ՏՈՔԹ. Ս. ԱՏԱՄ
Հրաշափառ եւ սքանչելի է Ս. Ծնունդի խորհուրդը, որ դարեր շարունակ լուսաշող արեւի մը պէս կը բացուի մեր կեանքի ընթացքին մեր դիմաց:
Մենք կը հաւատանք, որ Աստուած մարդացաւ Յիսուս Քրիստոսով եւ յայտնուեցաւ համայն մարդկութեան, որպէսզի մարդկութիւնը ազատէ մեղքերու գերեվարութենէն եւ նոր հորիզոններ բանայ անոնց կեանքին մէջ:
Շատ մեծ եւ սքանչելի է այս խորհուրդը: Բեթղեհէմի ախոռին մէջ ծնած մանուկը մարդացեալ Աստուծոյ որդին էր, որ աշխարհ եկաւ մեղաւոր մարդը Աստուծոյ հետ հաշտեցնելու եւ Աստուծոյ փառքին բարձրացնելու:
Ան ձգեց երկնային փառքը, որպէսզի մարդոց հոգիներու փրկութիւնը ապահովէ եւ մարդկութեան սնանկացած հոգիները հարստացնէ:
Ան եկաւ` իբրեւ աշխարհի լոյս, որպէսզի լուսաւորէ մարդոց սրտերու խորքն ու մթագնած հոգիները:
Ան եկաւ, որպէս համայն աշխարհի «Խաղաղութեան իշխան», որպէսզի մարդոց սիրտերն ու հոգիները լեցնէ «սիրոյ եւ խաղաղութեան» շնորհներով:
Ան եկաւ` որպէս մեր «կենաց հաց», որպէսզի մենք հոգեպէս յաւիտեան չանօթենանք:
Ի տարբերութիւն քրիստոնէական բոլոր եկեղեցիներուն` Ս.Ծնունդի տօնը Հայ եկեղեցւոյ մէջ ունի երկու անուն եւ երկու իմաստ ու խորհուրդ: Ամէն տարի 6 յունուարին Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին կը նշէ երկու տօն` Քրիստոսի ծնունդը եւ անոր մկրտութիւնը կամ աստուածայայտնութիւնը, մինչդեռ ուրիշ եկեղեցիներ այս երկու տօները կը նշեն առանձին եւ տարբեր օրեր:
«Ծնունդ» բառը, մեր մարդկային առօրեայ հասկացողութեամբ, կը նշանակէ «սկիզբ», «ծագում», սակայն Յիսուս Քրիստոսի պարագային տարբեր է մեր մօտեցումը, քանի որ ան, մեր հաւատքին համաձայն, ոչ միայն կատարեալ մարդ է, այլեւ կատարեալ Աստուած, հետեւաբար «Ծնունդ» ըսելով, կը հասկնանք անոր մարդկային բնութեան սկզբնաւորութիւնը Մարիամի միջոցով: Ասկէ երկու հազար տասնութ տարի առաջ Աստուծոյ որդին իր աստուածային բնութեամբ առաւ նաեւ մարդկային բնութիւն եւ հանդէս եկաւ` որպէս կատարեալ մարդ եւ կատարեալ Աստուած:
Հայաստանեայց առաքելական ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ Ծննդեան տօնակատարութիւնը կը սկսի յունուար 6-ի նախընթաց երեկոյին. ճրագալոյցի սուրբ պատարագով կը բացուի խորանին վարագոյրը, եւ եկեղեցւոյ մէջ ուրախ ու յաղթական հնչիւններով կը հնչէ «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» շարականը, ժողովուրդը այս երեկոն կը կոչէ «խթումի գիշեր»:
Խթումի գիշերը խոկումի, աղօթքի, ներելու, մեղքի ու յանցանքի ծանրութենէն թօթափելու գիշեր մըն է, որպէսզի յաջորդ օրը իւրաքնչիւր ներող ու ներեալ մաքուր ու խաղաղ , թեթեւ ու զուարթ սրտով ու հոգիով դիմաւորէ մեծ տօնը:
Յաջորդ օրը` 6 յունուարին կը մատուցուի Ծննդեան հանդիսաւոր սուրբ պատարագը, որուն կը յաջորդէ ջրօրհնէքը` ի նշան Յիսուս Քրիստոսի Յորդանան գետի մէջ մկրտութեան: Օրհնուած ջուրը կը բաժնուի ժողովուրդին, ժողովուրդը ըմպելով օրհնուած ջուրը` հաղորդակից կը դառնայ Քրիստոսի մկրտութեան:
Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւններու շարքին կը կատարուի նաեւ տնօրհնէքի արարողութիւնը: Անցեալին Ս. Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան տօներէն ետք մարդիկ հոգեւորականներ կը հրաւիրէին իրենց տուները կամ աշխատավայրերը` տօնի կենարար աւետիսը եւ աստուածային օրհնութիւնը ստանալու նպատակով:
Հին ժամակներուն, երբ եկեղեցական արարողութիւնը իր աւարտին կը հասնէր, եկեցեցւոյ դպիրները իրենց վարժապետին ընկերակցութեամբ կ՛այցելէին տուները` «Աւետիս» երգելու համար:
«Մելքոն, Գասպար եւ Պաղտասար, Աւետիս,
Այսօր տօն է Սուրբ ծննդեան, աւետիս,
եփէ, մայրի՛կ, եփէ թանէլի փիլաֆ
հիմա պապան կու գայ, անօթի ծարաւ,
պապային պաստօնը տունը մնացեր,
Սոֆիային աչքը դուռը մնացեր…
Մայրիկ շատ տարիներու»:
Այս ձեւով ամէն տունէ կը ստանային քանի մը ղուրուշ եւ կամ այլ նուէր: Նոյն «Աւետիս» երգերը կ՛երգէին նաեւ թաղի երիտասարդները, իսկ թաղի պատանիները, պայուսակ մը իրենց ձեռքին, տունէ տուն այցելելով, կը սկսէին «Աւետիս» երգել: Տանտիկինները պայուսակները կը լեցնէին հաւկիթով, իւղով, պտուղներով, ղաւուրմայով եւ զանազան նուէրներով :
Ծննդեան այդ օրը նաեւ Մելքոն ,Գասպար, Պաղտասար, Էմմանուէլ, Մանուէլ, Նազարէթ, Նազար, Աւետիս անունը կրող տղամարդոց անուան տօնն է: Այնպէս որ, անոնց բոլորին տուներուն սեղանները այդ օրը ճոխ կ՛ըլլային, ու տան մէջ կը կատարուէին հիւրընկալութիւն ու խրախճանք: Սուրբ Ծնունդը հայկական տարբեր շրջանակներու մէջ կը կոչուէր նաեւ պզտիկ զատիկ: Ընդունուած սովորութեան համաձայն, Ծննդեան տօնին տան փոքրերը իրենց գոց սորված քանի մը երգերու համար եւ «Մելքոն, Գասպար եւ Պաղտասար, Աւետիս» երգելով` նուէրներ կը ստանային իրենց մեծերէն: Տօնին առիթով բոլոր մանուկները նոր պարեգօտ-զգեստ, գդակ, կօշիկ կը հագուէին, որ մեծ ուրախութիւն կը պատճառէր անոնց:
7 յունուարին, ինչպէս եւ` բոլոր տաղաւար (մեծ, գլխաւոր) տօներուն յաջորդող օրերը, հանգուցեալներու յիշատակութեան օրն է` մեռելոցը: Անցեալին, 7 յունուարին սուրբ պատարագէն ետք, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուէր հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք մարդիկ կ՛այցելէին հարազատներու շիրիմները:
Ս. Ծննդեան տօնի հանդիսութիւնները կ՛աւարտին 13 յունուարին ` Տիրոջ անուանակոչութեամբ, որ նուիրուած է Յիսուս Մանուկի տաճար ընծայուելուն, 8-րդ օրը թլփատելու եւ անուանակոչելու յիշատակին:
Ահաւասիկ` Մովսէս Խորհենացիի Ս. Ծննդեան օրհնութեան շարականը, որ դարեր շարունակ կը հնչէ ու կ՛աւետէ մեծ ուրախութեամբ Քրիստոսի ծնունդը եւ յայտնութիւնը:
Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի,
Որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ,
Հովիւքն երգեն ընդ հրեշտակս`
Տան Աւետիս աշխարհի:
Ծնաւ նոր արքայ
Ի Բեթղեհէմ քաղաքի,
Որդիք մարդկան, օրհնեցէ՛ք,
Զի վասն մեր մարմնացաւ:
Անբաւելին երկնի եւ երկրի
Ի խանձարուրս պատեցաւ,
Ոչ մեկնելով ի Հօրէ`
Ի սուրբ այրին բազմեցաւ:
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՄԵԶԻ ԵՒ ՁԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ:
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ մէջ Ծննդեան տօնակատարութիւնները կը շարունակուին 8 օր: Այս շրջանը կը կոչուի «Ծննդեան ութօրէք»:



