Հրդեհ` Ծիծեռնակաբերդի Շրջակայքը
Երէկ երեկոյեան Ծիծեռնակաբերդի կից տարածքին մէջ հսկայ հրդեհ մը բռնկեցաւ: Իսկոյն արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան հրշէջ-փրկարարներ հասան վայր եւ հակակշիռի տակ առին հրդեհը:
Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 20:58-ին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոնը ահազանգ ստացաւ, որ Երեւանի Մարզահամերգային համալիրի տարածքին մէջ կ՛այրի խոտածածկ տարածք: Շուրջ 120 փրկարար ծառայողներու ջանքերով կարելի եղաւ մարել կրակը:
Share This Article
CATEGORIES Հայկական