Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յովհաննէս Թումանեանի Հեքիաթները Արեւմտահայերէնով Կը Ներկայացուին Առցանց

April 13, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՐԵՒԱՆ․- Հայաստանի Յովհաննէս Թումանեանի անուան թանգարանը առցանց հարթակի վրայ սկսած է հեքիաթներ ներկայացնել նաեւ արեւմտահայերէնով։

Թանգարանը առցանց հարթակի վրայ բազմաթիւ ու բազմաբովանդակ ծրագիրը կ՛իրականացնէ այցելուներու հետ կապը չկորսցնելու նպատակով։ Թանգարանը կը փորձէ իր ուշադրութեան կեդրոնին պահել ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ Սփիւռքի մէջ բնակող հայրենակիցները։

«Սիրելի աշխարհասփիւռ հայեր` հայրեր, մայրեր, մեծ հայրեր ու մեծ մայրեր,

կ’ուզենք տեղեկացնել, որ այսուհետեւ ամէն շաբաթ օր դուք կրնաք միանալ մեր էջին եւ  ձեր պզտիկներուն առիթ ընծայել, որ արեւմտահայերէնով լսեն Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթները։ Արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէնի վերածումը կը պարտինք Թումանեանի մօտիկ ընկերոջ՝ Լեւոն Շանթին։

Պիտի խնդրենք ուշադիր ըլլալ եւ օգնել պզտիկներուն, որ հաճոյքով կատարեն հեքիաթասացին թելադրութիւնները։ Սիրով կը սպասենք ձեր արձագանգին», կը յայտնեն «Ընտիր հեքիաթներ արեւմտահայերէն» նախաձեռնութեան մասին թանգարանի աշխատակիցները ։

Թանգարանի «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջին «Արի ծանօթանանք» կրթական ծրագրի բաժինին մէջ նաեւ ներկայացուցած է Թումանեանի մասին պատմող շարժանկարի արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն տարբերակները:

Կայքէջին հասցէն է՝ www.facebook.com/AriTsanotananq։

Ինչպէս ամէն երկրի մէջ, Հայաստանի մէջ եւս «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու նպատակով՝ յետաձգուած կամ ջնջուած են բազմաթիւ զանգուածային ձեռնարկներ: Մշակութային հաստատութիւնները որոշ ժամանակով դադրեցուցած են իրենց գործունէութիւնը: Անոնցմէ շատերը կը փորձեն պահել կապը արուեստասէրներու հետ առցանց հարթակի վրայ:

 

Նախորդը

Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան․ «Քանի Այսօր Տակաւին Խօսուող Լեզու Է Արեւմտահայերէնը, Կը Նշանակէ Որ Տակաւին Անով Գրողներ Ալ Կան, Կարդացողներ Ալ»

Յաջորդը

ՀՅԴ «Քրիստափոր» Կոմիտէն Կը Հոգայ Հայորդիներուն Կարիքները

RelatedPosts

Իրմային Համար
Անդրադարձ

Իրմային Համար

October 22, 2026
Պատիւ Եւ Յարգանք Արժանաւորին.   Իրմային Յիշատակին
Անդրադարձ

Պատիւ Եւ Յարգանք Արժանաւորին. Իրմային Յիշատակին

October 22, 2026
Երկու Դիտարկումներ
Անդրադարձ

Երկու Դիտարկումներ

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.