Երէկ, Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ, սկիզբ առաւ Ապտալլա Բ. թագաւորի անուան տղոց պասքեթպոլի 9-րդ միջազգային մրցաշարքը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Լիբանան:
Մարզիչ Ճօ Մուժահեզի գլխաւորած կազմը մրցաշարքը սկսաւ յաղթանակով, երբ առաջին ճակատումին 72-64 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Պահրէյնի դէմ:
Վաղը` չորեքշաբթի, ժամը 17:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Լիբանան կը մրցի Սուրիոյ դէմ: Ապա յաջորդաբար Իրաքի (հինգշաբթի) եւ Յորդանանի (ուրբաթ) դէմ:
Երէկուան մրցումին Լիբանանէն ամէնէն աւելի շատ կէտը նշանակեց Ժոզեֆ Շարթունի (19), ապա` Քարիմ Ազզետտին (17) եւ Քարիմ Զէյնուն (14):
Վերոնշեալ երեքէն բացի այս մրցումին մասնակցեցան նաեւ Ալի Մըզհեր, Էլի Ռըսթոմ, Փաթրիք Պու Ապպուտ, Ժերար Հատիտեան, Էլի Շամուն, Ալի Մանսուր, Ժորժ Պէյրութի եւ Ազիզ Ապտելմասիհ:
Մրցումէն բացակայեցան Ալի Հայտար, Ուաէլ Արաքժի եւ Աթեր Մաճոք:
Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ղազի Պուսթանի: