
Արզու Կէյպուլայեւա, 28 տարեկան ազրպէյճանցի քաղաքացի մը, գիտցաւ, որ իր պլոկը սկսաւ ժողովրդականութիւն շահիլ, երբ Ազրպէյճանի մէջ Իսրայէլի դեսպանը մօտեցաւ իրեն, ծանօթացուց ինքզինք եւ տուաւ խրատ մը:
«Շատ լաւ է,- ըսաւ պլոկին համար.- բայց ուշադիր պէտք է ըլլաս, թէ ի՛նչ կ՛ըսես»:
Կէյպուլայեւա իր պլոկի յօդուածներուն մէջ կը քննադատէ Ազրպէյճանի պետական համակարգը, որ Խորհրդային Միութեան նախկին անդամ է, 8,5 միլիոն բնակչութեամբ, Իրանի հիւսիսը գտնուող, Կասպից ծովուն կից:
Ազրպէյճան ունի ժողովրդավարականօրէն ընտրուած խորհրդարան եւ նախագահ, բայց Կէյպուլայեւա զայն կը կոչէ «կեղծ ժողովրդավարութիւն», որովհետեւ ընտրութիւնները ազատ եւ արդար չեն:
Իր պլոկը` «Թռչող գորգեր եւ կոտրած նաւթախողովակներ», շրջած է Արեւմուտքի դեսպանատուները եւ հսկուած` Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ:
Պլոկին մէջ ան իր ժողովուրդը կը կոչէ «ոչխարներու հօտ» եւ սուր կերպով քննադատած է իրեն գաղափարակից գործիչներու եւ պլոկի տէրերու ձերբակալումը: Իր յօդուածներուն պատճառով, ան կը տատամսի վերադառնալու իր բնիկ երկիրը: Աշխատելով Պոլսոյ մէջ` ան աւելի քան մէկ տարի է, որ չէ այցելած Ազրպէյճան:
Ան կը վախնայ, որ եթէ վերադառնայ, ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ պիտի ձերբակալուի եւ հաւանաբար բանտարկուի:
Ան մտահոգ է երկրին տնտեսական վիճակին համար, ուր գործաւորին օրինական ամսականը 100 ամ. տոլարէն քիչ մը աւելի է, իսկ մարդկային իրաւունքները անտեսուած են:
Արտայայտութեան ազատութիւնը բան մը չէ, որ իրենք կը վայելեն, ըսաւ ան: Դաժան եւ խիստ հալածանքներու կ՛ենթարկուին լրագրողները, եւ այս երեւոյթը ներկայիս տարածուած է` ընդգծելու պլոկի տէրերն ու երիտասարդ գործիչները:
Անցեալ ամիս Կէյպուլայեւա ամերիկեան Քանսաս նահանգի համալսարանին մէջ էր: Ան ունեցաւ իր լսարանը եւ շարունակեց զրոյցներ վարել շրջափակին մէջ գտնուող զանազան խումբերու հետ:
Ան ըսաւ, որ Արաբական գարունը ներշնչում է իր երկրին համար: «Մենք իրապէս փորձեցինք մեր անձնական «գարունը» ունենալ»:
Ան եւ ուրիշներ օգտագործեցին համացանցն ու ընկերային հաղորդակցութեան միջոցները` տարածելու մարտ 11-ի հաւաքի լուրը: Իր անունն ալ կար 7 կազմակերպիչներուն մէջ, բան մը, որ ինք չուզեց` վախնալով իր հարազատներուն վրայ անոր անդրադարձներէն:
Անոնք, որոնք գացին բողոքի վայր, կա՛մ ձերբակալուեցան, կա՛մ ալ մեծ թիւերով հրապարակ իջած բանակէն վախնալով` քաշուեցան:
Էրիք Հերոնը` Քանզաս համալսարանի քաղաքական գիտութեանց օգնական փրոֆեսէօր, Ազրպէյճանի մէջ ծանօթացաւ Կէյպուլայեւայի, մինչ կը հսկէին 2008-ի ընտրութիւններուն եւ ապա օգնեց անոր երթալու Քանզաս համալսարան:
Մինչ Կէյպուլայեւայի տարեկիցները մտահոգ են նորոյթ ինքնաշարժներով եւ սուղնոց բջիջային հեռաձայններով, ան նուիրուած է բարձր իտէալներու:
«Ան իր 28 տարիքին աւելի ըրած է, քան սովորական անձեր կը կատարեն իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին», ըսաւ Հերոն:
Հարցուցէք իրեն, որ ի՛նչ կ՛ուզէ ըսել ամերիկացիներուն, որոնք կ՛ապրին կեանք մը, ուր լուրերու կարեւորագոյն բաժինը ֆութպոլի մարզիչին մասին է: Պերճանքի ժամանակ տրամադրելու եւ մտահոգուելու, թէ ո՛վ պիտի մարզէ ֆութպոլի խումբը, անպայմանօրէն գէշ բան մը չէ, ըսաւ ան:
«Գնահատէ այն, ինչ որ ունիս», որովհետեւ «թերեւս ֆութպոլի մարզիչին մասին խօսիլը այն ազատութիւնն է, որ մենք չունինք», բացատրեց ան:
«ԷԼ ՎԸՐԼՏ»


