Քաթարի մէջ տեղի ունեցող ողիմպիականի ծանրաբարձութեան վարկանշային մրցաշարքին (Քաթարի բաժակի մրցաշարք), Հայաստանի աղջկանց հաւաքականի անդամ, Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար փոխախոյեան Տաթեւ Յակոբեան տիրացաւ ոսկի մետալի` 87 քկ դասակարգի մրցումներուն:
Ա. խմբակին մէջ, 10 մասնակցողներու մէջ Յակոբեան արձանագրելով 232 քկ արդիւնք մը (105 եւ 127), տիրացաւ յաղթողի կոչումին:
Աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Յակոբ Մկրտչեան 96 քկ դասակարգին մէջ արձանագրելով 355 քկ (155 եւ 200), գրաւեց 7-րդ դիրքը:
Ան առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցէր քաշային այս կարգին (նախապէս` 89 քկ):