Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ, աշխարհի նախկին ախոյեան Ռոնալտինիօ կը շարունակէ մնալ բանտարկուած Ասունսիոնի մէջ (Փարակուէյ):
Երէկ` երկուշաբթի, 16 մարտին, անոր այցելեց Փարակուէյի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Նելսոն Քուեւաս:
Վերջինս անոր հետ հանդիպելէ ետք իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ. «Ան շատ տխուր վիճակի մէջ կը գտնուի: Յոյսով եմ, որ ան շուտով դուրս կու գայ բանտէն»:
Ըստ միջազգային մարզական մամուլին, ան շատ հաւանաբար կէս տարի բանտարկուած մնայ, մինչեւ հարցաքննութեան աւարտը: