ՐԱՖՖԻ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Վարանգաթաղի բարձունքը սրբացաւ,
ձեր սուրբ կարմիրով մկրտուեցաւ,
վերջին շունչերնիդ արտաբերելով՝
Հայն իր փառքին տիրացա՛ւ:
Համբարձա՛ք, դուք չընկաք,
որպէս յաղթանակի նախերգակ,
հովիտներու քամիներուն հետ՝
թէժ պայքարէն ետք՝ բարձրացաք:
Վարանգաթաղի արծիւներու երամ,
սէգ բարձունքէն՝ Վասպուրական,
չէք ննջեր, միշտ կը տքնիք արթո՛ւն,
հաւատարիմ պահակներ դիւցազներուն:
Ձեր անունները յաւերժ, աղօթք որպէս՝
սերունդներ կ’արտասանեն այնպէս`
ինչպէս սուրբերուն միջնորդութեան,
դուք՝ առաքինի ընծաներ հայութեան:
Թորոնթօ, Քանատա
2020