Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեց` ջնջելու Իրանի դէմ «անմարդկային» պատժամիջոցները, մինչ երկիրը կը պայքարի նոր «Քորոնա» ժահրին դէմ` յայտնելով, որ այդ քայլերը «ուժեղ արգելք են» Թեհրանի` ժահրին դէմ ազդու պայքարին:
«Մայիս 2018¬էն ի վեր «Առաւելագոյն ճնշում» արշաւի ծիրին մէջ հաստատուած ամերիկեան ապօրինի միակողմանի պատժամիջոցները ուժեղ արգելք են ժահրին դէմ ազդու պայքարին դիմաց», նշեց նախարարութիւնը:
«Ատոր հետեւանքով արձանագրուած բազմաթիւ մահերուն պատճառը ո՛չ միայն ինքնին հիւանդութիւնն է, այլ նաեւ այն իրողութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներ դիտաւորեալ կերպով կ՛արգելակեն ժահրին դիմադրելը», աւելցուց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը:
«Միլիոնաւոր իրանցի քաղաքացիներ կտրուած են անհրաժեշտ բժշկական սարքերը գնելէ, որքան ալ Ուաշինկթըն փորձէ զայն այլափոխել: Միացեալ Նահանգներու անմարդկային քաղաքականութիւնը մեծ յուսախաբութիւն, ահազանգ եւ լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ», նշեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Նախարարութիւնը նաեւ Ուաշինկթընին կոչ ուղղեց` վերցնելու «Իրանի մէջ մարդկային իրաւունքները հարուածող» արգելակիչ քայլերը` աւելցնելով. «Համաշխարհային համաճարակը աշխարհաքաղաքական հաշիւներ մաքրելու ժամանակ չէ, մանաւանդ որ անոնք անհիմն են, Ուաշինկթընի մէջ արտադրուած` իր սեփական ախորժակներու բաւարարման նպատակով»:



