Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ «ԱՐՄԻՍ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ Ս. ԾՆՈՒՆԴԻ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՀԱՄԵՐԳԸ

January 6, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի եւ կազմակերպութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Հայ աւետարանական «Արմիս» մշակութային յանձնախումբին, երեքշաբթի, 3 յունուար 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական «Արմիս» երգչախումբի Ս. Ծնունդի համերգը` ներկայութեամբ մեծաթիւ հայորդիներու:

Համերգին բարի գալուստի խօսքը Հայ աւետարանական «Արմիս» մշակութային յանձնախումբին անունով արտասանեց ատենապետ Հրայր Ճեպեճեան, որ ներկայացուց Ս. Ծնունդին խորհուրդն ու քրիստոնէական պատգամը: Ճեպեճեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք թիկունք կանգնեցան այս ձեռնարկին յաջողութեան:

Ապա ելոյթ ունեցաւ Հայ աւետարանական «Արմիս» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Կարօ Աւեսեանին: Երգչախումբին դաշնակով կ’ընկերակցէր Մարիա Փալազեան:

Ներկաներուն կողմէ յատուկ գնահատանքի արժանացան Կոմիտասի «Քրիստոս ի մէջ»-ը եւ Քաչինիի «Աւէ Մարիա»-ն:

Շուրջ մէկ ժամուան ընթացքին երեսուն անդամներէ բաղկացած երգչախումբը ներկայացուց դասական երաժիշտներու ստեղծագործութիւններէն ծաղկաքաղ մը, որ առնչուած է Ս. Ծննդեան տօնին հետ: Այդ երաժիշտներուն շարքին են Արամ Խաչատուրեանը, Կոմիտասը, Բարսեղ Կանաչեանը, Մոցարդը, Վիվալտին եւ ուրիշներ: Աւարտին, նաեւ հնչեց Արամ Խաչատուրեանի «Սուրերու պար»-ը:

«Արմիս» երգչախումբը շուրջ մէկ ժամուան ընթացքին ստեղծեց տօնական իւրայատուկ մթոնոլորտ` որակաւոր երգի եւ երաժշտութեան մատուցումով:

Համերգին գծով «Արմիս» երգչախումբի խմբավար Կարօ Աւեսեան «Ազդակ»-ին յայտնեց, որ այս տարուան յայտագիրը փոփոխութեան ենթարկուած էր, որպէսզի ներկաներուն հրամցուին նորութիւններ եւ ընդհանրապէս չլսուած երգեր ու երաժշտութիւններ, որպէսզի կրկնութիւններ չկատարուին եւ դասական արժէքներն ալ լսելի դառնան: Խօսելով երգչախումբին մասին` Աւեսեան շեշտեց, որ վերջին շրջանին երգչախումբը որակային եւ թուային աճ արձանագրած է, ինչ որ դրական է եւ արդիւնք է ստեղծուած մթնոլորտին:

 

 

Նախորդը

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ. ԴԱՌՆԱՆՔ ՃՇՄԱՐԻ՜Տ ԼՈՅՍԻՆ

Յաջորդը

ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ ԹՐՔԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻՆ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.