Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական Ուսումնասիրութիւններու Հիմնարկը Պիտի Փակուի 2020-ին. Լա՛ւ Ազատեցանք

Յունիս 17, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թրքական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկը (ԹՈւՀ) շահ չհետապնդող կազմակերպութիւն է, որ հիմնադրուած է 1983-ին, Ուաշինկթընի մէջ, Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ 3 միլիոն տոլար նուիրատուութեամբ: 31 մայիս 2019-ին ԹՈւՀ հանդէս եկաւ մամլոյ հաղորդագրութեամբ` յայտարարելով, որ կը դադրեցնէ իր գործունէութիւնը 30 սեպտեմբեր 2020-ին:

Այս յայտարարութիւնը անսպասելի էր երկու պատճառով.

1) Երեք միլիոն տոլարը համեմատաբար մեծ գումար մը չէ թրքական կառավարութեան համար, որ տարիներ շարունակ տասնեակ միլիոն տոլարներ ծախսած է Միացեալ Նահանգներու մէջ հանրային կապերու (PR) եւ լոպիստական ընկերութիւններ վարձելու համար: Երեք միլիոն տոլարի կամ մնացորդի վերադարձը Թուրքիոյ` չի կրնար էական ազդեցութիւն ունենալ երկրին նիւթական կացութեան վրայ:  Տնտեսական անկումէն ուշքի գալու համար Թուրքիոյ անհրաժեշտ է քանի մը հարիւր միլիառ տոլար:

2) Հակառակ հիմնարկի յաջողութիւններուն մասին անոր ղեկավարութեան հրապարակած պարծենկոտ մամլոյ հաղորդագրութեան` Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ դրամական միջոցներու դադրեցումը կը նշանակէ, որ հիմնարկը չէ կրցած հասնիլ իր քարոզչական նպատակներուն: Թրքական կառավարութիւնը դադրեցուցած է ԹՈւՀ-ի ֆինանսաւորումը 2015-ին: Բարդացնելով խնդիրը` հիմնարկի ղեկավարները իրենց մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ խոստովանած են, որ չեն յաջողած արտաքին աղբիւրներէ բաւարար միջոցներ ստանալ հիմնարկի գործունէութիւնը շարունակելու համար: Վերջին տարիներուն ԹՈւՀ-ը նիւթական մասնակի աջակցութիւն ստացած է Ճորճթաունի համալսարանէն, քոչ հոլտինկէն, FIBA հոլտինկէն եւ Մուխթար Քենթէն («Քոքա-քոլա» ընկերութեան խորհուրդի նախկին նախագահ) եւ անոր կնոջմէ, ինչպէս նաեւ` այլ անհատ նուիրատուներէ:

ԹՈւՀ-ի մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ 1983-էն սկսեալ իր դրամաշնորհները նպաստած են Թուրքիոյ եւ թրքերէնի ուսումնասիրութեան` «ԱՄՆ 45 նահանգներու եւ Քոլումպիայի շրջանին մէջ: Աւելի քան 130 դրամաշնորհային ատենախօսութիւններ վերածուած են 70-է աւելի փրոֆեսէօրական պաշտօններու բարձրագոյն կրթութեան ամերիկեան հաստատութիւններու մէջ, իսկ լեզուական եւ հետազօտական պարգեւները օգնած են առնուազն 235 անձերու, որոնք գրաւած են դասախօսական եւ հետազօտական պաշտօններ Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ այլուր:  Վերջին հինգ տարիներու ընթացքին քանի մը տասնեակ երիտասարդ գիտնականներու տրուած պարգեւները լրացուցիչ օգուտ պիտի բերեն ապագային: Գրեթէ 80 ամերիկեան հաստատութիւններու մէջ ստեղծուած են Թուրքիոյ վերաբերեալ գրադարանային եւ հետազօտական հաւաքածոներ, կամ բաւականաչափ աւելցած են առկայ միջոցները` ԹՈւՀ-ի ֆինանսաւորման շնորհիւ, իսկ 19 ամերիկեան համալսարաններ ստացած են մեկնարկային գումարներ` Թուրքիոյ վերաբերեալ դասաւանդման նոր պաշտօններու հաստատման աջակցելու համար»:

Վերջին տարիներուն ԹՈւՀ-ը հաստատուած էր Ուաշինկթըն, Ճորճթաունի համալսարանի Էտմոնտ Ա. Ուոլշի արտաքին ծառայութեան դպրոցի տարածքը: Հիմնարկի պատուաւոր նախագահը Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպանն էր, որ անմիջական վերահսկողութիւն հաստատած էր Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ տրամադրուած ԹՈւՀ-ի դրամաշնորհներուն վրայ:

Թրքական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկը ինկած է շարք մը գայթակղութիւններու մէջ` սկսած Հիթ Լորիէն, որ հիմնարկի հիմնադիր եւ գործադիր տնօրէնն էր 1983-1993 թուականներուն: Լորին կարեւոր դեր խաղցած է` ամբողջական էջ մը յայտարարութիւններու  պատրաստման եւ հրատարակման գծով «Ուաշինկթըն Փոսթ», «Նիւ Եորք Թայմզ» եւ «Ուաշինկթըն Թայմզ» թերթերու մէջ, 19 մայիս 1985-ին` ստորագրուած 69 «մտաւորականներու» կողմէ, որոնք կը ժխտէին Հայոց ցեղասպանութեան եղելութիւնը: Լորին հետագային դարձաւ օսմանեան եւ ժամանակակից թրքական հետազօտութիւններու Աթաթուրքի փրոֆեսէօր Փրինսթընի համալսարանի մէջ` շնորհիւ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ 750 հազար տոլար նիւթական աջակցութեան:

1985-ին, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթին մէջ ամերիկացի մտաւորականներուն անունները թուարկելու եւ թրքական հիմնարկէ իւրաքանչիւրին ստացած գումարներուն մասին յօդուած գրելէ ետք, ես դարձայ թրքական հիմնարկին հետ իրաւական առճակատման առաջին թիրախը: Հետաքրքրական է, որ թրքական հիմնարկը այդ մասնագէտներէն շատերուն դրամաշնորհներ տուած է: ԹՈւՀ-ի փաստաբաններէն ես նամակ ստացայ, ուր ըսուած էր, որ իրենք դատ պիտի բանան ինծի դէմ` զրպարտութեան մեղադրանքով, եթէ ես չհրապարակեմ ծաւալուն հերքում` իմ յօդուածիս առնչութեամբ, ինչ որ ես մերժեցի ընել: Փաստաբաններս տեղեկացուցին թրքական հիմնարկի իրաւաբաններուն, որ իրենց զրպարտութեան մասին պնդումը անհիմն է, եւ յայտնեցին անոնց, որ մենք իրենց դէմ բողոքի հայց պիտի ներկայացնենք: Ի պատասխան` ԹՈւՀ-ը հրաժարեցաւ իր սպառնալից դատական հայցէն…

Այնուհետեւ, 1995-ին Ողջակիզումի եւ ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ամսագրին մէջ հրապարակուեցաւ «Փրոֆեսիոնալ բարոյականութիւն եւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը» վերնագրով յօդուած, որ բացայայտեց ԹՈւՀ-ի գործադիր տնօրէն Հիթ Լորիին կազմած նամակը, որ 1990-ին թուրք դեսպան Նուզեթ Քանտեմիրի անունով ուղարկուած էր փրոֆեսէօր Ռապըրթ Ճէյ Լիֆթընի` ժխտելով Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Լորիին սեւագիր նամակը դեսպանին անունով անզգուշաբար յղուած էր փրոֆ. Լիֆթընի, ինչ որ ակադեմական մեծ գայթակղութեան պատճառ դարձաւ:

2006-ին ամերիկացի փրոֆեսէօր Տանըլտ Քուաթերթ հրաժարական տուաւ ԹՈւՀ-ի խորհուրդի նախագահութենէն` մերժելով ենթարկուիլ Թուրքիոյ դեսպանի հրամանին, որ` Թուրքիա կը ջնջէ ԹՈւՀ-ի ֆինանսաւորումը, այնքան ատեն որ փրոֆեսէօր Քուաթերթ չէ հերքած գիտական գիրքի մը մասին իր գրութիւնը, ուր ան գրած էր. «Այն, ինչ որ տեղի ունեցած է հայերու հետ, լիովին կը համապատասխանէ ՄԱԿ-ի «ցեղասպանութիւն» սահմանումին»: Ի նշան բողոքի` ԹՈւՀ-ի խորհուրդի քանի մը այլ անդամներ շուտով հրաժարական տուին:

Ակնյայտ է, որ թրքական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկի փակման յայտարարութեամբ, Միացեալ Նահանգներու մէջ կը նուազի թրքական քարոզչութեան հնարաւորութիւնը` խեղաթիւրելու Հայոց ցեղասպանութեան ողբերգական ճշմարտութիւնները:

www.TheCaliforniaCourier.com

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Ռոպերթ Էլիբեկեանի Մտածումներուն Հետ

Յաջորդը

Մեր Պարտքերը Չեն Փակուած

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?