Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Երբ Արդարութիւն Պահանջողը Չի Վհատիր…

Մարտ 20, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Միջազգային մամլոյ աղբիւրներ որոշ չափով արձագանգեցին Պի.Պի.Սի.ի 14 մարտի այն լուրին, ըստ որուն, անգլիացի նախկին բանակային մը դատական հետապնդումի պիտի ենթարկուի 10 յունուար 1972-ին Հիւսիսային Իրլանտայի մէջ ցուցարարներու սպանութեան մասնակից ըլլալու յանցանքով: Զինուորին ինքնութիւնը չէ հրապարակուած, ան կը ներկայացուի «Էֆ.» անունով, կ՛ըսուի, որ 66 տարեկան է, մաս կը կազմէ բանակայիններու խումբի մը, որուն, խորքին մէջ, աւելի քան 20 անդամները մեղադրանքի տակ են, ցուցարարներու վրայ անտեղի եւ անհարկի կերպով կրակած ըլլալու եւ 14 հոգիի մահուան պատճառ դարձած ըլլալու յանցանքով:

… Իրլանտական Լանտընտերի քաղաքը պատմական դէպքերու բեմ դարձած է 70-ականներուն: Առանց մտնելու մանրամասնութեանց մէջ` միայն յիշատակենք, որ առերեւոյթ կաթոլիկ-բողոքական դիմագիծով ներկայացող հակամարտութիւնը ըստ էութեան կը նպատակադրէր վերջ դնել բրիտանական «գրաւման» եւ տիրապետութեան` հանդիսանալով նորագոյն մէկ էջը այն տագնապին մէջ, որ կ՛երկարի դարերու վրայ: Եթէ մէկը պատմութեան էջերը պրպտէ, պիտի նկատէ, որ իրլանտացիներուն ու անգլիացիներուն միջեւ արձանագրուած են արիւնալի այնպիսի էջեր (մէկ տարբերակն ալ` սկովտիացիներուն հետ), որոնք փուլ առ փուլ կուտակած են ատելութիւն` հանդէպ անգլիացիներուն. հակադրութիւնը որոշ գիծերու մէջ կը յիշեցնէ այն տխուր դրուագները, որոնք կերտուած են Թուրքիոյ հայահալած վարքագիծին պատճառով, այն ձեւական տարբերութեամբ, որ մեր պարագային, կար կրօնական գործօնը` իսլամ-քրիստոնեայի հակադրութիւնը, մինչդեռ հոն առերեւոյթ միջքրիստոնէական յարանուանական է տագնապը, իսկ ըստ էութեան, ինչպէս մեր պարագային` ազգային ինքնուրոյնութեան պահպանման, ինքնորոշման եւ ազատագրումի հարց է:

1972-ի յիշեալ դէպքը պատմութեան անցած է «Արիւնալի կիրակի» անունով: Խաղաղ ցոյցի ելած իրլանտացիներ նախ իրենց դիմաց գտած են բրիտանացի ոստիկաններ (շրջանը կը գտնուէր բրիտանական գրաւումի տակ, հետեւաբար ոստիկաններու եւ բանակայիններու ներկայութիւնը արտասովոր չէր), իսկ երբ ոստիկանութիւնը անկարող դարձած է հակակշռելու ցուցարարները, դիմած է բանակայիններու աջակցութեան: Հետեւանքը` «Արիւնալի կիրակի»-ն, որ պատճառ դարձաւ Անգլիոյ դէմ իրլանտացիներու պայքարին սաստկացման, Իրլանտայի յեղափոխական բանակի` Էյ. Ար. Էյ.-ին աւելի կազմակերպ ու բիրտ գործողութեանց շղթայազերծման: Մնացեալը արդէն պատմութիւն է. իրլանտացիք տասնամեակներ շարունակ զինեալ պայքար մղեցին, ԻՅԲ-ը դասուեցաւ ահաբեկչական խմբաւորումներու ցանկին, անոր կարգ մը անդամները նա՛եւ խաղաղ ցոյցերով ու զիրենք մահուան առաջնորդող հացադուլերով բարձրացուցին իրենց բողոքի ձայնը, մինչեւ որ շուրջ 20 տարի առաջ, անգլիացիք ի վերջոյ ստիպուեցան բռնել զիջումի ու նահանջի ճամբան: Այսօր հակադրութիւնը բոլորովին չէ դարմանուած եւ վերջերս նոր արտայայտութիւններ կը գտնէ… Եւրոպական շուկայէն Բրիտանիոյ հեռանալու ծրագիրին ծիրին մէջ Իրլանտայի ծանօթ կեցուածքին պատճառով:

Հակադրութիւնն ու յարակից պատմութիւնը թողունք պատմութեան, փակագիծը փակենք եւ վերադառնանք «Էֆ.» կոչուած բանակայինը դատարան կանչելու լուրին:

Այս պատմութիւնն ալ նորութիւն չէ: «Արիւնալի կիրակի»-ին դէմ բողոքի ու յանցաւորները հաշուետուութեան կանչելու պահանջները սկիզբ առած են դէպքերու յաջորդ օրերուն իսկ, սակայն Լոնտոն հաւատարիմ մնացած է ուրացողի, բռնադատողի եւ արհամարհողի իր վարքագիծին: Մօտաւորապէս 20 տարի ետք լռութեան ու յանցապարտութեան պատին վրայ առաջին ճեղքերը ի յայտ եկած են, պաշտօնական քննութիւն բացուած է դէպքին ծալքերուն ու զինուորներուն կրակ բանալու դրդապատճառներուն մասին: Քննութիւնները ի յայտ բերած են, որ կրակող զինուորները սուտ վկայութիւն տուած էին` պատճառաբանելով, որ զինեալ ցուցարարներու դէմ յանդիման էին եւ յանցապարտութենէ զերծ մնալու ապահովութիւն ստացած էին:

Քննութիւններն ու հետախուզութիւնները կտրած են քանի մը հանգրուան, իւրաքանչիւր փուլ նորութիւններ ի յայտ բերած է, միչեւ որ գրաւող ուժերուն կողմէ անհարկի կրակոցները բարձրացուցած են դատապարտանքի արդար ձայներ: Բրիտանիոյ վարչապետներէն Տէյվիտ Քամերոն եւ Թոնի Պլեր իրենց օրերուն հաստատած են իրենց բանակայիններուն մեղապարտութիւնը, Պլեր մինչեւ իսկ ներողութիւն խնդրեց զոհերու ընտանիքներէն…

Հակառակ այս բոլորին` «Էֆ.» կոչուած զինուորին դէմ դատական հարց յարուցելու լուրը բողոքի ձայն բարձրացնելու առիթ տուաւ բանակայիններու. աստիճանաւոր մը ըսաւ, որ աւելի քան 40 տարի անցած է դէպքերէն, զինուորները ակնթարթային հակազդեցութիւն ունեցած են բիրտ արարքներու, եւ կարելի չէ այսքան տարի ետք զանոնք հաշուետուութեան կանչել (ի դէպ, 20 կասկածելիներէն մէկը արդէն մահացած է անցեալ տարի…): Սակայն փաստերը ցոյց կու տան, որ զինուորները անհարկի կերպով զէնքի դիմած են, ցուցարարները զինուած չէին  (բացի մէկէն), սպանեալները անզէն էին ու կարելի էր նման արիւնահեղութենէ խուսափիլ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ կարելի էր խուսափիլ նաեւ յաջորդ տասնամեակներու բիրտ արարքներէն ու հակադարձութիւններէն…

Վաղը-միւս օր յայտնի կ՛ըլլայ, թէ խնդրոյ առարկայ զինուորը ինչպիսի՞ դատավարութեան պիտի ենթարկուի, երբ կը սպասուի անոր ինքնութեան բացայայտումը: Աւելի՛ կարեւորը, սակայն, այն իրականութիւնն է, որ «Արիւնալի կիրակի»-էն աւելի քան 45 տարի ետք զոհերուն ընտանիքները եւ անոնց զօրակցողները չեն հրաժարած իրենց դատէն, արդարութիւն կը պահանջեն, կան առաջին փուլերու ստապատիր վկայութիւններն ու ուրացումները հերքող փաստեր: Այսօրուան նոր տուեալներով, արդարութեան խօսքը կը թուի անխուսափելի:

Արդարութիւնը չի կրնար անվերջ լռութեան մատնուիլ ու քաղաքական հաշիւներու զոհ դառնալ, երբ զայն պահանջողը չի վհատիր, կան փաստուած ոճիրներ, կան յանցապարտներ: Ոճրագործը կրնայ ըլլալ անհատ զինուոր, անոր ետին կանգնող պետութիւն կամ ցեղասպանութիւն գործած կառավարութիւն, ինչպէս որ է պարագան Թուրքիոյ ու երէկի եւ այսօրուան այլ ոճրագործ կառավարութիւններու:

16 մարտ 2019

 

Նախորդը

Երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեան Սուրիական Կնոջական «Զահրեթ Սաուսան» Ամսագիրին. «Պատիւ Ունիմ Դառնալու Առաջին Հայ Կին Երեսփոխանը Արաբական Աշխարհին Մէջ»

Յաջորդը

Ծովածաւալ Բազմութիւն Մը Վերջին Հրաժեշտը Տուաւ Մութաֆեան Պատրիարքին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?