Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յաւերժութեան Սեմին (Քարէն Եփփէի Մահուան 85-ամեակին Առիթով)

Մարտ 14, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ – ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Զարմանալի է ՄԱՐԴԸ: Աւերողը, քանդողը, աքսորողը, տարագրողը, սպաննողը… մարդն է, նոյնպէս` այդ բոլորէն փրկողը: Չարն ու բարին անընդհատ կը պայքարին երկրի վրայ: Նիւթականն ու հոգեւորը, լոյսն ու խաւարը, բարձրը եւ ստորինը, առաքինին ու ընչաքաղցը, մարդկայինն ու անմարդկայինը… բոլորը գոյ են ՄԱՐԴ-ուն մէջ: Յարափոփոխ յաւերժութիւնն է սա` կեանքը իր երկու էական երեսներով: Երկու ծայրայեղութիւններուն տիրողներուն անունները կ՛երեւին, կը գրուին ու կը յիշուին սերունդներու փոփոխութեամբ.

«Մեր նորածինները Թալէաթ, Էնվեր, Ճեմալ եւ Համիտ պիտի անուանենք, նոյնիսկ եթէ անոնք էգ ծնին», հեռատեսիլէն յայտնեց թուրք մը` ի լուր Ցեղասպանութեան ճանաչման վերջին իրադարձութիւններուն:

Մինչ մտապատկերիս մէջ ուրուագծուեցաւ արձանին ջերմ, հարազատ, համեստաբոյր, մայրական, պարուրող տեսքը: Առաջին արձանն էր, որ տպաւորած էր զիս, երբ կը յաճախէի այդ հսկայ, ի՛ր անունը կրող հաստատութիւնը, ուր բակին մէկ անկիւնը զետեղուած է արձանը:

Անդին` Դիմատետրի էջերուն մէջ յաճախ կ՛երեւին տարբեր տարեշրջաններու շրջանաւարտ սերունդներուն, տարբեր երկիրներու մէջ ցրուած հայորդիներուն խմբանկարները: Անոնք կը յիշեն նոյն հաստատութեան անունը, որ յաւերժացումն է հայ որբերու ու այրիներու փրկութեան համար ամէն հաճոյք, կեանքի վայելք ու փառք ոտնակոխող, ֆիզիքապէս մայրութիւնը չապրած, բայց հազարաւոր տարագրեալներու մայրը կոչուած դանիացի Քարէն Եփփէին:

Մարդը երբ կը ծնի, ձեռքը բռունցք մըն է, ուր կը պահուի գաղտնիք մը, առաքելութիւն մը` միայն իրեն վերաբերող:

Շատեր կու գան ու կ՛անցնին` առանց նոյնիսկ այդ գաղտնիքին գոյութեան անդրադառնալու: Ոմանց կը վիճակուի բացայայտումը: Անոնց, միայն որոնց համար անձնականը գոյութիւն չունի. անոնք կեանքի բացած դռներուն դէմ չեն ընկրկիր, կ՛ընտրեն միայն մէկը` ամենամութը, ամենածանրը, ամենատանջալիցը, ամենանուիրականը… ամենամարդկայինը, հոն, ուր կ՛ոտնակոխուի նիւթը, կամ, գոյութեան պարագային, կ՛օգտագործուի նուիրումի, զոհողութեան, կեանքի մը փրկութեան համար: «Ես»-ը պատնէշել կը ջանայ ուրիշ «ես»-երու պատճառած աւերն ու կոտորածը:

Հոս գոյնը, լեզուն, ազգի մը պատկանելիութիւնը պարզապէս անուններ են` տրուած ընդհանուր «մարդ» էակի կոչումին: Լուսիա մը Աստղիկի մը միացնելու համար զոհողութիւնները կը դիզուին, ոչ մէկը խոչընդոտի կը վերածուի, եւ կը քակուի զոհողութեանց կծիկը` կամքին թելադրութեամբ. ամէն միջոց ի գործ կը դրուի զանոնք միացնելու` երկու կորուսեալ, տարագիր, պետեւիներու վրաններուն մէջ ողջ ու բաժնուած հարազատներ. միացնելու երկու ցաւեր, որ ամոքուին անոնք իրարմով ու դառնան մէկ, անոնց միանան տասներ, հարիւրներ, հազարներ, ու ցաւերը վերանան մի առ մի: Անցեալի թախիծը, կորուստն ու վիշտը կամացկամաց սպիանայ ու նոր միջավայրի մէջ հինը նորոգուի, շնորհքները, տաղանդները բացայայտուին ու նորի ստեղծումով մշուշոտի հինին պատճառածը:

Ափերը պարզած` կը շարունակէ տարածել սէր, բարիք ու իւրաքանչիւր նուաճումէ ետք, իւրաքանչիւր որբի եւ այրիի ժպիտին մէջ կը մոռնայ ի՛րը, կը լիանայ անոնց ժպիտներով, կ՛երջանկանայ ու ինք եւս անցեալը կը ջնջէ` կարօտեալներուն անցեալին մոռացում պարգեւելով եւ կը նուիրուի միայն անոնց` առանց նոյնիսկ յիշելու իր ծննդավայրը, ծնողը, տունը հայրական: Կաթիլ մը յոյսի ներշընչումը առաջնահերթութիւն է. որբուկ մը գրկելը, անոր արցունքը սրբելը, զայն կշտացնելը, սիրելը ամէն ինչէ վեր է:

Ու կը դիտէ ան իր կերտածը, կը շարունակէ կերտումի իր աշխատանքը` նոր երջանկութեամբ, նոր խանդավառութեամբ, առաջինէն տարբեր, բայց` առաջինին կառչած. այնպէս, ինչպէս ցանած սերմին ծլարձակումը տեսնող ու հողի պարարտումով, ջուրի յագեցումով կը ջանայ անհատը, մէկ ծիլը դարձնել երկուերեք…, հաւատքն ու յոյսը կ՛ընկերանան ու նոր ծիլերը ծառի վերածելու ջանքը հաճելի կը դարձնեն:

… Եւ արձանացած յաւերժութիւնը կը դիտէ իր անունը կրող հաստատութեան բակէն ամէն ինչ: Կը փայլի երբեմն պրոնզեայ հպարտ կեցուածքով, արեւուն շողերը կը յստակացնեն ազնիւ դէմքին մանր կնճիռները, պարուրող ժպի՛տը, որ կը ծածկէ աչքերուն թախիծը: Հայեացքով կը գրկէ նոր պատանիները` նոր ծիլերը եւ մտովի կը հաշուէ իր ջանքերով վերապրողներուն սերունդները:

«Գանձասար բացառիկ – 2020»

Նախորդը

Մեր Ոսկեղենիկը ( Բ.)

Յաջորդը

«Հայբառ» Անհրաժեշտ Բառարանը

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?