Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղցկեղի Կանխարգիլման Դասախօսութիւններու Շարք Թիւ 3. Տոքթ. Համբիկ Քուրիէ Դասախօսեց «Միզամանի Քաղցկեղ» Նիւթը

Մայիս 10, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբին եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին, քաղցկեղի կանխարգիլման նիւթով դասախօսութիւններու շարքին երրորդը` «Միզամանի քաղցկեղ» խորագիրով դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 9 մայիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Դասախօսն էր քաղցկեղի մասնագէտ տոքթ. Համբիկ Քուրիէ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի ընկերային ծառայող Գէորգ Փոնթիկեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ յայտնեց, որ դասախօսական այս շարքը նախաձեռնած են Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբը եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը: Ապա Գէորգ Փոնթիկեան անդրադարձաւ դասախօսական շարքի նպատակին, որ խորհուրդներ եւ գիտելիքներ տրամադրել է:

Այնուհետեւ հրաւիրեց քաղցկեղի մասնագէտ տոքթ. Համբիկ Քուրիէն ներկայացնելու «Միզամանի քաղցկեղ» նիւթը:  Ան նշեց, որ «Եու.Էս.Ժի.» համալսարանին մէջ կատարուած հարցախոյզին համաձայն, մարդիկ չեն գիտեր տարբերութիւնը փրոսթաթին եւ միզամանի քաղցկեղին: Ան յայտնեց, որ միզամանի քաղցկեղը փրոսթաթ չէ: Անիկա կիներու եւ տղամարդոց քով կրնայ պատահիլ: Քննութիւններ կան, որոնք պէտք է կատարուին` քաղցկեղը յայտնաբերելու եւ ախտաճանաչումը կատարելու համար: Միզամանի քաղցկեղը հազուագիւտ տեսակ մըն է եւ կարելի չէ բոլոր լիբանանցիները եուրոսքան կամ նատուր ընել` նկատի ունենալով քննութեան սուղ ըլլալը: Ներկայիս մէզին մէջ քննութիւն մը կը կատարուի` գիտնալու համար, թէ մէզին մէջ քաղցկեղի բջիջներ կա՞ն, թէ՞ չկան, որ շատ վաւերական չէ: Կան որոշ ախտանշաններ, ինչպէս` մէզին մէջ արիւն երեւելու, մէզին գոյնը մութ ըլլալու, շատ բաղնիք մտնելու, տարին քանի մը անգամ մէզի բորբոքումի եւ միզամանի ցաւերու պարագաներուն պէտք է դիմել մասնագէտ բժիշկի եւ կատարել քննութիւններ:

Ապա տոքթ. Համբիկ Քուրիէ խօսեցաւ երիկամունքներու դերին մասին եւ ըսաւ, թէ անոնք կը մաքրեն մեր արիւնը, ապա մնացեալ բաժինը կ՛ուղղուի միզաման: Հոն յայտնաբերուած պզտիկ ուռը արիւնահոսութիւն կը պատճառէ: Եթէ հիւանդութիւնը իր նախնական աստիճանին մէջ յայտնաբերուի, կը բուժուի: Սակայն եթէ այս հիւանդութիւնը միզամանի մկանին մէջ հասնի, այն ատեն մասնագէտ բժիշկը կը դիմէ ճառագայթով բուժումի (chemiotherapy), կը ստիպուի նաեւ միզամանը հանել եւ երբեմն դէպի դուրս կամ ներս միզելու տոպրակ  դնել: Պէտք չէ հիւանդութիւնը զարգացած աստիճանի հասցնել` չդժուարացնելու համար բուժումը: Դասախօսը նշեց նաեւ, որ Պելճիքայէն ետք Լիբանան աշխարհի երկրորդ երկիրը կը դասուի միզամանի քաղցկեղի քանակով: Աշխարհի վրայ կէս միլիոն մարդիկ միզամանի քաղցկեղէ կը տառապին: Երբ մաքրուի այս քաղցկեղը, կրկին պիտի յայտնուի: Պէտք է միշտ քննութիւններ կատարել: Տարիքը շատ մեծ դեր ունի:

Տոքթ. Համբիկ Քուրիէ թուեց այն պատճառները, որոնք այս հիւանդութիւնը կը յառաջացնեն, ինչպէս` ծխախոտը, բորբոքումները, ջուրի ապականումը (արսենիքի բարձր քանակը ջուրին մէջ), ժառանգական տուեալները, ճառագայթով կարգ մը բուժումներ, եթէ անհատը ներկարար է եւ ներկին հետ ուղղակի առնչութիւն ունի: Ամէն քաղցկեղ իր բուժման ձեւը ունի: Քննութիւններու ընթացքին պայոփսի եւ յետոյ սքեն պէտք է ըլլայ անհատը` ճշդորոշելու համար, թէ հիւանդութիւնը տարածուա՞ծ է, թէ՞ ոչ: Եթէ կանուխ գիտցուի հիւանդութիւնը, մասնագէտ բժիշկը կը մաքրէ մէջէն նատուրով, իսկ եթէ հիւանդութիւնը յառաջացած վիճակի մէջ է, վեց անգամ ճառագայթով բուժում պէտք է ըլլայ: Իմիունոթերափին դարձեալ մեծ դեր ունի այս հիւանդութիւնը բուժելու մէջ եւ յոյս կու տայ հիւանդին երկար տարիներ ապրելու:

Աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին տոքթ. Համբիկ Քուրիէին, որ սպառիչ լուսաբանական պատասխաններ տուաւ: Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 

 

Նախորդը

Պարտաւոր Ենք Ամրապնդել Մեր Պաշտպանութիւնն Ու Անվտանգութիւնը

Յաջորդը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Արուեստագէտ Գրիգոր Ակոբեանի Ալպոմի Մակագրութիւն Եւ Անհատական Հաւաքածոյի Ցուցահանդէս

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 8, 2025
Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական  Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները  Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Մայիս 8, 2025
Բագրատունի. «Ոճիրի Նահատակները  Դարու Վկաներն Են»
Գաղութային

Բագրատունի. «Ոճիրի Նահատակները Դարու Վկաներն Են»

Մայիս 8, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?