Կեանքի Պարզ Հաճոյքները
Հետագայ նամակը «Ռիտըրզ Տայճեսթ» ամսագրին ղրկուած է 73 տարեկան կնոջ մը կողմէ, որ մեկուսի կեանք մը կ՛ապրի ամուսինին հետ գլուխ-գլխի եւ իր հաճոյքին համար գրի կ՛առնէ նաեւ բանաստեղծութիւններ:
Ծայր աստիճան հրահանգիչ է, մեր շրջանին, կարդալ այս նամակը, որ կը բերէ խորաթափանց իմաստութեան մը անհերքելի վկայութիւնը: Կը ներկայացնենք թարգմանաբար:
Երիտասարդ չեմ այլեւս: Հանգստեան կոչուած եմ եւ մինչ կը հանգչիմ, կը դիտեմ անցնիլը մարդկային այն բազմութիւններուն, որոնք կը վազեն: Կը վազեն հաճոյքի, զուարճութեան, դրամի, զօրութեան, փառքի եւ իրենց տենչանքներուն յագեցումին ետեւէն: Կը դիտեմ ու կը փափաքիմ, որ օր մը մէկը գրիչը ձեռք առնէ գովելու համար կեանքի պարզ ուրախութիւնները: Կ՛ակնարկեմ այն ուրախութիւններուն, որոնք մեր բոլորին անմիջական շրջանակին մէջն են, պայմանաւ որ գիտնանք անոնցմէ օգտուիլ` նախքան հասնիլը յառաջացեալ տարիքի աննպաստ պայմաններուն, որոնք զանոնք պիտի խլեն ձեր ձեռքէն:
Ես հիմա շատ դժուարութեամբ է, որ կը տեղափոխուիմ կամ կը քալեմ: Այս պատճառով յաճախ կը խորհիմ այն հաճոյքին վրայ, որ մարդ կը զգայ գեղջկական ճամբու մը վրայ պտտկելէ կամ շրջագայելէ գետի մը կամ ջրվէժի մը շուրջ բոլորը` դիտելով բնութիւնը իր ամենագեղեցիկ պատկերներուն մէջ: Կը մտածեմ տակաւին այն գոհունակութեան մասին, որ մարդ կը գզայ իր ամէնօրեայ պարտականութիւններու ընթացքին` զանոնք գործադրելով ճշգրտօրէն, միշտ լաւը ընելու ցանկութեամբ, առանց յետին մտքի, պարզապէս հաճոյքի համար:
Օրէ օր աւելի ծանր կը լսեմ, եւ ասիկա ինծի մտածել կու տայ այն ուրախութեան վրայ, որ մարդ կը զգայ` լսելով սիրելի էակի մը ձայնը, խաղացող մանուկներու ուրախ բացագանչութիւնները, երաժշտութիւն, թռչունի մը երգը, կամ` հեռաւոր կոչնակի մը ղօղանջումը: Տակաւին, որոտումներու ահեղ աղմուկը եւ այն այնը, որ ծառերուն մէջէն կը հանէ անձրեւը, հալածող հով մը: Երբեմն կը բաւէ նոյնիսկ, որ լսենք տեղացող ձիւնին հազիւ զգալի լռութիւնը, որպէսզի մեր էութիւնը լեցուի խորհրդաւոր ուրախութեամբ մը:
Տեսողութիւնս ալ կը տկարանայ հետզհետէ, եւ այս պարագան ինծի կը յիշեցնէ այն ուրախութիւնը, որ մարդ կը զգայ նամակ մը կամ գիրք մը, կամ մտածումներու առաջնորդող գրութիւն մը կարդալով: Կը խորհիմ, թէ որքա՛ն գեղեցիկ է դիտել գիշերային երկինքը, երբ աստղերը եւ լուսնի ամբողջական լոյսը կը լուսաւորեն զայն, կամ դիտել առաւօտեան երկինքը` արեւածագի առաջին լոյսերուն մէջ, կամ ուշանալ քիչ մը` ըմբոշխնելու համար մայրամուտի հրաշալի գեղեցկութիւնը: Հաճելի է դիտել դրացիի մը ծաղկաւէտ պարտէզը, գոյներու եւ պերճանքի շռայլութեանը մէջ, կամ հովիտներէ եւ բլուրներէ անդին` սա հերկուող գեղեցիկ հողը, որ մօտ օրէն պիտի վերածուի ոսկեզօծ ցորենի գեղեցիկ շարժուն ովկիանոսի մը:
Առողջական վիճակս հիմա ինծի պարտադրած է խիստ պահեցողութիւն մը, եւ ասիկա ինծի մտածել կու տայ այն պարզ ուրախութեան մասին, որ մարդ կը զգայ լաւ պատրաստուած սննդեղէններէ. թարմ հաւկիթ մը, գիւղական այն խոզապուխտը, որ մշակը ինքզինքին կը հրամցնէ աշխատանքի մեկնելէ առաջ, բարեկամներու եւ դրացիներու հետ առնուած զուարթ եւ կենսուրախ ճաշ մը, կամ վերջապէս` սքանչելի ճաշը, որ իրիկունը քով քովի կը բերէ ամբողջ ընտանիքը:
Անհամար անգամներ վայելած եմ ես այս տեսակ ուրախութիւններ: Եւ հիմա որ երիտասարդ չեմ այլեւս, կ՛ապրիմ այդ հրաշալի յիշատակներով եւ գոհ եմ: Եւ այս օրերուս կ՛ողջունեմ նորայայտ ուրախութիւն մը եւս, որ կը բխի հանգչելու եւ աղօթելու կարելիութենէ: Որովհետեւ, ըսի՞ արդեօք, այս է բոլոր ուրախութիւններուն ամենամեծը` ունենալ անխորտակելի հաւատք մը Ամենակարող Ստեղծիչին հանդէպ, հանդարտ սիրոյ, ճշմարտութեան եւ արդարութեան Աստուծոյ, որուն հոգածութիւնը մեզ կը շրջապատէ ամէն կողմէ:
ՄԻՆԻ ՊԱՈՒԷՐ
