Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կոմիտաս Վարդապետի Ծննդեան 150-ամեակի Համերգ

Յուլիս 22, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ՍԱԼՄԱՆԵԱՆ

Ընկերա-մշակութային կեանքը ողողող ձեռնարկները, յոբելեաններ ոգեկոչելու ձգտումով, կը տարուբերին սովորաբար իրենց ոճով, որակով, խորքով, ձեւով ու գաղափարով: Երբեմն, սակայն, եղած են յոբելեաններ, որոնք իրենց բուն նպատակէն շեղելով` դատարկաբանութեան մէջ սուզուած են պարզապէս բեմեր զբաղեցնելու  սիրոյն:

Յոբելեաններ, որոնք կու գան վերակենդանացնելու անցեալէն եկած փառք մը, ըլլա’յ անիկա հոգեւոր թէ այլ, ու կը միտին վերաշխուժացնել ներկայ առօրեան դիմագրաւող միտքն ու հոգին, կ’արժանանան այն պարգեւին, որ յարգանք կը պարտադրէ:

Իսկո՛յն, 30 յունիս 2019-ին, հայ թէ օտար հասարակութիւն մը հրաւիրուած էր` յարգելու ու յաւերժացնելու յիշատակը մեծանուն Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակը: Այս յարգանքի տուրքը մատուցուեցաւ  նոյնինքն Կոմիտասի երաժշտական ստեղծագործութիւններու ունկնդրութեան ընդմէջէն:

Կոմիտաս վարդապետ եղաւ հայ հոգեւոր եւ աշխարհիկ երաժշտական գանձարանը հարստացնող հոգեւորականը, որ իր հանճարեղ, տքնաջան, յամառ ու կրքոտ կամքով շրջեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի գիւղերն ու գաւառները` մօտէն հետեւելու գեղջուկներու հոգեբանութեան ու առօրեային: Ան տարեցներու շրթներէն քաղեց հում, անտաշ, անջատ, կապկպուած երգերը, ետքը կցորդեց ու միաձուլեց զանոնք: Կոմիտաս վարդապետի գերագոյն մտայղացումը եղաւ փրկել գեղջուկ թէ հոգեւոր երգերը խաթարումէ, օտարամուտ ազդեցութիւններէ, մանաւա՛նդ` շարքիականացումէ ու հայեցի ականջը թունաւորող տեսակաւոր ազդակներէ:

Եւ այսպէս, մեծն Կոմիտաս համոզուած` կազմեց միաձայն, միատող, երկտող կարճաշունչ, բայց բովանդակալից խճանկարներ եւ հետագային վերածեց զանոնք երաժշտական լի իմաստ կառոյցի մը` երկձայն, եռաձայն, քառաձայն:

Ուրեմն, վերոյիշեալ 150-ամեակի ոգեկոչումը, կազմակերպուած` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Գուսան» երգչախումբին կողմէ, կը վայելէր հովանաւորութիւնը Համազգայինի  Պէյրութի` ոգեկոչեալին անունը կրող «Կոմիտաս» մասնաճիւղին: Սոյն մասնաճիւղը, յայտնի` իր երկարամեայ հարուստ անցեալովն ու բեղուն գործունէութեամբ, աննկուն կամքով թիավարած է ու կը թիավարէ ցայսօր հոսանքն ի վեր` հայ մշակոյթը չընկրկող հարթակի վրայ պահելու համար: Հետեւաբար «Գուսան» երգչախումբը ներկայացաւ հանրութեան տալով իր լաւագոյնը` կոկուած, մաքուր աշխատանք, հեռու` թափթփածութենէ, շեղումէ եւ ինքնագլուխ արտայայտութենէ: Անոնք մէկ ժամ տեւողութեամբ երգեցին Կոմիտասի եւ այլոց գործերը` բազմաձայն եւ առանց երաժշտական գործիքի ընկերակցութեան (աքափելլա), ինչ որ կը պահանջէր խիստ կեդրոնացում, փորձելով ընդմիշտ պահել յօրինումի երաժշտական կառոյցը, նրբերանգները, սրտառուչ քնարականութիւնը (լիրիզմը) եւ վեհութիւնը:  Յայտագիրը թափ առաւ «Սիրտ իմ սասանի» Մխիթար Այրիվանեցիի 13-րդ դարու մեղեդիով, երգեհոնի գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ` Յասմիկ Գասպարեանի, որուն յաջորդեց Ներսէս Շնորհալիի 12-րդ դարու մեղեդիները` մեներգող ունենալով երգչախմբային արուեստի մօտ, պաս Աւետիս Ագրապեանը: Իսկ մասնագիտացած դասական փորձառու երգչուհի սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանը դիւրահաճ ձեւով մեկնաբանեց «Տէր ողորմեա՛» մեղեդիի տարբերակ մը` իր դարձուածքներով ու ելեւէջներով:

Ի դէպ, այս ունկնդրութեան ծաւալ ունեցող սոյն երգչախումբի ոսկրասիւնը կազմող խմբավարին ուսերուն դրուած էր ո՛չ հեշտ պատասխանատուութիւն մը: Ան ոչ արհեստավարժ երգողներուն վարժեցուցած էր   չափողութեան զգացումը ունենալ` հարթելու համար ամէն դժուարութիւն: Կոմիտասեան մշակումներու պարագային, դժուարին չափի ընդմիջումները, անհաւասար բաժանմունքը տարբեր ձայնախումբերու միջեւ եւ նրբերանգ արտայայտութիւնը մանրակրկիտ աշխատանք պահանջած էր խմբավարէն, այնպէս ինչպէս` տարրալուծարանի մանրակրկիտ քննութիւն մը: Խմբավարը` Գրիգոր Ալոզեան մասնագիտացած է երկու տարբեր գիտութիւններու մէջ, մին կը հոգար մարդ էակի ֆիզիքական աշխարհը (տարրալուծարանը), միւսը` հոգեկան (երաժշտութիւնը):

Եզրափակելու համար, գնահատելի է Գրիգոր Ալոզեանի տարած համբերատար գործը ակնկալելով իրմէ նոր նուաճումներ` վեր պահելու հայ մշակոյթի երաժշտական ժառանգը:

 

Նախորդը

Հայ Մշակոյթին Ի Սպաս Արփեն Մովսիսեանի Իրագործած Պատկառելի Աւանդին Մասին

Յաջորդը

Ուշադի՛ր Փոքր Երկիրներէն

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?