Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի հանրային կապերու բաժինի պետ Ֆահրետտին Ալթուն, արձագանգելով Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման, ըսած է. «Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը հայկական բանաձեւի ընդունումը կը վտանգէ մեր երկկողմանի յարաբերութիւնները»: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Էրմենիհապեր» կայքը:
Ծերակուտականներ Ռապըրթ Մենենտեսի եւ Թետ Քրուզի կողմէ ներկայացուած թիւ 150 բանաձեւը, որ ընդունուած է միաձայնութեամբ, պաշտօնապէս կը մերժէ Թուրքիոյ` հայերու, յոյներու, ասորիներու եւ այլ քրիստոնեայ ազգերու դէմ կատարած Ցեղասպանութեան նկատմամբ ժխտողականութիւնը: