Երէկ Նիոնի մէջ տեղի ունեցաւ Եուրօ-2021-ի Եւրոպայի ֆութպոլի երիտասարդական (21 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը:
Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը, որ մաս կազմեց Ա. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Իտալիան, Շուէտը, Իսլանտան, Իրլանտան եւ Լիւքսամպուրկը:
Յայտագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի հաղորդուին աւելի ուշ:



