Արցախի հայ ժողովուրդը Սեպտեմբեր 27-ն սկսաւ Թուրքիոյ աջակցութեամբ Ազրպէյճանի կողմէ կատարած հռթիրակոծումներով։ Իրավիճակը արտակարգ էր եւ կը պահանջէր դիմել արտակարգ քայլերու դիմակայելու համար զոյգ թշնամիներու հարուածը և այս անգամ ընդմիշտ քայքայելու թշնամիյին ցեղասպանութեան ծրագիրը։ Հաշուած ժամերու ընթացքին հայ ժողովրդը իր ամբողջ խաւերով՝ թէ՛ հայրենիքի, եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ դարձաւ մեկ բռունցք։ Իւրաքանչիւր հայ և իւրաքանչիւր կառոյց իր կարողութեան սահմաններու մէջ սկսաւ սատարել Հայոց բանակին։
Միւնիխի հայ համայնքը համագործակցութեամբ Գերմանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին հետ իր պարտքը մատուցեց Հայոց բանակին’ խաղաղ ցոյց կազմապերպելով Միւնիխի կեդրոնական հրապարկներէն Օտէօնսբլացի մէջ դատապարտելու համար Ազրպէյճանի անմարդկային յարձակումները և միջազգային հանրութեան ուշադրութեան յանձնելու ճշմարտութիւնը։
Ցոյցը սկսաւ Գերմանիոյ Թեմի առաջնորդ Տէր Սերովբէ Եպիսկոպոս Իսախանեանի խօսքով, որ ընթերցուեցաւ համայնքի հոգեւոր հովիւ Տէր Այգիկ քահանայ Յովհաննէսեանի կողմէ։ Ցոյցին մասնակցեցան տարբեր հայկական միութիւններ, յունական համայնքի ներկայացուցիչներ եւ հարիւրաւոր հայրենակիցներ։ Ներկայացուցիչները հայերէն եւ գերմամերէն լեզուներով հանդէս եկան ներկայացնելու տիրող իրավիճակը։
Գերմանիոյ Հայ դատի յանձնախումբի խօսքը փոխանցեց Շանթ Գրիգորեանը։ իր կոչին մէջ Գրիգորեանը փոխանցեց Հայ դատի յանձնախումբի մտահոգութիւնը թէ թուրք-ազրպէյճանական համագործակցութեան և թէ գերմանական կառավարության այս առումով որդեգրած անտարբեր կեցուածքին առնչութեամբ։ Ան իր խօսքին մէջ նաեւ հակիրճ ձեւով ներկայացուց թէ ինչպէս 1921-ին Ժոզեֆ Ստալին Արցախի տարածքը մատուցեց Ազրպէյճանին։
Յանձնախումբը կոչ ուղղեց երկրի վարչապետ Տիկին Անկելա Մէրքլին եւ գերմանական կառավարութեան անյապաղ զինադադարի հրաւիրել Ազրպէյճանը զգուշացնելով հայերու դէմ գործուելիք երկրորդ Ցեղասպանութեան վտանգէն։ Իր խօսքի աւարտին Եղբայր Շանթ Գրիգորեանը Տիկին Մէրքելին հրաւիրեց կատարել իր պատմական պատասխանատուութիւնը հայերու նկատմամբ։