Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Պայքա՛ր Սպիտակ Տան Անտարբերութեան Եւ Ժխտական Կեցուածքին Դէմ

August 9, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջին շաբաթներուն, հակառակ ամառնային արձակուրդին եւ շոգին, Արցախի հիմնահարցի առնչութեամբ բեղուն աշխատանք կը տարուի:

Թէ՛ հայկական եւ թէ՛ ազրպէյճանական կողմերը գործի լծուած են, իսկ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ Պաքու կը շարունակէ հետեւողական ձեւով չյարգել զինադադարը` հետզհետէ դժուարացնելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի համանախագահներու պարտականութիւնը` շրջանին մէջ խաղաղութիւն պարտադրելու:

Քաղաքական բեմահարթակի վրայ, դեռ քանի մը շաբաթ առաջ Ֆրանսայի իշխանութիւնները ազերիներու կիրարկած «ձկնկիթեան քաղաքականութեան» ուռկանին մէջ իյնալով եւ հետեւողական ճնշումներու ազդեցութեան տակ, սկսան դատական գործերով Արցախի քոյր քաղաքներու հետ կապուած դաշինքներն ու համաձայնութիւնները չեղեալ նկատել` նշելով, որ նախապէս կատարուած բոլոր աշխատանքները ապօրինի են: Ցայսօր ֆրանսահայութիւնը աշխատանք կը տանի, որպէսզի վերատեսութեան ենթարկուի Պաքուի այս կոշտ միջամտութիւնը, եւ վերստին գործեն այս համաձայնութիւնները:

Հին ցամաքամասէն արագ ոստում մը կատարելով դէպի հեռաւոր Աւստրալիա, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան պատուիրակութեան մը հետ պաշտօնական հիւրն էր տեղւոյն իշխանութիւններուն, որոնք բազմիցս հանդիպումներ կազմակերպեցին եւ ինքնաբերաբար, ասոր իբրեւ արդիւնք, կազմուեցաւ Արցախ-Աւստրալիա բարեկամներու խումբը: Արդեօք ի՞նչ պիտի ըլլայ թէ՛ Պաքուի եւ թէ՛ Անգարայի պատասխանը` ագեվազներու երկրին մէջ արցախեան կողմի արձանագրած այս յաղթանակին դիմաց:

Փոխադրուելով Նոր աշխարհ, դեռ հազիւ ամիս մը առաջ էր, որ Ներկայացուցիչներու տունը վաւերացուցած էր երկու առաջարկներ: Առաջինը Արցախի ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակը հետապնդող քոնկրեսական Ճուտի Չուի առաջարկն էր, որ Արցախի դէմ Ազրպէյճանի ահաբեկչական արշաւին պէտք է վերջ դրուի: Չու անընդունելի նկատելով Պաքուի կողմէ զինադադարի շարունակական խախտումները` պահանջած էր, որ Արցախի սահմանէն արձակազէնները եւ ծանր զէնքերը հեռացուին,  միաժամանակ պահանջելով, որ յարձակող կողմը բացայայտող յատուկ սարքաւորումներ տեղադրուին` մօտէն հսկողութեամբ ԵԱՀԿ-ի յաւելեալ դէտերու:

Իսկ երկրորդը Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի օդակայանին ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակը հետապնդող դեմոկրատական քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի առաջարկն էր, որ օրէնքներու յանձնախումբին կողմէ եւս վաւերացուած էր:

Շըրմընի կողմէ ներկայացուած այս առաջարկին նպատակն է` արգիլել Ազրպէյճանին վաճառել այնպիսի հակաօդային կազմածներ, որոնք կը վտանգեն քաղաքացիական օդանաւերու ապահով թռիչքները:

Այս երկու կարեւոր յաղթանակներէն ետք, ահաւասիկ` բոլորովին հակասական մօտեցում մը, որուն մասին գրեթէ շաբաթէ մը ի վեր կը խօսուի քուլիսներու ետին, թէ Ուաշինկթըն մտադիր է երկու ամսուան ընթացքին դադրեցնել Արցախին տրամադրուող ելեւմտական աջակցութիւնը:

1998-էն ի վեր կը կատարուէր այս օժանդակութիւնը, անգամ մը եւս` շնորհիւ  քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի հետեւողական ջանքերուն: Այս օժանդակութեան առիւծի բաժինը տրամադրուած է «Ականազերծուած Արցախ» արշաւին, որ շնորհիւ «Հալօ թրասթ» կազմակերպութեան` կրցած է մաքրել ականադաշտեր ու փրկել անհամար կեանքեր:

Ֆրանսայի մէջ վերջերս արձանագրած յաղթանակէն խանդավառ` Պաքու ամէն գնով կը փորձէ դադրեցնել այս օժանդակութիւնը, յատկապէս այն պատճառով, որ Հայաստանէն ետք Միացեալ Նահանգները աշխարհի միակ պետութիւնն են, որ չճանչնալով հանդերձ Արցախի անկախութիւնը, ուղղակի նիւթական աջակցութիւն կը տրամադրեն:

Այս մէկը աւելի քան քսան տարուան պատմութիւն ունեցող նախանձելի ՅԱՂԹԱՆԱԿ մըն է, որ կարելի չէ անտեսել: Առաջնահերթութիւն մը, որ լուսանցքի տակ կ՛առնէ Պաքուի գործօնը: Պէտք է շարունակ ահազանգել ու պայքարիլ հետզհետէ աւելի կրկնուող Սպիտակ տան ցուցաբերած անտարբերութեան եւ ժխտական կեցուածքին դէմ:

Նախորդը

Անդրադարձ. Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները Բ.

Յաջորդը

Հրաժեշտ` Կրկին Հանդիպելու Ակնկալիքով

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Անդրադարձ

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

October 10, 2026
Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Հրապարակէ Իր Նշանաբանը` «Լոյսով Լոյսին»
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Պատգամը` Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերանորոգման Եւ Մեր Գոյերթի Հրամայական

October 10, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Փոխան Երախտիքի Զարմանալի Եւ Տխուր Խօսքեր Հայրենիքէն (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.