղեց, որպէսզի առկախուին քանատական զինուորական սարքերու օգտագործումը Արցախի պատերազմին:

Միւս կողմէ, ՀՅԴ Քանատայի կառոյցի երիտասարդ սերունդը, ձեռք ձեռքի տուած քանատահայ համայն երիտասարդութեան հետ, ամբողջ 44 օր բողոքի հանրահաւաքներով ու ցոյցերով իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախին ու հայ զինուորին: Առաւել`, ՀՅԴ ուղեկից կազմակերպութիւնները տիւ եւ գիշեր աշխատանքի լծուած` աջակցեցան Արցախին: Քանատայի տարածքին համաժողովրդային զօրաշարժով միահամուռ լծուեցան Արցախի ի նպաստ համաքանատական նուիրահաւաքի:

Հակառակ այս բոլորին` այս պահուս դէմ յանդիման ենք դառն անձնատուութեան փաստաթուղթի մը: Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները կը կրեն ամբողջական պատասխանատուութիւնը այս սահմռկեցուցիչ պարտուողական քաղաքական վարքագծին եւ պատմութեան դիմաց պիտի մնան` այդ խարանը կրելով իրենց ճակտին: Հայրենի հողատարածքներու յանձնման գործընթացը գոյութենական սպառնալիք ու աղէ՛տ է Հայաստանի ու Արցախի ազգային անվտանգութեան:

Այսօր կու գանք, մեր կարգին, մեր խորին վշտակցութիւնները յայտնելու մեր նահատակ հերոսներու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Քանատայի ամբողջ ընտանիքը, հաւաքաբար կը խոնարհի մեր հերոսներու սխրանքներուն ու գերագոյն զոհաբերութեան դիմաց ու կը յայտնէ, որ այս հանգրուանին եւս` վճռականօրէ՛ն կանգնած է հայոց բանակին եւ զինուորներուն կողքին` հայրենիքի պաշտպանութեան սրբազան գործին ի խնդիր: Մենք պատրաստ ենք այս հեռաւոր ափերէն, հայ ժողովուրդին սպառնացող թշնամական բռնարարքներուն ու ոտնձգութիւններուն դիմաց` ամէն գնով սատար ու նեցուկ հանդիսանալու հայրենիքին:

ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէն Քանատայի տարածքին գործող իր բոլոր կառոյցներով, իր ողջ կարողականութեամբ եւ ներուժով պիտի շարունակէ գործօն մէկ օղակը ըլլալ Արցախի համար մղուող ազատագրական յարատեւ պայքարին:

ՀՅԴ ՔԱՆԱՏԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Ամերիկեան Ռազմավարութիւնը, Հարաւային Կովկասը, Հայաստանը, Արցախը Եւ Ռուսիան

Յաջորդը

Ակնարկ. Հայաստան Եւ Արցախ` Յետ Նիկոլ Եւ Արայիկ Փուլի Սեմին

RelatedPosts

«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…
Անդրադարձ

«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…

October 14, 2026
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ Եւ Մեծաւոր Զմմառու Մայրավանքի` Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան Արժանացաւ Սաւոյաց Արքայական Տան «Հոգեւոր Սպայ»-ի Բարձր Կոչումին
Անդրադարձ

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ Եւ Մեծաւոր Զմմառու Մայրավանքի` Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան Արժանացաւ Սաւոյաց Արքայական Տան «Հոգեւոր Սպայ»-ի Բարձր Կոչումին

October 14, 2026
Ապրուած Օրեր. Ը.  Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Ը. Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.