
Ամերիկեան Շիքակօ Ֆայըրէն հեռացած Եուրա Մովսիսեան շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Հայաստանի կամ այլ երկրի մէջ:
Նշուեցաւ, որ 31 տարեկան Մովսիսեան առաջարկներ ունի Հայաստանէն եւ Յունաստանէն:
Միացեալ Նահանգներու ախոյեանութեան` «Մէյճըր-լիկ»-ին մէջ ան մաս կազմած է նաեւ Քանսաս Սիթիին եւ Ռէալ Սոլթ Լէյքին:


