Երէկ` երեքշաբթի, 14 մայիսին, Լիբանանի թեքուանտոյի պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Մանչեսթըր (Անգլիա)` իր մասնակցութիւնը բերելու տղոց եւ աղջկանց թեքուանտոյի աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 15-19 մայիսին:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին նախագահ Հապիպ Զարիֆէ: Անոր կ՛ընկերանան նաեւ ֆետերասիոնի այլ անդամներ:
Իսկ խումբին մաս կը կազմեն հետեւեալ մարզիկները` Մարք Խալիֆէ, Ռալֆ Հընէյնէ, Քրիսթոֆըր Սապպաղ, Ռոնի Ապու Հալքա, Լէոնարտօ Շէյպան, Ռայան Տըլպանի, Ռէյ Ռահի, Լեթիսիա Աուն, Աննա Հատտատ եւ Սարա-Լին Թանիոս: