Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Մէջ Ծագումով Հայ Դասախօսը Ըսաւ, Որ «Ղարաբաղը Ծանր Գունդ Է Հայաստանի Համար»

Մայիս 25, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Le kharapagh est un boulet pour l՛Arménie.

Gérard Challiand, Ժերար Շալեան

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Բառացի թարգմանութիւնը կը նշանակէ, որ Ղարաբաղը ծանր բեռ է Հայաստանի համար (Le kharapagh est un boulet pour l՛Arménie):  Աքսորավայրերու եւ թիարաններու մէջ դատապարտեալներու ոտքին կ՛ամրացնէին երկաթեայ ծանր գունդ, որպէսզի չփախչին: Այս արտայայտութիւնը ունեցաւ Ժերար Շալեան Երեւանի ՀԲԸՄ-ի կեդրոնին մէջ, Հայաստանի մէջ Ֆրանսական դեսպանութեան կողմէ կազմակերպուած 16 մայիս 2019-ի դասախօսական երեկոյին:

Դասախօսին հմտութիւնը եւ կենսափորձը կասկածի ենթարկելու միտում չունիմ: Բայց ճիշդ չէ հայ ժողովուրդի պատմութեան ներկայ ազգային-քաղաքական վերածնունդի այս օրերուն պարզ տնտեսական ազդակի մը վերածել ժողովուրդի ազատագրական պայքարը: Ճիշդ չէ նաեւ համաշխարհային ճատրակի տախտակին վրայ որպէս մանրուք պատկեր դիտել ժողովուրդի մը բզկտուած հայրենիքի քարտէսը` առանց նկատի առնելու պատմութիւն, մշակոյթ, բնիկ եւ բազմիցս բիրտ ներխուժումներու ու այլազան քաղաքական  առեւտուրի պատճառով անիրաւուած ժողովուրդի մը կացութիւնը եւ ապրելու իրաւունքը: Ժերար Շալեանը շատ լաւ գիտէ մոլորակի տարբեր անկիւնները տեղի ունեցած եւ տեղի ունեցող ազատագրական պայքարներու պատմութիւնը, գիտէ անոնց համար ժողովուրդներու վճարած գինը:

Ժերար Շալեանը ոչ առաջինն է եւ ոչ ալ վերջինը` քաղաքական մարգարէներու, որոնք հայոց եւ հայ ազգի իրաւունքը աճուրդի ուզած են հանել յանուն ռէալ փոլիթիքի: Թէեւ հանրային կարծիքի յիշողութիւնը միշտ կարճ կ՛ըլլայ, բայց դեռ յիշողներ ըլլալու են, որ Հայաստանի առաջին նախագահի օրերուն Աշոտ Բլէյեանը աղմկայարոյց յայտարարութեամբ մը ըսաւ, որ մինչեւ այսօր ղարաբաղցիները գիտցած են ապրիլ ազերիներու հետ եւ ասկէ ետք ալ կրնան ապրիլ: Նոյնինքն Լեւոն Տէր Պետրոսեանը հրաժարելու մղուեցաւ ազատագրուած Արցախը Ազրպէյճանի կազմին վերադարձնելու իր վարքագիծին համար:

Այսինքն, վասն ռէալ փոլիթիքի Ղարաբաղէն հրաժարելու, Հայաստանի ոտքին ամրացուած թիապարտի երկաթեայ գունդէն ազատելու վերաբերումը, որուն հարկ է ճիշդ անուն տալ, միշտ վերանորոգուող նահանջական տեսութիւն է, որ բնական կրնայ թուիլ աշխարհի իրաւարարներուն, բայց եթէ պճեղ մը գիտակցութիւնը ունինք մեր անցած պատմութեան ուղիին եւ իրաւունքին, ան ըստ ամենայնի անընդունելի է մեր լինելութեան տեսանկիւնէ: Ինչո՞ւ Ֆրանսացին, 1870-ի Գերմանիոյ դէմ իր պարտութենէն ետք, երեսուն տարի շարունակ, մինչեւ Ա. Աշխարհամարտի սկիզբը, իր աչքերը յառած պահեց գրաւեալ Վոժ լեռներու կապոյտ գիծին:

Ժերար Շալեանին քաղաքական տրամաբանութիւնը պատճէնահանումն է մեծապետական կայսերական քաղաքականութեան, որ ազգերը, անոնց իրաւունքները եւ դարաւոր ինքնուրոյնութիւնները կ՛անգիտանայ` անշեղ կերպով հետեւելով մեծ քահանայապետի քննադատած «դրամի միջազգային կայսերապաշտութեան» բանաձեւին, որ իր արժէքներու տախտակին վրայ տեղ չունի ժողովուրդներ դժբախտացուցած պատմական չարիքներու սրբագրութեան համար: Պարզ բառով` բարոյականի: Այդ հասկնալու համար նայեցէ՛ք Ափրիկէի երկիրները իրարմէ բաժնող քանակով եւ ուղիղ գիծերով քարտէսին, որ նկատի չէ առած այդ հողերու վրայ ապրած մարդոց եւ հաւաքականութիւններու ընկերամշակութային տարածքները: Ազգերու եւ ժողովուրդներու ճակատագիրը որոշել հեռու տեղ մը` քարտէսներու վրայ գիծեր քաշելով, յոռեգոյն եղանակն է խաղաղութիւն հաստատելու առաջադրանքներու: Կացինով քարտէս գծել` քաղաքական չարիք է:

Այս է հայկական աշխարհի քարտէսի պատմութիւնը, որուն անօրինական օրինականութիւն տրուած է դաշնագրերով: Ո՞վ, ո՞ր քաղաքագէտ իմաստունը, բարոյականութեան հպատակող ղեկավարը կրնայ արդարացնել, որ Արցախը յանձնուի ուրիշ պետութեան մը, որուն հետ բնիկ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին ոչինչ ունեցած է, այսօր ալ չունի հասարակաց. անցեալ, լեզու, մշակոյթ, կրօն, տուեալ տարածքի վրայ պատմութիւն:

Հարկ է ընդլայնել մտածման ծիրը: Միջազգային համայնքը եւ անոր կազմակերպութիւնները ո՞ր ռէալ փոլիթիքով կրնան արդարացնել, որ Հայաստանի սահմանէն քարընկէց մը հեռու գտնուող հայոց պատմական մայրաքաղաքը գտնուի ուրիշ երկրի մը սահմաններէն ներս: Այս կացութիւնը չի՛ բացատրուիր ո՛չ հաշտութեան դաշնագրով, ո՛չ միջազգային հաւասարակշռութեան մը որոնումով: Անոր մէկ սահմանում կարելի է տալ` հետեւելով Ա. աշխարհամարտի ընթացքին Միացեալ Նահանգներու` Թուրքիոյ մէջ դեսպան Հանրի Մորկընթաուի բանաձեւին. քաղաքական աւազակութիւն: Քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ ինքնաշարժ  գողցողին դէմ դատ կրնանք բանալ, պետութեան ադարադատութիւնը կը հետապնդէ գողը: Մեծ խօսքերու ճառերու ներկայ ժամանակաշրջանին աշխարհի ճակատագիրը որոշող իրաւարարները կրնա՞ն ըսել, թէ ո՛ւր պէտք է դիմել հայրենիք կողոպտողները դատելու եւ իրաւունք վերականգնելու համար:

Միջազգային հաւասարակշռութիւններու քարտէսները իրաւունք չեն սահմաներ: Հայրենիքի մը տիրութեան սահմանումը տնտեսական ազդակներու չի հպատակիր: Ասիկա քաղաքական ռոմանթիզմ չէ: Ազգի միութիւնը, միասնականութիւնը, տոկալու եւ տեւելու հրամայականը, եւ ինչո՞ւ խուսափիլ ռէալ փոլիթիք չհամարուող նաեւ հայրենիքի սէրը չեն ստորադասուիր մասնաւոր շահերու, անոնք ըլլան սեփական թէ դրացիներու, եւ կողմնապաշտութիւններու: Վերջինները այնքա՜ն մաշեցուցած մեզ մեր դժուար պատմութեան ընթացքին:

Մեծ ժողովներու մէջ շատ կը խօսուի քաղաքացիներու հաւասարութեան, իրաւունքներուն եւ պարտաւորութիւններուն մասին: «Ղարաբաղ»-ը` անուանափոխութեան ենթարկուած հայկական Արցախը, ինչո՞ւ չի դիտուիր ազգերու հաւասարութեան եւ իրաւունքներու ծիրէն ներս, ինչո՞ւ Արցախը պիտի դիմաւորուի որպէս Հայաստանի ոտքին ամրացուած երկաթեայ գունդ, երբ ան Հայաստան է:

Հզօրներու գերղեկավարման դէմ պէտք է մնայուն կերպով պայքարին գիտակից ժողովուրդները, որպէսզի չկորսուի իրաւահասարութեան յոյսը:

Երբ յարգելի դասախօսը քաղաքագէտի իր միտքը յայտնեց Հայաստանի ոտքին ամրացուած թիապարտի երկաթեայ գունդի մասին, որ կը նշանակէ, թէ Արցախը կ՛արգելակէ Հայաստանի տնտեսական զարգացումը, յիշեցի նաեւ Հայաստանի կարգ մը քաղաքական դէմքերու նոյնիմաստ արտայայտութիւնները, մտածեցի սահմանին վրայ հայրենիքի պահակ կանգնողներու մասին:

Երեւակայեցէ՛ք պահ մը, որ այդ պահակ կանգնող եւ զոհ ըլլալու թիրախ տղոց ըսուին այդ իմաստութիւնները, սահմանները կ՛ըլլան բաց եւ Հայաստան ալ չի մնար: Իսկ հեռու աշխարհներ նստած, ինչպէս ըսած եմ ասկէ առաջ, Արարատի գագաթը մոմ կը վառենք, հեռաստաններէն այդ մոմի բոցով կը ջերմանանք, հայրենասիրական երգեր եւ ճառեր կը հնչեցնենք շաբաթավերջերուն:

Le kharapagh est un boulet pour l՛Arménie. «Ղարաբաղը բեռ է Հայաստանի համար»:

Երեւանի մէջ յարգելի դասախօս մը այս ըսաւ: Կարեւոր թիւով երիտասարդներ ներկայ էին, հաւանօրէն` ֆրանսական համալսարանի ուսանողներ:

Ինչպէ՞ս կարելի է չլսել միջազգային համբաւ ունեցող յարգելի քաղաքական մեծ մեկնաբանի խօսքը: Սահմանին վրայ գտնուող զինուորները հոն չէին, բայց ուսանող երիտասարդներ կային, որոնցմէ ոմանք օր մը կրնան կոչուիլ երկիր առաջնորդողի դիրքին:

Հայաստան եւ սփիւռքներ պէտք է գիտնալ հակազդել ժողովուրդներու իրաւունքը տնտեսական հաշիւի վերածող մեծապետական վարդապետական խօսքերու:

Ղարաբաղը Հայաստանի համար բեռ չէ: Ան Հայաստան է:

Հայաստանը բե՞ռ է հայուն համար:

Հայը, հայութիւնը եւ հայ քաղաքական միտքը պէտք չէ խեղճացնել:

Ո՛չ ներսը, ո՛չ դուրսը:

18 մայիս 2019, Երեւան

Նախորդը

Վանական Համալիրը` Վրաց-Ազրպէյճանական Կռուախնձոր

Յաջորդը

Նուիրեալ «Խենթ»-ին Պատուիրանները (Գ. Ինճեճիկեանի Յիշատակին)

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?