Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, կիրակի, 12 մայիսին, «Ար. Փի. Էմ.»-ի վազքուղիին վրայ (Մըթէյն) տեղի ունեցաւ Լիբանանի Քարթինկի 2019-ի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումը:
«ԷՔՍ.-30-Ժունիոր»-ի մրցումին, Ռալֆ Էթիեմեզեան (12 տարեկան) յաջողեցաւ բաւական լաւ արդիւնք մը արձանագրելով գրաւել առաջին դիրքը:
Իսկ «ԷՔՍ.-30 Սինիըր»-ի մրցումին, անոր եղբայրը` Քարլ Էթիեմեզեան (14 տարեկան), գրաւեց 2-րդ դիրքը:
Ընդհանուր դասաւորման մէջ այժմ Ռալֆ կը գրաւէ առաջին դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 135 կէտ: Անոր ամէնէն մօտիկ մրցակիցը ունի 102 կէտ:
Իր կարգին, Քարլ ընդհանուր դասաւորման մէջ կը գրաւէ առաջին դիրքը` 126 կէտով: Անոր անմիջական մրցակիցը ունի 117 կէտ:
Ախոյեանութեան աւարտին մնացած է երկու հանգրուան: