Երէկ` երեքշաբթի, 17 մարտին, Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը որոշեց մինչեւ 10 ապրիլ դադրեցնել երկրին տարածքին տեղի ունեցող բոլոր ախոյեանութիւնները անխտիր:
Այս թուականը կրնայ երկարաձգուիլ, եթէ «Քորոնա» ժահրին տարածման սահմանափակման գծով յառաջխաղացք չարձանագրուի:
Բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանէն ետք, 50 կէտով պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ:



