Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման կոչ ուղղեց մտքի լեզուով խօսելու` Լիբանանը կենսաբանական, ընկերային եւ տնտեսական ժահրերէն պաշտպանելու համար:
Ան շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած լուրջ տագնապներուն` տնտեսականէն եւ ելեւմտականէն սկսեալ մինչեւ ժողովրդային շարժումին ու քաղաքական եւ ընկերային լարուածութեան վրայ աւելցած է նաեւ «Քորոնա» ժահրին տարածումը:
Օսման յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը պետական հաստատութիւններուն հետ գործակցաբար կը լուծէ բոլոր տագնապները, յատկապէս` ներքին լիբանանեան իմաստով, որպէսզի կարելի ըլլայ համեմատաբար աւելի հանգիստ մթնոլորտ մը եւ լաւատեսութիւն ներշնչել Լիբանանին` ամէն մակարդակի վրայ:
Ան հաստատեց, որ լիբանանեան պետական հաստատութիւնները կազմ ու պատրաստ պէտք է ըլլան` բարձր պատասխանատուութեամբ դիմագրաւելու համար երկրին սպառնացող մարտահրաւէրները:
Օսման ընդգծեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերը յանձնառու կը մնան իրենց պատասխանատուութիւնները ամբողջական կերպով կատարելու` օրէնքի գործադրութեան երդիքին տակ, ինչպէս նաեւ ազգային պատկանելիութեան զգացումին գիտակցութեամբ: