Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Ազատ Խօսքի Ընկալման Հարցեր

July 13, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խօսքի ազատութեան իրաւունքը ժողովրդավարական հասարակութեան ձեւաւորման հիմնական երաշխիքն է: Ազատ խօսքով իր մտքերը արտայայտելու, ինչպէս նաեւ ազատօրէն տեղեկատուութիւն փնտռելու, ստանալու եւ տարածելու իրաւունքէն օգտուելով` որեւէ հասարակութիւն երկրէն ներս տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, ազգային շահերուն «հսկող» արթուն պահակը կը դառնայ:

Այս պատճառով ալ խօսքի, տեղեկատուութեան փոխանցման ազատութիւնը ամրագրուած է օրէնքով:

Իրազեկ քաղաքացին ոչ միայն արթնամտութեամբ կը հետեւի երկրին կամ համայնքին մէջ կատարուող իրադարձութիւններուն, իշխանութիւններու գործելակերպին, ոչ միայն կը նկատէ եւ լուսարձակի տակ կ՛առնէ խախտումները, այլ նաեւ կը խթանէ պետական կառավարման մարմիններու արդիւնաւէտութիւնն ու օգտակարութիւնը:

Ազատ խօսքի ընկալման հարցը նոյնքան կարեւոր է, որքան` խօսքի ազատութեան կիրարկումը եւ անոր նպաստող օրէնքներն ու միջավայրը:

Որքանո՞վ ընկալելի է այսօր խօսքի ազատութեան շինիչ դերը: Քննադատութիւնը որքանո՞վ վիրաւորանք համարուելէ կը դադրի ու կ՛ընկալուի որպէս ուղղիչ խօսք: Ցաւօք տակաւին առկայ է ազատ խօսքը վիրաւորանք համարելու, քննադատութիւնը ոչ թէ իբրեւ ինքնասրբագրումի հրաւէր, այլ այպանումի, նուաստացումի միջոց նկատելու մտայնութիւնը:

Միւս կողմէ, հայկական լրատուադաշտին մէջ, ընդհանրապէս, ազատ խօսքը, քննադատութիւնը որքանո՞վ կը յաջողին շրջանցել յանուն քաղաքական շահերու փոխադարձ նուաստացումի, ցեխարձակումի, երբեմն նոյնիսկ կեղծ փաստերու օգտագործման ծուղակը եւ կը ջանան յոռի երեւոյթները սրբագրել կառուցողական, յանդուգն քննադատութեամբ, ազգային շահերու պահպանման գիտակցութեամբ առաջնորդուելով:

Լրատուական բաց համակարգին շնորհիւ` անցած է այլեւս խօսքի ազատութիւնը կաշկանդող աշխատելաոճին ժամանակը: Համացանցին պատճառով իւրաքանչիւր լուր, իւրաքանչիւր միտք երկվայրկեաններու մէջ իսկ կը տարածուի ու կը գտնէ իր թիրախ լսարանը: Առցանց միջավայրը, սակայն, անհակակշռելի դարձած է իր որակային անկումով: Հետեւաբար մամլոյ գործիչներուն, հրապարակագիրներուն եւ մտաւորականութեան վերապահուած է ազատ խօսքի որակին պահպանումը, անհրաժեշտ է ընդլայնել անոնց խօսքի տարածքը: Որովհետեւ ազատ խօսքին արժէքը, ազատ խօսքի ընծայուած առիթներէն կախեալ չէ այնքան, որքան` ներքին ազատութենէն: Ներքին ազատութիւնն է, որ արտայայտութիւն կը գտնէ պատասխանատու խօսքին շնորհիւ, իսկ պատասխանատուութիւնն է, որ կը դառնայ մտածուած խօսքի ելակէտ, օրէնքի հիմք, եւ արարքները կը չափուին մտածումով ու խօսքով: Մամուլը պէտք է ի՛նք բարձրացնէ ազատ խօսքի, պատասխանատու խօսքի որակը հասարակական ցանցերուն: Այս ձեւով գէթ մասամբ մը կարենալ զսպելու ֆէյսպուքեան կեղծ լրատուութիւնը, անպատասխանատու խօսքն ու փոխադարձ վիրաւորանքներու ոչ շահեկան ալիքը:

«Գ.»

Նախորդը

Լեզուի Կոմիտէն Պիտի Ունենայ Համացանցի Պաշտօնական Կայք

Յաջորդը

Պաղտատցի Սերոբի Յիշատակին

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.