Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Արցախի Ի Նպաստ Յաղթանակ Մը

Յուլիս 16, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցչական տունը հինգշաբթի, 11 յուլիսին որդեգրեց բանաձեւ մը, որ ամերիկեան կառավարութեան կ՛արգիլէ Ազրպէյճանին ծախել այնպիսի զէնքներ, որոնք կրնան գործածուիլ Ստեփանակերտի օդակայանը օգտագործող օդանաւերու դէմ: Ազրպէյճանի այս սպառնալիքին եւ անոր յաճախակի գործադրութեան պատճառով, Արցախի մայրաքաղաքին օդակայանը անդամալոյծ կը մնայ տասնամեակներէ ի վեր:

Բանաձեւը ժողովին ներկայացուցեցաւ Պրետ Շըրմընի կողմէ. անոր պատրաստութեան մասնակից էին Ճեքի Սփիր, Ֆրենք Փալոն եւ Էտըմ Շիֆ. բանաձեւը որդեգրուեցաւ 195-ի դէմ 234 ձայնով:

Սա ամէն բանէ առաջ կարեւոր յաղթանակ է ի նպաստ Արցախին, ապա նաեւ` Հայ դատի յանձնախումբին, որուն ներկայացուցիչը ողջունեց բանաձեւին որդեգրումը, իսկ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս որոշումը նկատեց Արցախի անկապտելի իրաւունքին ճանաչումը:

Սա նաեւ յուշարար մըն է, որ հայկական կողմին քաղաքական աշխատանքները միշտ ապարդիւն չեն մնար. նաեւ պէտք է անդրադառնանք, որ ձեռնածալ չմնալով` կրնանք այս ու նմանօրինակ յաղթանակներ ապահովել, մանաւանդ եթէ կարենանք մեր ճիգերն ու կարողութիւնները մէկտեղել…

***

Քուէարկութեան արդիւնքին կողքին, կ՛արժէ լուսարձակի տակ բերել քանի մը այլ իրականութիւններ, մանրամասնութիւններ:

Ա.- Բանաձեւը որդեգրուեցաւ խորհրդարանի երկու խմբաւորումներէն` դեմոկրատ եւ հանրապետական ներկայացուցիչներէ գոյացած մեծամասնութեան մը քուէներով. 225 դեմոկրատ, 9 հանրապետական թեր քուէարկեցին բանաձեւին, դէմ քուէարկեցին 187 հանրապետական, 7 դեմոկրատ եւ մէկ անկախ ներկայացուցիչ: Պատկերը առանձին մեկնաբանութեան արժանի է:

Բ.- Ուշագրաւ էր բանաձեւին` Պրետ Շըրմընի պաշտպանողականը. ան յայտարարեց, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը պէտք չէ զէնք տրամադրէ Ազրպէյճանին, որ կը սպառնայ այդ զէնքները գործածել Ստեփանակերտի օդակայանը օգտագործող օդանաւերու դէմ, ու յիշեցուց, որ աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ նման ոճրային արարքներու զոհ գացած են բազմաթիւ օդանաւեր` պատճառելով մարդկային մեծ կորուստներ, ի շարս որոնց` ամերիկեան խորհրդարանի անդամ մը: Շըրմըն մէկէ աւելի առիթներով շեշտեց, որ Արցախը անկախ հանրապետութիւն է, որ նախապէս կը կոչուէր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն, թէ` անիկա Ստալինի մէկ կամայականութեան եւ ի շահ խորհրդայիններուն` շնորհուած էր Ազրպէյճանին, մինչդեռ արդէն անկախ հանրապետութիւն է տասնամեակներէ ի վեր ու կը դիմակալէ ազերիական սպառնալիքներ, կարելի չէ ընդունիլ, որ նման սպառնալիքներու իրականացումը ըլլան ամերիկեան զէնքերով: (Չենք ուզեր հաւատալ, որ Շըրմըն պիտի ընդունէր, որ Ազրպէյճան ռուսական, իսրայէլեան կամ այլ տեղէ ձեռք բերուած զէքներով իրագործէր սպառնալիքը…): Ան միայն մէկ դուռ բաց ձգեց` ըսելով, որ զէնքերու յանձնումը կրնայ պատահիլ այն պարագային, երբ նախագահը երաշխաւորէ, որ անոնք պիտի չծառայեն Պաքուի ծանօթ սպառնալիքներուն իրականացման:

Գ.- Շըրմընին հակաճառեց միայն հանրապետական Ռանըլտ Ռայթը, որ հանդէս եկաւ «դաշնակից Ազրպէյճան»-ի զէնք յանձնելու պաշտպանողականով. իր տեսակէտը հիմնաւորելու համար ան հաւաստեց, որ Ազրպէյճան ահաբեկչութեան պայքարի մէջ դաշնակից մըն է, ամերիկեան ուժերու կողքին է Աֆղանիստանի մէջ, կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու հակադրուող Իրանին ու Ռուսիոյ միջեւ, իսկ Ուքրանիոյ ու Վրաստանի մէջ ռուսական միջամտութիւնները ծանօթ են: Աւելի՛ն. ան Արցախի հողերը որակեց «հայերու կողմէ գրաւուած տարածք», նկատելով, որ զէնքի յանձնումէն ետ կենալով` Միացեալ Նահանգներ այսուհետեւ պիտի դադրին այս տագնապին «չէզոք միջնորդ» մը ըլլալէ, պատճառ պիտի ըլլան «դաշնակից Ազրպէյճան»-ի զինական կարողութեանց նահանջին: Ռայթ յայտնապէս յիշողութեան կորուստէ կը տառապի, որովհետեւ որեւէ ակնարկութիւն չըրաւ Ազրպէյճանի աղաղակող սպառնալիքներուն ու արարքներուն: Փաստօրէն Ազրպէյճանի քաղաքային օդանաւորդութեան մէկ բարձրաստիճան պատասխանատուն 2011-ի մարտին առանց բառերը ծամծմելու, յայտարարած էր, որ Ազրպէյճան զգուշացման հրաւէր ուղղած է օդանաւորդութեան միջազգային կազմակերպութեան, սպառնալով, որ Ստեփանակերտի օդակայնը գործածող օդանաւեր «ֆիզիքապէս քանդումի պիտի ենթարկուին»…

