Երէկ` ուրբաթ, 19 յուլիսին, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Յորդանանի մայրաքաղաք Ամման մեկնեցաւ Լիբանանի ժիւտոյի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Արեւմտեան Ասիոյ ժիւտոյի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ հսկողութեամբ Ասիոյ ժիւտոյի ֆետերասիոնին:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ ֆետերասիոնի նախագահ Ֆրանսուա Սաատէ, մարզիչն է Ֆետի Սայքալի, իսկ մարզիկներն են` Ռաուլ Տանիել, Մայքըլ Քաուն, Ապտալլա Նըշապէ, Թահ Մուրհեպ, Մեհտի Ամհազ, Ճօ Հատտատ, Ղատի Մուսա, Քարլ Ապու Շապքէ (տղաք) եւ Ակուիլինա Շայեպ: