Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ապրիլեան Յանկերգը` Սպիտակ Տունէն… Սպիտակ Պալատ

Մայիս 4, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ոչինչ փոխուած է Սպիտակ տան մէջ: Կը պարզուի, որ ամէն տարի, ապրիլ 24-ին, նախագահական ուղերձ պատրաստող պաշտօնեան կ՛օգտագործէ նախորդ տարիներու գրութիւնները` զանազան պարբերութիւններ առջեւ-ետեւ տեղադրելով, կարգ մը չնչին փոփոխութիւններ ալ կատարելով, բնականաբար ի մտի ունենալով «կտրել ու փակցնել»-ու գործելաձեւը:

Գերարդիական պայմանները այնքան դիւրացած են, որ մկրատի կարիքն ալ չկայ: Համակարգիչին ստեղնաշարին վրայ գիր մը կամ նշան մը սեղմելով, կարելի է գրել նոր ուղերձ մը:

Իսկ նախագահն ալ, յատկապէս` ներկայ Սպիտակ տան վարձակալը, որուն գերագոյն նպատակը իր կեցութիւնը չորս տարիով երկարաձգելն ու տուգանային «թնճուկ»-ը մոռացութեան մատնելն է, առանց ամենադոյզն ստուգման կամ վերանայման` թութակի մը նման կը կարդայ իրեն տրամադրուած էջ մը գրութիւնը: Եթէ վերջերս Ֆրանսայի նախագահները դժուարութեամբ, սակայն խոր համոզումով հնչեցին ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ բառը, նախագահ Թրամփ յաջորդաբար երրորդ անգամ ըլլալով բաւական դժուար առոգանութեամբ «կարդաց» Եղեռնը:

Այս սովորութիւնը կամ լափալիսեան ճշմարտութիւնը կարելի չէ գործածել քաղաքականութիւն կոչեցեալ բնագաւառին մէջ:  Խրթին, բարդ եւ անակնկալներով լի բնագաւառ մը: Ստանձնել Միացեալ Նահանգներու նման մեծ պետութեան մը թիւ մէկ ղեկավարի պաշտօնը եւ ըստ այնմ գործել, յատկապէս` միջազգային-արտաքին յարաբերական գործունէութեան դաշտէն ներս, շատ աւելի հետեւողականութեան, ճկունութեան եւ ուշիմութեան կը կարօտի:

Եթէ ժամանակին ղեկավարութեան մը Աքիլլէսի կրունկը կարելի էր նշել կամ յայտնաբերել, այս պարագային բազմաթիւ են աքիլլէսեան կրունկները, որոնց կարգին` յատկապէս արտաքին քաղաքականութիւնը, ուր յստակ է, թէ հարցերը անտարբերութեամբ եւ մակերեսային ձեւով կը հետապնդուին` առանց խոր ուսումնասիրութիւններ եւ վերլուծումներ կատարելու: Այսպէս, տարիներէ ի վեր «outsource» կացութեան մը մէջ է Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը, յատկապէս Միջին Արեւելքի պարագային, ուր վստահաբար շատ են առիւծի բացակայութեան դեր ստանձնողները անտառին մէջ:

Բնականաբար Սպիտակ պալատն ալ (թուրք նախագահին նորակառոյց բնակատեղին Անգարայի մէջ), յանձինս ներկայ վարձակալ կամ մշտնջենական բնակիչի մարմաջով, Էրտողանի, այս գծով կը շարունակէ ո՛չ միայն ուրացման քաղաքականութիւնը, այլ նաեւ` շրջանէն ներս սուլթանական ոճով իշխելու գործընթացը, բնականաբար հանդիպելով իշխող այլ ուժերու ընդդիմութեան:

Վերջին քանի մը օրերուն պատահած երկու իրադարձութիւններ ցոյց կու տան ներկայ իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ:

Առաջին հերթին` Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին այցելութիւնը (երկրորդ անգամ ըլլալով) Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարան: Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ  գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ պարզ տեսակցութիւն մը չէր ապրիլ 24-ի սեմին պատահածը, այլ դեսպանը սրտբացօրէն արտայայտուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին` շեշտելով, որ հայորդին, հակառակ հալածանքի եւ անարդարութեան ենթարկուելուն, յաջողեցաւ վառ պահել իր Դատը բոլոր այն ժողովուրդներու յիշողութեան եւ խղճին մէջ, որոնք կառչած կը մնան արդարութեան: Աւելի՛ն. դեսպանը նաեւ ուղղուեցաւ Նահատակաց յուշարձան, ուր ծաղկեպսակ զետեղեց Ցեղասպանութեան նահատակներու աճիւններուն առջեւ:

Այս կարեւոր իրադարձութեան կողքին, երկրորդ յիշատակելին Լիպիոյ արեւելեան շրջանի` զօրավար Հաֆթարի հրամանատարութեան տակ գտնուող ժամանակաւոր կառավարութեան նախարարներու խորհուրդը, որ կը վայելէ Եգիպտոսի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական էմիրութիւններու աջակցութիւնը, որդեգրեց 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը ճանչնալու բանաձեւը:

Հուսկ, քաղաքական այս ձեռնավարութիւնը` «մանիպուլացիա»-ն ոչ մէկ խոր ազդեցութիւն կամ տեւողութիւն կրնայ ունենալ: Երկար է ճանաչման, հատուցման եւ «Մեր հողեր»-ու պահանջի ուղին:

Նախորդը

Ի Յուշ . Ազգային (Խոնարհ) Հերոս` Գաբրիէլ Ինճեճիկեան

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցով Թրամփ Նոյնքան Վախկոտ Է, Որքան` Օպաման, Կրտսեր Պուշը, Քլինթընը Եւ Աւագ Պուշը

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?