Շատ յաճախ մեր շրջանակին մէջ կը լսենք, թէ այս կամ այն մանուկը ծնած է սահմանափակ կարողութիւններով, ինչպէս նաեւ կը լսենք այլ փոքրիկներու մասին, որոնք իրենց դպրոցական կեանքին մէջ որոշ նիւթերու մէջ տկարութիւններ կը ցուցաբերեն: Եւ այսպէս, մեծ թիւով ծնողներ կ՛որոշեն իրենց զաւակները դպրոց չղրկել` պատճառաբանելով անոնց ուղեղային կամ ֆիզիքական տկարութիւնը: Պարզ բառերով անոնք կ՛ըսեն . «Դպրոցը իր տեղը չէ՛» :
Չէ՜, այս մանուկը տկար չէ, պարզապէս անհրաժեշտ է, որ անոր դաստիարակութիւնը տրուի տարբեր մօտեցումով` իբրեւ յատուկ անհատ, առանց բաղդատութիւններ դնելու իր եւ միւս երեխաներուն միջեւ:
Երբ ամբողջացուցի համալսարանական առաջին տարեշրջանս` կատարելով մօտաւորապէս 4 մարզումներ (stages) զանազան հաստատութիւններու մէջ, տարբեր տեսակի ու տարիքի խումբերու հետ` ըմբռնելով իրենց դժուարութիւնները, շատ քաջալերուած էի աւելի խոր գիտութիւններ ունենալու: Բայց եւ այնպէս մտքիս մէջ նաեւ այլ բան ծագեցաւ: Արդարեւ, դիտելով եւ հետապնդելով արաբական օտար հաստատութիւններուն ու վարժարաններուն մօտեցումը, թէ ինչպէ՛ս կարեւորութիւն կու տան դժուարութիւն ունեցող մանուկներու ուսման, պահ մը` իբրեւ լիբանանահայ երիտասարդ, մտածեցի, թէ ինչո՛ւ մենք ալ, մեր կարգին, բոլոր հայկական վարժարաններուն մէջ անխտիր չտանք այս կարեւոր ցուցմունքները: Ճիշդ է, որ արդէն կարգ մը հայկական վարժարաններ կը գործակցին համապատասխան մասնագէտներու հետ, բայց աշխատանք պէտք է տարուի նաեւ ծնողներուն մօտ, որպէսզի անոնք դպրոցէ չզրկեն ու չմեկուսացնեն իրենց յատուկ կարիքներ ունեցող զաւակները:
Ծնողքն ու ուսուցչական կազմը լաւապէս պէտք է գիտակցի հոգեշարժունակութեան (psychomotricitռ) կարեւորութեան, որովհետեւ անիկա կրնայ օգնել, ուղղել, հետեւիլ, ուսումնասիրել, վերադաստիարակել սորվելու դժուարութիւն ունեցող աշակերտները, որպէսզի անոնք կարենան շրջանցել իրենց հոգեկան, ֆիզիքական, ուսումնական դժուարութիւնները եւ կատարել այնպիսի արարքներ, որոնք մեզի համար շատ պարզ կը թուին, սակայն իրենց համար բաւական բարդ եւ շատ անգամ անկարելի են:
Այս բոլորը ինծի համար մտահոգութիւն դարձաւ, տարուելիք կարեւոր աշխատանք մը, որովհետեւ այսօրուան հայ մանուկը վաղուան հայ ղեկավարն է: Հայ մանուկը հայ ազգին գանձն է, իսկ անոր կարողութիւններուն եւ պայմաններուն յարիր դաստիարակութեան մը ապահովումը մեր պարտականութիւնն է:
Սիրելի՛ ընթերցողներ, ի մասնաւորին` ծնողնե՛ր, երբե՛ք չյուսահատիք, եթէ ձեր զաւակը որոշ դժուարութիւններ կ’ունենայ սորվելու ընթացքին: Հարկ է, որ գիտնանք, թէ երբ ան հետեւի յատուկ` իրեն համար մշակուած դաստիարակութեան, ուսումնասիրուած դասապահերու, անպայման անոր դժուարութիւնները պիտի նուազին, եւ ան իր տեղը պիտի գտնէ ընկերութեան մէջ:
Հոգեշարժունակութեան մասնագէտը մօտէն կը հետեւի զանազան տարիքներու մանուկներու աճման: Ան վարժարաններուն մէջ կը վերադաստիարակէ գրելու, կեդրոնանալու եւ զգուշացումի ընթացքին մարմնի պատկերն ու շարժիչի մեծ ու փոքր հմտութիւնները, որոնք կրնան յաճախ պատճառ դառնալ փոքրիկին ուսման կարողութիւններու անդամալուծան:
Դժուարութիւն ներկայացնող մանուկը պէտք չէ քննադատուի իր անկարողութիւններուն համար, այլ պարզապէս պէտք է գնահատուի իր կարողութեան եւ յառաջդիմութեան կամքին համեմատ` անպայման ծնողքին, մասնագէտներուն եւ շրջապատին օգնութեամբ եւ անոնց մնայուն նեցուկով: