Միջազգային մարզական մամուլը երէկ յայտնեց, որ եւրոպական ֆութպոլի երկու կարեւորագոյն` «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Եւրոպայի լիկա»-ի մրցաշարքերուն աւարտական մրցումները պիտի կատարուին յունիսին, եթէ «Քորոնա» ժահրին տարածումը սահմանափակուի:
Առաջինը տեղի պիտի ունենայ 24 յունիսին, Լեհաստանի Կրտանսք քաղաքին մէջ, մինչ երկրորդը 27 յունիսին` Պոլսոյ մէջ:



