Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընդդիմութեան Դաշտին Կազմաւորումը, Կամ՝ Ձախակողմեան Այլընտրանքը Ազգային Ժողովէն Դուրս

Դեկտեմբեր 12, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

ՀՅ Դաշնակցութեան ցանկին վրայ Ազգային ժողովի պատգամաւորութեան թեկնածու Արթուր Խաչատրեանը ընտրարշաւի ժամանակ առիթով մը հարցազրոյցի մը մէջ ըսած է, որ շատ դժուար էր աջ կառավարութեան մը մէջ ձախ ըլլալ: Խաչատուրեանը այն քիչերէն է հայկական իրականութեան մէջ Ընկերվար միջազգայնականի միակ անդամ կուսակցութեան հանրածանօթ դէմքերէն, որոնք Դաշնակցութեան գաղափարախօսական  ինքնութիւնը պարզ ու մեկին բանաձեւած է որպէս «Ձախ»:

Ծանօթ է, որ Նիկոլ Փաշինեանին վարչապետական աթոռին վրայ պահելու եւ Ազգային ժողովին մէջ «Իմ քայլը» ընտրական դաշինքին բացարձակ մեծամասնութիւն տալու նպատակով հապճեպօրէն կազմակերպուած ընտրութիւններուն մասնակցելու համար ՀՅ Դաշնակցութեան հայաստանեան ղեկավարութիւնը շեշտը դրաւ մասնաւորաբար Արցախի եւ ազգային անվտանգութեան հիմնախնդիրներուն վրայ, եւ ընկերային արդարութեան կապուած հարցերը նշուեցան մէջընդմէջ եւ, ընդհանրապէս, առնչակից այս երկուքին: Որքան ալ «թաւշեայ յեղափոխութեամբ» խանդավառ հայրենի ընտրազանգուածը, ի մասնաւորի` ընտրութիւններու արդիւնքին վրայ որոշիչ անդրադարձ ունեցող Երեւանի բնակչութիւնը, շատ աւելի ականջալուր ըլլար իր կենսամակարդակի բարելաւման խոստումներուն, հասկնալիօրէն տրամադրուած ըլլար նախկին իշխանութիւններուն փտածութեան պարագաներու դատապարտման յանձնառութեան պատգամներ լսելու եւ թեկնածուներուն մէջ փնտռէր նոր դէմքեր, որոնք պիտի փոխարինեն ժողովուրդի զօրաշարժի կարողութիւնը ընդհանրապէս արհամարհած եւ սակաւապետներու առանձնաշնորհումներուն հետ ճիշդ թէ երեւակայական կամ կամայականօրէն առնչուած քաղաքական ղեկավարներուն, ՀՅ Դաշնակցութեան ընտրարշաւի ընդհանուր ուղղուածութեան թեմաթիք առաջնահերթութիւնը այսօր հարցականի տակ դնելը անիմաստ է: Ընդհակառակը, երանի Արցախի հարցով ՀՅ Դաշնակցութեան հնչեցուցած զգուշացումները, որոնք անիրաւօրէն ընկերային ցանցերուն մէջ երբեմն որակուեցան որպէս «չարաշահութիւն», արձանագրուին երկրին ղեկը ստանձնելու պատրաստուող իշխանութեան գիտակցութեան մէջ, որպէսզի ոչ միայն բացառուին պարտուողական վտանգաւոր միտումները, որոնք միշտ կը սկսին հայկական կողմէն ազատագրուած տարածքներու զիջումի տրամադրուածութեամբ` առանց երբեք անոր փոխադարձումը յստակօրէն իմանալու, այլեւ սրբագրուին անցնող քսան տարիներու սխալներն ու դիւանագիտական ետքայլերը, ի մասնաւորի` բանակցութեան սեղան վերադարձնելով Արցախի ներկայացուցիչները եւ չէզոքացնելու Մատրիտեան սկզբունքներու եւ անոնց ամէն չափի ու որակի հետեւումով գոյացած փաստաթուղթերու ներհակ սպառնալիքին չէզոքացումը:

Բայց ընտրութիւնները պատմական անկիւնադարձ մը արձանագրած են արդէն, «թաւշեայ յեղափոխութիւնը» հասաւ իր լրումին, եւ բառին ամբողջական իմաստով նոր ժամանակաշրջան մը կը սկսի հանրապետութեան համար: Առնուազն նոր են Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն մեծամասնութեան դէմքերը, եւ այդ քիչ բան չէ` ընտրութիւնները նկատելու որպէս ժամանակահատուածի աւարտը եւ ուրիշի մը սկիզբը: Դժուար է նաեւ ընտրարշաւի առարկայական գնահատական մը տալ: Թէ` բացառուեցան անցեալի փտածութեան գործընթացները եւ ընտրութիւններու կաշառքի բաժանումը քուէի փոխարէն` անկասկած, եւ այդ ալ  Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան որակի համար նոր սկիզբ մը կը նշանակէ: Բայց իր հապճեպութեան պատճառով այս ընտրարշաւը տրամաբանականօրէն կեդրոնացաւ ոչ թէ վերջին, այսինքն` «թաւշեայ յեղափոխութեան» յաջորդած իշխանութեան գործունէութեան գնահատման, այլ համաժողովրդային շարժումի ճնշումով իշխանութենէ հեռացած քաղաքական ուժերուն քաղաքական ասպարէզ վերադարձը բացառելու նպատակին վրայ: Շատ պարզացնելով` կարելի է ըսել, որ մէկ կողմէ փտածութեան վերացման յանձնառութեան դրօշակիրներն էին, միւս կողմը` ազգային արժեհամակարգին եւ անվտանգութեան սպառնացող վտանգներէն զգուշացնողները:  ՀՅ Դաշնակցութեան կարգ մը թեկնածուներու կողքին, «Քաղաքացիական որոշում»-ն էր այն նորայայտ ուժը, որ բացայայտօրէն եւ բառացիօրէն խօսեցաւ որպէս սոցիալ-դեմոկրատական այլընտրանք եւ փորձեց հարստութեան վերաբաշխումի եւ տնտեսական որոշումներու կայացման կարգի ժողովրդավարացումը օրակարգի վրայ դնել:

Ընտրարշաւի ելած քաղաքական ուժերու գաղափարախօսական ջրբաժանման փորձի այս նախաձեռնութենէն անկախ` երկրի ու հասարակարգի աշխարհահայեացքներու ողջունելի բախում տեղի չունեցաւ: Կարելի է մինչեւ իսկ ըսել, որ ընտրարշաւը հիմնականօրէն զարգացաւ թեկնածուներու անձնական ժողովրդականութեան ազդակի հիման վրայ, ուր բնականաբար Նիկոլ Փաշինեանը ունէր մրցակցային բացարձակ առաւելութիւն` միւս բոլոր թեկնածուներուն բաղդատած: «Իմ քայլը», հետեւաբար, այսօր Լեւոն Փաշինեանն է ու վե՛րջ. այդ ցանկին մաս կազմող թեկնածուները իրենց յաջողութիւնը աւելի շատ կը պարտին վարչապետի «աուրա»-ին, քան` իրենց քաղաքական գործիչի փորձառութեան կամ կարողութեան: Երեւոյթը իւրայատուկ չէ Հայաստանի, ուր քաղաքական կուսակցութիւնները կայացած չեն. համաշխարհային մակարդակով ընդհանրապէս ժողովրդավարութեան ընդհանուր «յոգնածութիւն» մը նկատելի է, որ ամէնէն աւելի կ՛արտայայտուի քաղաքական կուսակցութիւններու ժողովրդականութեան տագնապով: Ընդ որում, հրապարակ կու գան նոր դէմքեր, որոնց շուրջ կը կազմուին քաղաքական խմբաւորումներ` առանց երբեք քաղաքական կայուն կուսակցութիւն մը ըլլալու նպատակն իսկ ունենալու եւ իրենց նեցուկը փնտռելով հասարակական կազմակերպութիւններու եւ աւելի յաճախ` կրօնական հաստատութիւններու զօրաշարժին մօտ:  Քաղաքագէտներ մինչեւ իսկ այս երեւոյթը տեսականօրէն բանաձեւած են որպէս «յետքաղաքականութիւն»:

9 դեկտեմբեր 2018-ի ընտրութիւնները նաեւ միջազգային մամուլին կողմէ ողջունուեցան որպէս ժողովրդավարութեան յաղթանակ, այնպէս` ինչպէս «թաւշեայ յեղափոխութիւնը» ամբողջատիրական ձգտումներու գտած ժողովրդականութեան համաշխարհային երեւոյթին մէջ նկատուեցաւ ժողովրդավարութեան, օրէնքի իշխանութեան եւ մարդկային իրաւանց յարգանքի յանձնառութեան յուսադրիչ իրադարձութիւն: Բայց Ազգային ժողովի գումարման սկիզբի առաջին օրէն իսկ ժողովրդավարութեան որակի այս ոստումին դիմաց պիտի ցցուի անցեալի հիմնական մարտահրաւէրը. «Իմ քայլ»-ին ձեռք բերած բացարձակ մեծամասնութիւնը, որով եւ` կառավարութեան որոշումները, առանց շատ քննադատութեան, թերեւս մինչեւ իսկ` վերահսկողութեան, պիտի վաւերացուին, օրինականացուին  եւ ներկայացուին` որպէս ժողովրդային կամքի արտայայտութիւն: Լաւագոյն պարագային, կը յուսացուի ատենին Նիկոլ Փաշինեանի մը կամ իրմէ առաջ` Վահան Յովհաննէսեանի մը համարձակութեամբ ձայն մը լսել, որ, ամէն պարագայի, պիտի չէզոքանայ մեծամասնութեան քուէներով: Նախքան այս երեւոյթին իշխանութեան կեդրոնացում կարողականօրէն իրապաշտական որակաւորումը տալը` արդար կ՛ըլլայ նաեւ նկատել, որ անոր առաջքը առնելու կարելիութիւնը կայ, եւ մեծ մասամբ, չըսելու համար` բացառաբար, կախում պիտի ունենայ նոյնինքն վարչապետին բացարձակ իշխանութեան հմայքին դիմադրելու կամեցողութենէն կամ վճռակամութենէն: Կանուխ է նաեւ կանխագուշակումներ ընել, որ «Իմ քայլը» կերպարանափոխուած ՀՀԿ եւ եղածը «շեֆ»-ի մը փոփոխութիւնն է: Բայց տեսականօրէն ամէն անվերահսկելի մեծամասնութիւն, այս պարագային` իրական ընդդիմութեան բացակայութիւն, կարողականօրէն իշխանութեան կեդրոնացման կ՛առաջնորդէ: Մեծամասնութեան պատգամաւորներուն քաղաքական «անփորձութինը» չէ հարցը, բայց յստակ է, որ մինչեւ որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ինքզինք հաստատագրէ, բոլորն ալ իրենց ընտրութեան համար «պարտաւոր» են Նիկոլ Փաշինեանին, որուն որպէս վարչապետի, այսինքն` գործադիր մարմինի ղեկավարի, տուած որոշումներուն ընդդիմանալու բարոյական լուրջ սահմանափակումներ պիտի ունենան սկիզբը: Յետոյ ամէն ինչ կախեալ է «Իմ քայլը»-ի զարգացումէն. պիտի մնա՞յ ընտրական դաշինք, թէ՞ ծնունդ պիտի տայ քաղաքական տարբեր կուսակցութիւններու, կամ գուցէ նոյնանայ Փաշինեանի «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ին հետ:

Ինչ որ, սակայն, ամէնէն աւելի մտահոգիչն է, Ազգային ժողովէն ներս քաղաքական ուժերու գաղափարական տարբերութեան բացակայութիւնն է: Խօսքը կը վերաբերի տնտեսական եւ ընկերային քաղաքականութեան տարբեր աշխարհահայեացքներու, որոնք «աջ»-ի եւ «ձախ»-ի հիմնական տարբերութիւնը կ՛իմաստաւորեն հարստութեան վերաբաշխումի եւ ընկերային ապահովութեան կռուան-հաստատութիւններու ստեղծման մէջ պետութեան դերակատարութեան` սկսելով հարկային դրութենէն: Նախքան այս երեւոյթին վերլուծումը` յստակացնենք երկու կէտ:

Առաջին. անցնող քսան տարիներուն Ազգային ժողովին մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայութիւնը` որպէս ընկերվարական կուսակցութեան, անպայմանօրէն չէ նշանակած, որ ձախի այլընտրանքը տիրական ներկայութիւն ըլլայ: «Համախոհ» կառավարութեան թէ Հանրապետականի հետ միջկուսակցական համաձայնագրի «պարտադիր կոնսենսուս»-ները թոյլ չտուին, որ Դաշնակցութեան ընկերվարական պահանջները հնչեն այնքան զօրաւոր, որ յստակօրէն տարբերին իշխանութեան նէօլիպերալ աշխարհահայեացքէն եւ ընտրող քաղաքացիներուն գիտակցութեան մէջ տեղադրուին որպէս այլընտրանք: Այս չի նշանակեր, որ իր ընտրական փլաթֆորմերով թէ Ազգային ժողովի իր պատգամաւորներու ելոյթներու եւ ներկայացուցած ծրագիրներուն ընդմէջէն Դաշնակցութեան ընկերային արդարութեան յանձնառութիւնը բացայայտ չէ դարձած: Բայց, քանի որ իշխող քաղաքական ուժը սակաւապետական մենաշնորհներու պահպանման երաշխաւորի դերը ստանձնած էր, ամէն պարագայի, այդ առաջարկները քուէարկութեան ժամանակ կը ձախողէին… Լաւագոյն փաստը նախքան իշխանափոխութիւն դաշնակցական պատգամաւորներու փորձն էր ընտրական օրէնքէն վատառողջ «ռէյտինգային»-ի վերացումը, ինչ որ կտրականապէս մերժուեցաւ Հանրապետականին կողմէ, պարզապէս որովհետեւ «ռէյտինգային»-ը թոյլ կու տար մենաշնորհներու դրամագլուխի ներկայացուցիչներու վճարելու այն գումարը, որ անհրաժեշտ է պատգամաւորի առաւելութիւններն ու «սթաթուս»-ը ունենալու համար, առանց, բնականաբար, իրենց «պիզնես»-էն թէ հաճոյքէն հրաժարելու` մասնակից ըլլալու համար Ազգային ժողովի նիստերուն: Ի վերջոյ այդ մարդիկը աւելի պարտական էին համակարգին, քան` զիրենք ընտրող ժողովուրդին… Իրողութիւն է նաեւ, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը առաջնահերթութիւն տուաւ ազգային հարցերուն, եւ այդ մէկը լիովին արդարացուեցաւ ի դէմս համախոհի աւագ գործընկերներու ղեկավարի «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» արկածախնդրութեան:

Երկրորդ կէտը «ձախ»-ի հասկացողութիւնն է, որ իր պատմական զարգացման հոլովոյթով 20-րդ դարու վերջին քառորդէն սկսեալ դադրեցաւ հիմնականօրէն հարստութեան արդար վերաբաշխումի նպատակը հետապնդել` իր օրակարգին մէջ ընդգրկելով մարդկային իրաւունքներ, բնապահպանում եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունք: Այս իմաստով, Ազգային ժողովի ներկայ մեծամասնութիւնը կրնայ նախաձեռնողը ըլլալ այս բոլոր հարցերը օրակարգի բերելու եւ, ի տարբերութիւն նախորդ իշխանութիւններու, որոնք եթէ նոյնիսկ անդրադարձած էին այս հարցերուն` յաւուր պատշաճի ձեւականութեամբ միջազգային համաձայնութիւններու պարտաւորումները յարգելու համար, անոնց տալ բովանդակային լիցք: Նման զարգացումներու նախանշանները երեւան ելան «թաւշեայ յեղափոխութենէն» ետք եւ ընտրապայքարի ժամանակ: Սկզբունքով այս բոլոր հարցերը մաս կը կազմեն շատ աւելի «սոցիալական լիպերալիզմ»-ի օրակարգին եւ «աջ»-ի թէ «ձախ»-ի գաղափարախօսական եւ աշխարհահայեացքային բաժանման գիծ մը չեն նշանակեր: Ձախը սկզբունքով այս հարցերու քննարկման եւ իրաւունքներու ընդլայնման իմաստով խնդիր պէտք չէ ունենայ, ի մասնաւորի` ձախի սոցիալ-դեմոկրատական ուղղուածութիւնն ու վերջին երկու տասնամեակին անկէ ծնունդ առած աւելի արմատական ժողովրդային զօրաշարժերը: Իրաւունքներու ընդլայնումն ու ամրագրումը լիպերալիզմի ամենասկզբնական եւ ամենասկզբունքային մեկնակէտն են` ընդդէմ աւատապետական եւ կրօնական խաւարամտութեան, այն, ինչ թերեւս աւելի ճիշդ կ՛ըլլայ թարգմանել որպէս «ազատամտութիւն» եւ «ազատականութիւն»` որպէս հասարակական եւ քաղաքական ծրագիր: Ի վերջոյ, ձախին նախաձեռնութիւնը այլ բան չէր, եթէ ոչ` քաղաքական ազատականութեան էթիկան ընդլայնել` ընդգրկելու համար աշխատաւորական իրաւունքներն ալ, ինչ որ արդէն դրամատիրութեան վտանգ նշանակեց եւ, հետեւաբար, տնտեսական լիպերալիզմէն տարբերեցաւ: Այս հարցերը եթէ ներազգային քաղաքական օրակարգին գան, անոնց բաժանման գիծը պահպանողականութիւնն ու յառաջդիմականութիւնը պիտի ըլլայ, «ազգային» եւ «համամարդկային» արժէքներու բախումը կամ, եթէ քաղաքական հասունութիւնը գերակշռէ, անոնց համադրման ճիգը` ի խնդիր համաձայնական/համերաշխական լուծումներու: 1980-ականներու աւարտէն ի վեր սոցիալ-դեմոկրատական ձախին գլխաւոր… ձախաւերութիւնը եղաւ զիջիլ հարստութեան վերաբաշխումի իր սկզբունքէն եւ տեղի տալ նէօլիպերալիզմի յառաջընթացին առջեւ, որով եւ «ձախակողմեան» ըլլալը հաւասարեցաւ թոնիպլերեան «սոցիալ լիպերալիզմ»-ին հետ: Արդիւնք` դրամագլուխի խիստ կուտակման պատճառով աղքատացած եւ իրենց կենսամակարդակի բարելաւման ամէն յոյս կորսնցուցած աշխատաւորական միջին դասակարգի խաւերը սկսան զօրակցիլ ծայրայեղ աջին եւ ֆաշականութեան: Այսինքն, չժխտելով հանդերձ, որ աշխարհիկ հասարակարգի յառաջդիմութեան սատարող բոլոր այս խնդիրները նաեւ ձախի օրակարգին պէտք է ըլլան, կարելի չէ անոնց տալ առաջնահերթութիւն մը, որ գրեթէ մոռացութեան ենթարկէ ձախին հիմնական պայքարը` ընկերային արդարութիւն հիմնուած հարստութեան վերաբաշխումի եւ ընկերային պաշտպանուածութեան հաստատութիւններու ստեղծման վրայ: Հայկական իրականութեան մէջ գործող ձախակողմեան ուժերուն համար ի մասնաւորի ազգային անվտանգութեան, ազգային հիմնախնդիրներու եւ, ընդհանրապէս, ազգային արժէքներու համադրումը ընկերային արդարութեան մարքսեան հասկացողութեամբ հիմնակառոյցին վրայ ամենամեծ մարտահրաւէրն է, որովհետեւ առանց անոր` ազգային միասնականութիւնը, հայրենադարձութիւնը եւ նոյնիսկ զարգացումը պարապ լոզունգ է: Առանց ընկերային արդարութեան արտագաղթը անխուսափելի է, իսկ արտագաղթը ազգային անվտանգութեան ամենամեծ սպառնալիքն է, ազգային գոյութիւնն իսկ խոցելի կը դարձնէ:

Հետեւաբար Ազգային ժողովին մէջ ընդդիմութեան բացակայութեան ամենատեսանելի եւ վտանգաւոր երեւոյթը հարստութեան վերաբաշխումի դրօշակիր ձախ այլընտրանքի մը չգոյութիւնն է: Ի դէմս «Բարգաւաճ»-ի` նախկին օլիկարխիան իր շարունակականութեան փաստը տուաւ: «Թաւշեայ յեղափոխութեան» համար ժողովուրդի թշնամին իրաւամբ սակաւապետային մենաշնորհներն էին: Յղացքը շատ հաւանաբար շարունակուի գործածուիլ նոր մեծամասնութեան իշխանութեան արգելք հանդիսացող մեծ դրամագլուխի ամէն ներկայացուցիչին վրայ, մինչեւ որ անոնք վերածուին «սեփականատէր»-ի եւ ստանան համակարգի նոր ղեկավարութեան «օրհնութիւնը»… Այլապէս, ե՛ւ «Իմ քայլը», ե՛ւ «Լուսաւոր Հայաստանը» տնտեսական լիպերալիզմի հաւատացողներն ու ջատագովներն են, որոնք հարկային քաղաքականութեան բարեփոխման թէ ընկերային ապահովութեան հաստատութիւններու ամրագրման ու ընդլայնման քիչ եւ ոչինչ տրամադիր են:

Ահա թէ ինչո՛ւ ընդդիմադիր ձախը, եթէ այլընտրանք պիտի դառնայ «թաւշեայ յեղափոխութենէն» ետք համակարգային փոփոխութիւն յառաջացնելու համար կամ յեղափոխութեան տալու համար ե՛ւ շարունակականութիւն, ե՛ւ նոր ուղղուածութիւն, նախ եւ առաջ պէտք է աշխատի ժողովրդային-հասարակական մակարդակով եւ հոն ստեղծէ անհրաժեշտ զօրակցութիւն եւ ընտրախաւ: Արթուր Խաչատրեանին նկատողութիւնը` դժուար է ձախ ըլլալ աջ կառավարութեան մը մէջ, հարկ է ընդլայնել եւ վերասահմանել հետեւեալ բանաձեւումով. դժուար է ձախ ըլլալ յետխորհրդային հասարակութեան մը մէջ, դժուար է յառաջդիմական ըլլալ պահպանողական հասարակութեան մը մէջ: Այս հսկայ մարտահրաւէրին դէմ յանդիման` ձախի այլընտրանքի կազմաւորման արտախորհրդարանային քաղաքական գործը առաջ պէտք է տարուի պայքարի հետեւեալ ոլորտներուն մէջ.

Առաջին. շատ աւելի հնչեղօրէն բանաձեւել ձախյառաջդիմական այլընտրանքի առաջնահերթութիւնները, հրապարակային բանավէճերու թէ հանրային ելոյթներուն մէջ գաղափարախօսական ինքնութեան յղացքները գործածել բառացիօրէն` առանց պատկերացումներու դիմելու:

Երկրորդ. հարստութեան վերաբաշխումի ու ընկերային պաշտպանուածութեան աշխարհահայեացքը հաստատագրել քաղաքական լեզուամտածողութեան մէջ: Բաւարար չէ տնտեսական աճին վրայ կեդրոնանալ, անհրաժեշտ է ուշադրութեան կեդրոն բերել աղքատութիւնն ու հարստութեան բաժանման անհաւասարութիւնը:

Երրորդ. կազմաւորել աշխատաւորական շահերու եւ իրաւունքներու գիտակցութիւն` ժողովրդային զանգուածներուն մօտ: Ազգը նախեւառաջ աշխատող քաղաքացին է, ոչ թէ` շահագործող դրամատէրը: Առանց դասակարգային տարբերութեան նուազումի ճիգին` «ազգային համերաշխութիւնը» հարստութեան անհաւասար բաժանումէն յառաջացած մենաշնորհներու շարունակութիւնը երաշխաւորող թմրադեղ է աշխատաւոր զանգուածին համար:

Չորրորդ. հասարակութեան մէջ յառաջացնել ընկերային պաշտպանուածութեան ցանցեր` որպէս նէօլիպերալիզմի սպասելի նորագոյն գրոհներու դիմադրութեան դիրք եւ, միաժամանակ, մենաշնորհներու «ապամոնթաժացումը» թիրախաւորող շարժուն պայքարի միաւոր, այնպէս` ինչպէս Կրամշեան սահմանումով բանաձեւուած են այս երկու յղացքները:

Հինգերորդ. իրարմէ անջատ, իրարու մրցակից արդէն սակաւաթիւ ձախ քաղաքական ուժերու, հասարակական շարժումներու թէ օրակարգային թեմաներ հետապնդող ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու միջեւ երկխօսութեան միջոց ստեղծել` ի խնդիր ընտրական լայն դաշինքի մը ձեւաւորման: Կարմիր գիծերը պէտք է բացառեն հակաժողովրդավար, բռնարարքները չբացառող, ամբողջատիրական թէ ապազգային/քոզմոփոլիսթ նպատակներ հետապնդող ամէն կազմակերպութիւն, որոնք անյարիր են, այլեւ վտանգաւոր` անկախ ազգային պետականութեան, ազգային զարգացման եւ ազգային հիմնախնդիրներուն լուծում բերելու ձախ այլընտրանքի յանձնառութեան:

«Թաւշեայ յեղափոխութիւնը» իր լրումին հասաւ: Ժամանակն է սոցիալիզմին ճամբայ բանալու` դէպի Ազգային ժողով եւ համակարգային արմատական փոփոխութիւն:

Արժանթին

Նախորդը

Սփիւռքի Քաղաքականութեան Ռազմավարութեան Հայեցակարգը. Նախագիծ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (12 Դեկտեմբեր 2018)

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?