«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» (Ինքնաշարժներու եւ զբօսաշրջութեան լիբանանեան ակումբը) հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` իր կազմակերպած եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հովանաւորութիւնը վայելող Լիբանանի 43-րդ միջազգային ռելիին առնչուող: Հաղորդագրութեան մէջ յատկապէս կը նշուի, որ լրագրողները պարտաւոր են պահպանելու առողջապահական բոլոր միջոցառումները: Լրագրողներն ու նկարահանողները պէտք չէ մտնեն ռելիի ինքնաշարժներու Ժիպէյլի նորոգութեան վայրը: Ռելին տեղի պիտի ունենայ 13, 14 եւ 15 նոյեմբերին: Ընդհանուր երկարութիւնը պիտի ըլլայ 480,39 քմ, որմէ 192,30 քմ-ը արագութեան 10 յատուկ փուլերու երկարութիւնն է, որմէ մէկը ցուցադրողական փուլ է: