Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիրքերու Հետ

Փետրուար 9, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սողոմոն Թեհլիրեան 1896-1960  (Հեղ. Կարօ Յովհաննէսեան)
Խրիմեան Հայրիկ. Գաղափարի Եւ Ազատութեան Ջահակիրը (Հեղ. Վիգէն Աւագեան)*

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Մեր իրականութեան մէջ գիրքի ներկայացում կատարելէ առաջ նախ պէտք է շեշտել ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, որ գիրքը, մատեանը, գրաւոր հաղորդակցութիւնը ե՛ն ու պիտի մնան այն կռուանները, ապահով յենարանները, որոնցմով կարելի պիտի ըլլայ էապէս արժեւորել մարդկային ստեղծագործ միտքն ու վաստակը:

Կրկին ու կրկին յիշեցնել է պէտք օշականեան այն հրաշագեղ պատգամը` թէ «մատեան մը աւելի կ՛ապրի, քան մարմարը»: Եւ ահա խորհուրդներուն ամէնէն տիպականը եւ թելադրականութեան ամէնէն վսեմը:

Հարց կրնայ տրուիլ, թէ ինչո՛ւ այս աստիճանի կը մեծարենք հայ գիրքի ծնունդը, արդեօք ժամը չէ՞ հասած ըլլալու աւելի իրապաշտ կամ, այսպէս ըսած, աւելի դիւրահաղորդ, նկատի առած ժամանակակից կեանքի, մեր անմիջական շրջապատի պարզած խառնափնթոր վիճակը, հոգեմտային աշխարհի անապատացումը:

Մէկ կողմէ` արհեստագիտութեան ու գիտական նուաճումներու արագասոյր ընթացք, միւս կողմէ` նիւթականացած կեանքի ու վարքագծի անհակակշռելի արտայայտութիւններ. զեխութիւն, ապազգային ու ապաբարոյ մօտեցումներ եւ այլն, եւ ասոնց միջանկեալ ու հաւանաբար արանքին, անհաւասար պայքար ու մաքառումներ հոսանքն ի վեր` պահելու ու պահպանելու մարդկային տեսակն ու անոր գաղափարական աշխարհը լիցքաւորող մտածումներու փայլքը:

Արդ, հայ ընթերցասէր հասարակութեան սեղանին է արդէն երկու գիրք: Թէեւ իրենց ծաւալով փոքր, ձեւով մը առձեռն գիրքեր յիշեցնող, այդուամենայնիւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը աշխարհ մըն է ինքնին իր ընդգրկած բովանդակութեամբ եւ անկրկնելի տիպարներ ներկայացնելու մտասեւեռումով:

Գիրքերը գեղատիպ են, ճոխ, պատկերազարդ, ունին հոգեգրաւ տեսք, գրուած են պարզ բառերով եւ հեզահամբոյր ոճով: Գիրքերու աւարտին ներկայացուած ծանօթագրութիւնները յաւելեալ շունչ կը փոխանցեն` վեր առնելով մատուցուած նիւթերուն լրջութիւնը:

Ճիշդ է, որ անոնք յօդուածաշարքի մէկտեղումն են, այսինքն` մամուլով հրատարակուած, այս պարագային` «Ազդակ»-ի էջերուն լոյս տեսած, անոնք այլապէս ալ կը վայելեն հայ ընթերցասէրին ու գաղափարական երիտասարդութեան երախտագիտութիւնը:

Ի դէպ, նորութիւն մը ըսած չենք ըլլար եթէ երբեք վերստին ընդգծենք, թէ հայ մամուլը իր առօրեայ լրատուական էջերու կողքին շտեմարան մըն է բազմաբնոյթ յօդուածաշարքերու եւ հրապարակագրական բեղուն աշխատանքի, որոնց հարկ է ցուցաբերել յատուկ հոգատարութիւն եւ գիրքերու ծածկին տակ անոնց կենդանութիւն շնորհել: Ահաւասիկ մարտահրաւէր մը եւս դաժան այս օրերուն, որպէսզի հայ գրաւոր մամուլի ճակատագիրին վիճակուած վերջալոյսը տակաւ ուշանայ:

Այս առումով` ողջունելի է զոյգ գիրքերուն հրատարակութիւնը եւ արժանի մեր բոլորին գնահատանքին:

Ինչ կը վերաբերի «Արամ Մանուկեան» մատենաշարին, որուն թիւ 1 եւ թիւ 2 գիրքերը արդէն լոյս տեսած են, խորքին մէջ, լոյսի նշոյլ մըն է, իբրեւ հարազատ ժառանգորդը նախորդ մատենաշարերու եւ յուսադրիչ երեւոյթ` հետագայ տարիներու:

Խոստովանինք, որ շատ անգամ տուեալ գիրքի կամ գիրքերու վերընթերցմամբ` ձեւով մը պատեհութիւնը ստեղծած կ՛ըլլանք վերստին ջրդեղելու հոգեկան ու մտային մեր աշխարհը, այլապէս գաղափարական մեր ծարաւը յագեցնելու հրամայական պահանջով:

Այո՛, ընթերցասիրութիւն եւ գաղափարական աշխարհ. 21-րդ դարու, այսպէս ըսած, ամէնէն տխուր կացութիւններու մէջ եղող բառակապակցութիւնները:

Ինչեւէ, անցնինք մեր ածուին:

Չափազանցած չենք ըլլար, եթէ երբեք հաստատենք, որ խանդավառութեամբ եւ մեծ հաճոյքով ընթերցեցինք վերոնշեալ գիրքերը, ինչպէս է պարագան հայաշունչ ու գաղափարական այլ գիրքերու:

Խանդավառութեամբ, ոչ թէ անոր համար որ ծանօթ չէինք բովանդակութեան, դիպաշարերուն կամ հրաշալի տիպարներուն, այլ որովհետեւ նման եզակի կազմաւորումի, ինքնուրոյն մտածելակերպի եւ անգնահատելի վաստակի տէր անձնաւորութիւններու մտածումները, վարքն ու բարքը, հայրենապաշտի, ժողովրդանուէրի շունչն ու ազգային ազատագրական պայքարին իրենց մատուցած գերազանց նուիրումն ու ծառայութիւնը, այսօր, աւելի քան երբեք, նոյն ուժգնութեամբ կը հնչեն, իրենց ներկայութիւնը կը պարտադրեն, կ՛ահազանգեն ու մեզ զգաստութեան կը հրաւիրեն ազգովին:

Թոյլ տուէք, որ պահ մը զանց առնենք կենսագրական թէ յարակից մանրամասնութիւններ եւ կեդրոնանանք յախուռն կեցուածքներու եւ գաղափարանուէրի յատկութիւններու վրայ:

Փաստօրէն, երախտարժան երկու մեծութիւններու մասին է խօսքը: Ծնունդով վանեցի Մկրտիչ Խրիմեան (Խրիմեան Հայրիկ) եւ Արեւմտեան Հայաստանի Դարանաղեաց գաւառի զաւակ Սողոմոն Թեհլիրեան:

Մկրտիչ Խրիմեան ճաշակելէ ետք կեանքի ամէնէն դառն պայմանները (որբութիւն, չքաւորութիւն, իրաւազրկում, հարազատի թէ ընտանիքի կորուստ եւ այլն), կը յաջողի կառուցել իր գաղափարի աշտարակը եւ նետուիլ պայքարի դաշտ, համեստ գիւղացիի մը պատմուճանը հանդերձած, այլապէս հասնելով հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ բարձրագոյն կոչումին` կաթողիկոսի գահին:

Ան, շնորհիւ իր վանեցիի յամառ կամքին ու ազնիւ նկարագիրին, զարգացումի եւ ինքնակերտումի կիրքին, կը յաջողի գերազանցել ինքզինք եւ դառնալ իր ժամանակին լուսաւոր դէմքերէն մէկը, եթէ ոչ միակը, որ կրցաւ յեղաշրջել հասարակական մտայնութիւն մը ամբողջ, եւ այդ խաւարի տարիներուն, 19-րդ դարու կիսուն, ուր համատարած տգիտութիւնն ու ստրկամտութիւնը աւերներ կը գործէին հայ կեանքէն ներս, ան` Մկրտիչ Խրիմեան,  ապաւինած իր հանճարեղ մտքի փայլատակումներուն, յեղաշրջեց թաւալգլոր ընթացքի մէջ գտնուող երբեմնի գաւառի կեանքը ու դարձաւ ժամանակի ազատատենչ եւ ըմբոստ ոգին, որով պիտի կարենար դաստիարակել սերունդներ ու զանոնք մղէր զարգացման, յառաջդիմութեան, բարգաւաճման, ինքնահաստատման ու ինքնակառավարման:

Արդ, խօսիլ Մկրտիչ Խրիմեանի մասին, կ՛ենթադրէ շեշտադրել անոր կրթական մշակի, գրողի, խմբագիրի, հոգեւոր քարոզիչի, բայց մանաւանդ գաղափարապաշտի յատկութիւնները:

Որովհետեւ ան պիտի չկարենար նուաճել հայ ժողովուրդի սիրտն ու հոգին, եթէ երբեք կենդանի յուշարարը չըլլար իր բիւրեղ եւ անսայթաք մարդկային համոզումներուն, ազգային աւանդապահ ըմբռնումներուն եւ ժողովրդանուէրի կոչումին: Փաստօրէն, իր երիտասարդական տարիքին իսկ, եւ հակառակ իր դէմ ցցուած բազում խոչընդոտներուն, հալածանքին եւ նոյնիսկ մահափորձերուն, ան կրցաւ ստեղծել պաշտպանական համակարգ մը` շնորհիւ իր գաղափարապաշտութեան եւ գիտակցական մակարդակին:

Ան իր կեանքով մարմնաւորեց երկու հիմնական արժանիք. տիպար հայն ու հաւատամքի տէր քրիստոնեան, որոնք իրեն ուղեկից դարձան մինչեւ կաթողիկոսական հանգամանք:

Խրիմեան, իբրեւ ուսուցիչ, ընդյատակեայ կազմակերպութիւններու թեւ եւ թիկունք, հոգեւոր քարոզիչ թէ քաղաքական անձնաւորութիւն   չվարանեցաւ ստանձնել իր ժողովուրդին առաջնորդութիւնը, եւ ահա, անոր մեծագոյն արժանիքը, որով ղեկավարեց տառապեալ ազգ մը ամբողջ, իր թմբիրէն արթնցուց հասարակութիւն մը համակ, կրցաւ խտացնել ժամանակի յեղափոխական շունչն ու ոգին, տիրութիւն ընել ազգային համընդհանուր իղձերուն եւ տեսլականին, փորձեց ու անդադար աշխատեցաւ յանուն ժողովուրդի բարօրութեան ու հայրենիքի վերատիրացման եւ դարձաւ իր ժամանակին ամէնէն սիրուած անհատականութիւնը, հեղինակութիւնն ու սքանչելի ղեկավարը:

Ու մենք, իբրեւ ազգ ու հայրենիք, առանց պահ մը իսկ վարանելու եւ աւելի քան հարիւր յիսուն տարի ետք, ի լուր աշխարհին ու հայութեան կը յայտարարենք, թէ Ամենայն հայոց վեհափառ Խրիմեան Հայրիկ կը մնայ ազգին անփոխարինելի կողմնացոյցը, բոլոր ժամանակներու անկաշառ ու արարատապաշտ վեհափառը:

Հոս բաւարար է մէջբերել նոյնքան գաղափարապաշտ, նոյնքան ժողովրդանուէր ու անկրկնելի յեղափոխական եւ աշխարհիկ սուրբ Սիմոն Զաւարեանի դամբանական խօսքը` Հայրիկի վախճանման առիթով. «Լոյս, գիտութիւն տարածելը հայկական խաւարի մէջ, դպրոց բանալը, մամուլ, գրականութիւն ստեղծելը եղել է նրա ամենասիրած եւ ամենաառաջին գործը, զարթեցնել կամայականութեան տակ հիւծող մարդոց արժանապատուութիւնը, զարգացնել գերութեան մէջ ապրող հայի` ազգային ինքնաճանաչութիւնը, ահա Մեծ Մարդասէրի ջանքերից մին»:

Մկրտիչ Խրիմեան ո՛ւր ալ գնաց, Վասպուրական աշխարհի հարիւրաւոր գիւղերն ու աւանները, մինչեւ երբեմնի Պոլիս, Երեւան ու Պերլին, հանդիսացաւ այն բարեկարգիչ ղեկավարը, իր ժողովուրդին իրաւունքը պաշտպանող կղերականն ու իրապաշտ քաղաքական գործիչը, որ քարոզեց սկզբունք մը անառարկելի, թէ հայութիւնը, բացառապէս պէտք է ապաւինի իր սեփական ուժին եւ ստեղծագործ նկարագիրին. բոլորիս ծանօթ է «Երկաթէ շերեփի» պատգամը:

Այս առումով անոր քարոզները կը բորբոքեցնէին հասարակութիւն մը ամբողջ, իրաւատէրը ըլլալու անհատական ու ազգային իրաւունքի, սեփական ինչքի ու հազարամեայ հայրենիքին:

Ինչպէս չհրճուիլ ու չոգեւորուիլ, երբ այս գրքոյկին մէջ կը կարդանք սա յատկանշական վկայութիւնը` ըմբոստ եւ յախուռն խօսքի տէր Խրիմեանի Հայրիկին պատկանող:

Կը մէջբերեմ. «Անվախ Խրիմեան առիթով մը, Պոլիս, կը դիմէ եկեղեցւոյ մէջ ներկայ հայազգի դէմքերուն եւ խօսքը սուլթանի վառօդապետին` Տամատեան ամիրային ուղղելով կ՛ըսէ. Կը բաւէ՛ արքունիքին վառօդ մատակարարես: Ամբարած վառօդներէդ քիչ մըն ալ Հայաստանի հայերուն տուր` թշնամիներու դէմ գործածելու համար: Ապա, խօսքը արքունի ճարտարապետին` Պալեան ամիրային ուղղելով,  կ՛ըսէ. «Կը բաւէ՛ սուլթանին համար պալատներ շինես, եկո՛ւր, քեզի Հայաստան տանիմ, հոն մեր նախնիներու աւերակներ շատ կան: Եկուր եւ նորոգէ մեր փլած եւ կիսաւեր ամրոցները, բերդերն ու պալատները»:

Ու հարց կու տանք մենք մեզի, թէ ինչո՞ւ այս աստիճանի ազգին ջերմ սիրոյն ու գնահատանքին արժանացաւ Խրիմեան Հայրիկ:

Որովհետեւ ո՛ւր ալ գտնուեցաւ ան, Վարագայ վանքի վանահայր թէ Պոլսոյ պատրիարք, ցոյց տուաւ այնպիսի վճռակամութիւն, եռանդ ու աշխատանքի նուիրում, որ զինք շրջապատած հայութիւնը միշտ ալ  երկիւղածութեամբ յարգեց զինք ու լծուեցաւ ինքնասրբագրութեան եւ յաւելեալ աշխատանքի:

Աւելի՛ն. վարդապետական աստիճանէն հասնելով Պոլսոյ պատրիարքութեան աթոռին, ապա բարձրանալով Էջմիածնայ գահին, Խրիմեան հայրիկի ուղեկից եղան խոնարհութիւն ու ժուժկալ կեանք վարելու անձնդիր օրինակը:

Հակառակ անոր որ իր ժամանակին զուգադիպեցան հայ գրականութեան զարթօնքի առաջին ցոլքերը, Ազգային սահմանադրութեան հռչակումը, յեղափոխական-ապստամբական  տրամադրութիւններու նախաքայլերը, աշխարհաքաղաքական անբարենպաստ պայմանները, սուլթանի կատարած ջարդերն ու հայաջինջ ծրագիրներու գործադրութիւնը, եկեղեցական կալուածներու բռնագրաւում թէ հայ վարժարաններու փակումը եւ այլն, ան իբրեւ հոգեւոր մեծութիւն եւ խիզախ ղեկավար մնաց պատնէշի վրայ եւ դիմակայեց ամէն դժուարութիւն եւ սպառնալիք մինչեւ իր վախճանումը:

Խրիմեանի գրականութիւնը ունի մէկ խորագիր` Հայաստանն ու հայութիւնը, բացառապէս: Անոր գրական վաստակին ընդերքը կը տողանցեն հայու ցեղային առանձնայատկութիւնը, հայ ընտանիքը, ազգային աւանդութիւններ, հայրենի հողն ու դարաւոր մշակոյթը, ազգային բիւրեղ ժառանգութիւնն ու արարատապաշտութիւնը:

Ան` իբրեւ հանրային գործիչ եւ հոգեւոր քարոզիչ, ո՛ւր որ գնաց իրեն հետ տարաւ հայրենիքի բոյրը, համն ու հոտը: Չվարանեցաւ յայտնելու իր տեսակէտները, չհանդուրժեց կեղծիքն ու անպատկառը, եղաւ հինաւուրց յեղափոխական (Միքայէլ Վարանդեանի բնորոշումով) եւ ստեղծեց իր ինքնուրոյն արժեհամակարգը, որուն համար արժանացաւ Հայրիկ կոչումին եւ ազգի անմնացորդ յարգանքին, իբրեւ անզուգական բարեկարգիչ, շինարար ու հայակերտ վեհափառ:

Աւարտին, փոխ առնելով Խրիմեան հայրիկի այն խօսքը, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը ներկայացնէր «Հայկական նոր ասպետութիւնը», մենք ալ մեր կարգին կ՛ըսենք, թէ վանեցի Մկրտիչ Խրիմեանի ծնունդով ազգ ու հայրենիք ասպետացան, աւելի հայացան, իրենց կարգին ծնունդ տալով գաղափարի նուիրեալներու իրերայաջորդ փաղանգներ:

***

Սողոմոն Թեհլիրեան:

Անզուգական դիւցազուն մը, ապառաժեայ կամքի ու հաւատամքի տէր դաշնակցական մը,  որուն կենդանագիրը, գրեթէ ամբողջական, մեզի կը ներկայացուի սոյն գիրքին մէջ:

Կը խոստովանինք, որ գիրքը մէկ շունչով ընթերցեցինք: Եւ  ընթերցման պահուն, մենք ապրեցանք խայտանքն ու հոգեկանութիւնը այն իրականութեան, որ արդի հայոց պատմութեան մէջ արձանագրուած է իբրեւ նեմեսիսեան աշխարհ, իբրեւ թուրք ոճրամիտներ գետին փռած, զգետնած գերազանց արարք ու պատուաբեր նախաձեռնութիւն:

Նախաձեռնութիւն, որուն հեղինակն է ՀՅ Դաշնակցութեան 9-րդ Ընդհանուր ժողովը, որ տեղի ունեցաւ 1919-ին, Երեւանի մէջ, Արարատի սրբազան հայեացքներուն ներքեւ:

Յայտնենք, որ գիրքի ընթերցման ամբողջ տեւողութեան մեզի կ՛ընկերակցէր հիմնական մտածում մը, թէեւ հպարտացնող, բայց սիրտ ճմլող, որ, եթէ երբեք չըլլային այս տղաքը, վրիժառու եւ քաջաբար հարուածող տիպար դաշնակցականները, ազգընտիր ահաբեկիչները, ազգային արժանապատուութեան տէր եղող մահապարտները, ի՛նչ պիտի զգային սերունդներ, ի՛նչ պիտի զգայինք մենք այսօր:

Այս առիթով կը յիշենք, ուրիշ դիւցազունի մը` Արամ Երկանեանի սա յաւերժական պատգամը, թէ` «մեր մեռելները, հեռո՜ւ, հեռո՜ւ, անապատներու մէջ են: Եւ անոնք մեզմէ ծաղիկ չեն սպասեր, այլ` ոճրապարտ գանկերու արիւնը»:

Ահա ամբողջ աշխարհահայեացքը հայ Նեմեսիսին, որուն շարքերուն զինուորագրուած էին բազում վրիժառուներ, որոնց կարգին` Սողոմոն Թեհլիրեան: Ան իր ծննդավայրին` Վարի Բագառիճ գիւղի, Երզնկայի մերձակայքը, հարազատ զաւակն է եղած, ուր կը ստանայ իր նախնական կրթութիւնը: 17 տարեկանին կը մեկնի Սերպիա, ուր իր հայրը կը զբաղէր սուրճի վերամշակութեամբ եւ վաճառականութեամբ:

1914-ին կը պայթի Առաջին համաշխարհային պատերազմը: Հոկտեմբերին երիտասարդ Թեհլիրեան կը մեկնի Թիֆլիս եւ կը միանայ Անդրանիկի հրամանատարութեան տակ գտնուող Սեպուհի վաշտին:

1915 մայիսի վերջը Թեհլիրեան հայ կամաւորներու եւ ռուսական բանակին հետ մուտք կը գործէ Վան, ուր կը մասնակցի տիրող խանդավառութեան եւ ազատութեան շունչին: Քիչ ետք, ռուսական բանակի նահանջով, ան ականատես կը դառնայ հայոց բռնագաղթին ու անասելի չարչարանքին:

1915 յուլիսին կը սկսի Երզնկայի հայ բնակչութեան կոտորածը: Թեհլիրեան գերդաստանի զաւակներ զոհ կը դառնան Ցեղասպանութեան: Սողոմոն Թեհլիրեան կը կորսնցնէ հարազատներ, որոնց շարքին մայրը, որուն կարօտով եւ յիշատակով կ՛ապրի մինչեւ մահ:

Եթէ երբեք տիրական երեւոյթի մը մասին պիտի խօսինք, Սողոմոնի պարագային, այդ ալ իր մօր վրէժ լուծելու պատգամն էր ընդմիշտ:

Փաստօրէն, Սողոմոնի երազներուն թէ մտածումներուն մէջ միշտ ներկայ էին սպաննուած մօր, քրոջ ու եղբօր դիմագիծները: Իսկ ուրուականի մը նման զինք կը հալածէր ոճրամիտ Թալէաթը:

Եւ ահա նման ծանր հոգեվիճակներու ենթարկուած Թեհլիրեանի համար ծնունդ կ՛առնէր վրէժի զգացումը, թուրք բարբարոս ուղեղներ բնաջինջ ընելու ներքին անզուսպ մղումը, Թալէաթի բնաջնջումը:

Տեղին է յիշեցնել, որ Սողոմոն Թեհլիրեան իր առաջին արեան մկրտութիւնը կը ստանար զգետնելով հայ թրքածին մատնիչը` Յարութիւն Մկրտիչեան, որ 250 հայ մտաւորականներու անուններ յանձնած էր ճիւաղ Թալէաթին:

Շրջան մը Սողոմոն կ՛անցնի Փարիզ, ապա կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ, ուր կը ստանայ Արմէն Գարոյի հրահանգն ու թելադրանքները եւ շուտով կը հասնի Պերլին, ուր եւ պիտի կատարէ իր սրբազան պարտքը` շան սատակ ընելով ճիւաղ Թալէաթը:

15  մարտ 1921-ին Սողոմոն Թեհլիրեան հայոց պատմութեան ոսկեայ էջերուն կ՛արձանագրէ իր պատուական արարքը եւ կը դառնայ ամբողջ հայութեան առասպելը: Ան կը ձերբակալուի, կը դատուի, ապա ազատ կ՛արձակուի:

Օրին ամբողջ աշխարհ կ՛անդրադառնայ պատահածին եւ շշմած կը հետեւի իրերայաջորդ ահաբեկումներուն: Հայ վրիժառուներու արդար գնդակներուն տակ իրար ետեւ կ՛իյնան հայոց Ցեղասպանութիւնը ծրագրած եւ գործադրած ճիւաղները:

Այս սուրբ արարքներով հայութիւնը կը վերանորոգուէր, նոր շունչ կը ստանար, ամօթի խարանը միանգամընդմիշտ կը ջնջէր եւ հպարտութեամբ կը ներկայանար աշխարհին, իբրեւ ազգային արժանապատուութեան տէր ժողովուրդ, որ գիտէր իր վրէժը լուծել բարբարոս թշնամիէն:

Հետագային Սողոմոն Թեհլիրեան կը փոխադրուի Միացեալ Նահանգներ, կ՛ամուսնանայ, կ՛ունենայ զաւակներ եւ թոռներ:

Իր ողջուց ան կ՛արժանանայ ողջ հայութեան անմնացորդ յարգանքին ու երախտագիտութեան: Անոր յիշատակին կը կառուցուին յուշարձան-կիսանդրիներ ու կը նուիրուին երգեր:

Եթէ երբեք հարցնելու ըլլանք, թէ ի՛նչ մնացած է մեզի այս մեծութենէն, ապա, անվարան կրնանք ըսել, որ Սողոմոն Թեհլիրեանի աւանդէն մեզի կը մնան անոր գաղափարապաշտի աշխարհը, պայծառ դիմագիծը, դաշնակցականի դաւանանքը, թշնամին հարուածելու պողպատեայ կամքը, խոնարհ բնաւորութիւնը, ընկերականութիւնը, սակաւախօսութիւնը, ինքնամեծարմամբ չզբաղելու մօտեցումը, տիպար հայն ու ժողովուրդին ծառայելու հրաբորբ գիտակցութիւնը:

Միշտ յիշեցնել է պէտք, որ չի բաւեր գիրքեր հրատարակել, կարդալ ու ցրուել, այլ պարտաւոր ենք բոլորս, առանց խտրութեան, լծուիլ այնպիսի նպատակաուղղուած քարոզարշաւի թէ կողմնորոշիչ առաջադրանքներու կենսագործման, որպէսզի այս օրերու հոգեմտային սովը տակաւ ջրդեղենք` լոյսին բերելով եւ տարածելով նման մեծութիւններու անունը, վաստակը, ուսմունքը:

Այո՛, ի գին մեծ զոհողութիւններու եւ անխոնջ աշխատանքի պարտաւոր ենք ստեղծել մթնոլորտ ու միջավայր յանուն ներկայ ու ապագայ սերունդներու դաստիարակութեան: Ահա եւ մեր հաւաքական կեանքի փրկութիւնը:

Աւարտին, դիպուկ է գիրքէն մէջբերել նոյնինքն Սողոմոն Թեհլիրեանի այն պատումը, թէ 1956-1957-ին, Միացեալ Նահանգներ երթալու ճամբուն վրայ, Փարիզի մէջ կազմակերպուած էր հաւաքոյթ մը` ֆրանսահայ գաղութին կողմէ: Այդ հաւաքոյթին կը մասնակցէր նաեւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը` Վազգէն Ա.: Եւրոպայի տարբեր շրջաններէն բազմաթիւ հայեր եկած էին տեսնելու երկու մեծ հայերը: Բոլորն ալ անխտիր, հակառակ Թեհլիրեանի կամքին, կը ցանկային համբուրել անոր մատը, որով սեղմած էր Թալէաթը սպաննող ատրճանակը:

Ժամանակ մը ետք Վազգէն Ա. կը մօտենայ Թեհլիրեանին, կը համբուրէ անոր ճակատը եւ կ՛ըսէ. «Քու մատդ համբուրողները շատ աւելին էին, քան իմ աջս համբուրողները»: Ապա վեհափառը ներկաներուն դառնալով` կը յայտարարէ. «Այսպէ՛ս պէտք է յարգուի հերոսը: Ազգ մը, որ հերոս չունի, պատմութիւն չունի»:  

Այո՛, մենք ունի՛նք պատմութիւն կերտողներ:

—————-

* Արտասանուած զոյգ գիրքերու ներկայացման ձեռնարկին, 28 նոյեմբեր 2018-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:

Նախորդը

Հայ Առաքելական Եկեղեցին Վաղը Կը Տօնէ Բարեկենդան Առաջաւորաց Պահոցը Եւ Մեկնարկը Կը Կատարէ Հնգօրեայ Պահեցողութեան

Յաջորդը

Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեանի «Ծաղկած Ցաւ» Գիրքին Գինեձօնը

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?