Կարելի է երկար մեկնաբանել ու մէկ առ մէկ քանդել այսպիսի պաշտպանողականի մը հիմքերը, ներկայացուցած առարկութիւնները, սակայն ոեւէ հայու, նաեւ շրջանի ծանօթ իրադարձութեանց հետեւողին համար անամպ երկինքէն շողացող արեւուն չափ յստակ է, որ նման պաշտապանողականի մը ետին Ազրպէյճանի քարիւղին բոյրը, անոր եկամուտէն գոյացած գումարները ամերիկեան զէնքի ճարտարարուեստի գանձանակներ հոսեցնելու «բարի նպատակը» եւ սնամէջ ռազմավարական հաշիւները ինչպիսի՛ բաժին կրնան ունենալ, անկախ անկէ, որ այս շրջանին մէջ եւ այլուր ամերիկեան անհեռատես ու անհեռանկար վարքագիծը ինչպիսի՛ աղէտներու դուռ բացած է մարդկութեան համար:

Գ.- Քուէարկութեան արդիւնքը ցոյց կու տայ, որ եթէ ժողովին մեծամասնութիւնը այս պարագային արդարութեան կողքին կանգնած է, կան նաեւ նման ընթացքի դէմ կանգնողներ: Թէ ի՛նչ հաշիւներով` չենք ուզեր մանրամասնել ու մեկնաբանել. հոս ալ արեւուն լոյսը յստակ է: Այսուամենայնիւ, դէմ քուէարկողներու ստուար թիւը նոր մարտահրաւէրի դիմաց կը դնէ Արցախի դատին ի նպաստ գործողները` սկսելով Հայ դատէն ու հասնելով մինչեւ Հայաստանի ու Արցախի պետութիւնները. կ՛արժէ միայն յիշեցնել, որ այսօր, ամերիկեան 49 նահանգներ որդեգրած են Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ ի հեճուկս դաշնակցային գործադիրին, հոն եւս բանալով մարտահրաւէրի նոր դուռ մը, որ ճանաչումէն ետք կայ նաեւ արդար հատուցման պայքարի ուղին…

***

Ներկայացուցիչներու տան կողմէ այս բանաձեւին որդեգրումը, յաղթանակ մը ըլլալով հանդերձ, վախճանական լուծում չէ. նման բանաձեւեր վաղը կրնան իրենց դէմ գտնել մինչեւ իսկ նախագահական միջամտութիւն, որովհետեւ յայտնի է, որ Սպիտակ տան պետը շրջապատող նախարարներ ու խորհրդականներ մաս կը կազմեն զէնքերու վաճառքի ջատագովներու եւ պատերազմներ հրահրողներու նուագախումբին: Եթէ միայն նկատի ունենանք մեզի համար ռազմավարական իմաստով մեծ նշանակութիւն ունեցող Իրանի պարագան, առանց անտեսելու Վրաստանի նորագոյն զարգացումները, արդէն կարելի է պարզ աչքերով տեսնել, թէ հայկական դիւանագիտութիւնն ու Հայաստան-Արցախ պաշտպանութիւնը ինչպիսի՛ մարտահրաւէրներու դիմաց կը դնեն մեզ, եւ որքան կեղծ կը հնչեն դուրսէն կատարուած այն «ներշնչումները», թէ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պէտք է նախապատուութիւն տան մարդասիրական նախաձեռնութիւններու եւ ընդարձակեն երկու ժողովուրդներուն միջեւ սիրոյ ու բարեկամութեան ենթահողը: Սխալ չհասկցուինք. Հայաստանի անկախացումէն տասնամեակներ առաջ, 60-ականներուն, բայց մանաւանդ` անկախացումէն ասդին, ո՛վ որ ալ եղած է Երեւանի ղեկին պատասխանատուն, ան իր դիմաց գտած է նոյն` նախայարձակ ու թշնամի Ազրպէյճանը, որուն ձեռքը մի՛շտ ամուր բռնած է նոյնքան թշնամի Թուրքիոյ ձեռքը: Օղակը կարելի է ընդարձակել…

Անգլիացիք ունին լաւ խօսք մը` «Զէնքիդ վառօդը մի՛շտ չոր պահէ»: Մենք ալ ձայնակցած ենք այլ նշանաւոր խօսքերու` կը նախընտրենք ձիթենիի ճիւղը բարձր պահել, սակայն չենք ուզեր վար դնել զէնքը, ԱՄԷՆ ՏԵՍԱԿԻ ԶԷՆՔ, այնքան ատեն որ հակառակորդը չէ որդեգրած խաղաղութեան անդառնալի ուղին:

11 յուլիս 2019

Նախորդը

Հայկական «Ադամեան» Ապրանքանիշի Պատկերասփիւռները Առաջին Խմբաքանակն Արդէն Պատրաստ Է

Յաջորդը

Գնահատենք Աշխատանքը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?