Իսլանտայի ֆութպոլի ախոյեանութիւնն ու բաժակի մրցաշարքը աւարտեցան ժամանակէն առաջ: Այս մասին յայտնեց Իսլանտայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը` նախորդ շաբաթավերջին:
Ասոր պատճառը «Քորոնա» ժահրն է:
Իսլանտայի ախոյեանութեան 22 հանգրուանի մրցումներէն միայն 18-ը կատարուեցաւ: 44 կէտ ապահովելով, Վալուր հռչակուեցաւ երկրին ախոյեան եւ իրաւունք ստացաւ յառաջիկայ տարեշրջանին իր մասնակցութիւնը բերելու «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի զտումի մրցաշարքին:
Երկրորդ դիրքը գրաւած Հաֆնարֆճորտուր (36 կէտ) եւ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուցած Պրէյտապլիք (31 կէտ) յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի մասնակցին «Եւրոպայի-Լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին: