Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռմէյլի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ. Ծաղկեայ Փիլոն Կրելու Իշխանութեան Շնորհում` Եկեղեցւոյ Հովիւ Ղեւոնդ Քհնյ. Լօշխաճեանի

December 12, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, կիրակի, 1 դեկտեմբեր 2019-ին, Ռմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ, որուն ընթացքին սրբազան հայրը կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակը, որով վեհափառ հայրապետը ծաղկեայ փիլոն կրելու իշխանութիւն կը շնորհէր եկեղեցւոյ հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեանի:

Սրբազան հայրը իր գնահատանքը յայտնեց Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեանին, որովհետեւ ան իր կարելին ի գործ կը դնէ իբրեւ անձնդիր հովիւ պայծառացնելու եկեղեցին եւ հասնելու ժողովուրդի զաւակներուն հոգեւոր ու ազգային կարիքներուն:

Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեան որդիական երախտագիտութիւն յայտնեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որ արժանի տեսաւ գնահատելու զինք: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր եւ ըսաւ, որ նորին սրբազնութիւնը հայրական գուրգուրանքով եւ քաջալերանքով կը մօտենայ քահանայ հայրերուն: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հաւատացեալներուն, որոնց աղօթքներով կրցաւ յաջողիլ իր ծառայութեան մէջ:

Ս. պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ «Յովհաննէս եւ Վարդուհի Պչաքճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Օրուան հանդիսավար, դպրաց դասի անդամ Հուրի Օհանեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբի ատենապետ Մատլեն Աջապահեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր իր ներկայութեան համար: Ան վեր առաւ Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեանի նուիրումը իր ծուխին նկատմամբ եւ շնորհաւորեց զինք ծաղկեայ փիլոն կրելու իշխանութիւն ստանալուն առիթով: Ապա խորանին վրայ ծառայող ինը մանուկներուն նուէրներ բաժնուեցան` գնահատելու համար անոնց եկեղեցւոյ կեանքին մասնակցութիւնը, որմէ ետք կարգ մը ազգայիններ նուէրներ յանձնեցին քահանայ հօր, որ իր կարգին ելոյթ ունեցաւ շնորհակալական խօսքով:

Աւարտին, եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը եւ տիկնանց յանձնախումբը ասա մը նուիրեցին սրբազան հօր, որ իր օրհնութեան խօսքով եզրափակեց հիւրասիրութեան հաւաքը:

 

Նախորդը

2020 Տարին` Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու Տարի

Յաջորդը

Անդրադարձ. Յարաբերութիւնները Խաթարող Հարցը

RelatedPosts

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն
Գաղութային

Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն

October 3, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.