Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի Անուան Պետական Տրամաթիքական Թատրոնը Լիբանանահայութեան Պիտի Ներկայացնէ «Հարսանիք Թիկունքում», «Սիրոյ Քեսթինկ» Եւ «Երկնագոյն Շան Աչքերը» Ներկայացումները

Նոյեմբեր 7, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան պետական դրամաթիկական թատրոնը «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ  երեկոյեան ժամը 8:30-ին,  8 եւ 11 նոյեմբերին պիտի ներկայացնէ «Հարսանիք թիկունքում», 9 նոյեմբերին «Սիրոյ քեսթինկ», իսկ 10 նոյեմբերին «Երկնագոյն շան աչքերը» ներկայացումները:

Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի Թատրոնը

Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնը հիմնուած է 1928-ին: Սակայն Ալեքսանդրապոլի (այժմ` Գիւմրի) ժողովուրդը հայ թատրոնի բեմին հետ առաջին անգամ կը ծանօթանայ 1865-ին` քանի մը թատերասէրներու շնորհիւ, եւ թատերական առաջին ներկայացումները Ալեքսանդրապոլի մէջ  կը համընկնին հայ նոր թատրոնի ծնունդին հետ:

23 մայիս 1865-ին նորաստեղծ թատերախումբը հանդիսատեսին կը ներկայացնէ իր անդրանիկ բեմադրութիւնը` Յակոբ Կարէնեանի «Շուշանիկ» պատմական ողբերգութիւնը: 1922-1928 թուականներուն, Ա. Արմէնեանի ղեկավարութեամբ, կը գործէ Ալեքսանդրապոլի «Քաղլուսվար»-ի տրամաթիքական թատրոնը: 1985 թուականին, Խ. Աբրահամեանի «Ասքանազ Մռաւեան»-ի  անուան թատրոնին մուտք գործելով` սկիզբ կ՛առնէ նոր ժամանակաշրջան մը:

1988-ի եղերական երկրաշարժէն ետք երիտասարդ բեմադրիչ Յ. Ղազանչեանը զայն կը վերանուանէ Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան թատրոն ու կը դառնայ անոր ղեկավարը, 1989-1994 թուականներուն: Ան ամբողջապէս կը կազմաւորէ թատերախումբը եւ կը ստեղծէ նոր խաղացանկ:

1994-1998 թուականներուն Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ եւ  պետական մրցանակի դափնեկիր, շարժապատկերի բեմադրիչ Ալպերթ Մկրտչեանը կը ղեկավարէ թատրոնը:

2004-2014 թուականներուն թատրոնին գեղարուեստական ղեկավարութիւնը կը ստանձնէ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ, փրոֆեսոր Նիքոլա Ծատուրեանը` ազգային բեմադրութեան երեւելի դէմքերէն մէկը, հզօր անհատականութիւն մը:

Մարտ 2014 թուականէն սկսեալ թատրոնի գլխաւոր բեմադրիչ կը նշանակուի թատրոնի երիտասարդ բեմադրիչ Լութֆիկ Յարութիւնեանը:

Ներկայիս Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնը կը նուաճէ նոր բարձունքներ, կ՛իրականացնէ նոր ու հետաքրքրական ծրագիրներ եւ ներկայացումներ, որոնք մշտապէս ամուր կը պահեն հանդիսատեսին հետ կապը եւ հաստատ կը պահեն թատրոնին տեղը մշակութային Գիւմրի քաղաքին մէջ:

Թատրոնի հին բնակիչներու կողքին, իրենց տեղը կը հաստատեն երիտասարդներ, որոնք համախմբուելով թատրոնի շուրջ` Գիւմրիի հնամենի թատրոնին մէջ ձեւաւորուած աւանդութիւնները կ՛ուղղորդեն դէպի ապագայ: Այս բոլորին ամենաթարմ ու վառ ապացոյցը վերջին տարիներուն Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնի ստացած պետական եւ թատերական մրցանակներն են:

Նշենք, որ Գիւմրիի թատրոնին մէջ իրենց ստեղծագործական մկրտութիւնը ստացած են հանրածանօթ դէմքեր, ինչպէս` ժողովրդական արուեստագէտներ Մհեր Մկրտչեանը ու Վարդուհի Վարդերեսեանը:

Այս տարի Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնը կը թեւակոխէ իր 153-րդ թատերաշրջանը:

Յայտնի Դերասաններ`

Արզօ Արզումանեան /1898-1985/
Արտաւազդ Փաշայեան /1910-1973/
Արուս Ազնաւուրեան (Շարլ Ազնաւուրի հօրաքոյրը) 1904-1989/
Գեղամ Յարութիւնեան /1905-1988/
Ժան Էլոյեան /1912-1984/
Ժաննա Թովմասեան /1912-2000/
Լեւոն Զորաբեան /1892-1969/
Նինա Բոխեան /1915-2002/
Ցոլակ Ամերիկեան /188-1964/
Մհեր Մկրտչեան /1930-1993/

Ներկայացումներ

1935  Յ. Պարոնեան` «Մեծապատիւ մուրացկաններ», բեմադրիչ` Վ. Աճէմեան
1943  Ն. Զարեան` «Արա Գեղեցիկ», բեմադրիչ` Վարդան Աճէմեան
1944  Վ. Շեյքսպիր` «12-րդ գիշեր»,  բեմ. Վ. Աճէմեան
1941  Դ. Դեմիրճեան` «Երկիր հայրենի», բեմ. Վ. Աճէմեան
1935  Մ. Ջանան` «Շահնամէ», բեմ. Վ. Աճէմեան
1947  Մ. Գորկի` «Յատակում»

Յայտնի Բեմադրիչներ

Լութֆիկ Յարութիւնեան

Ծնած է 1982-ին, Գիւմրի: 2000-2005 թուականներուն կը յաճախէ եւ կ՛աւարտէ «Երեւանի թատրոնի եւ կինոյի պետական հիմնարկ»-ի Գիւմրիի մասնաճիւղի բեմադրական բաժինը: 2007 թուականէն ի վեր հիմնարկին մէջ կը դասաւանդէ դերասանի վարպետութիւն եւ բեմադրութիւն նիւթերը:

2007-էն ի վեր Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»¬-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնի անդամ է:

2014-ին կը նշանակուի Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնի գլխաւոր բեմադրիչ, իսկ 2018-ի սեպտեմբերէն` թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար:

Նիքոլայ Ծատուրեան

(Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ, փրոֆէսօր)

Ծնած է 1945-ին, Երեւան: Բարձրագոյն կրթութիւնը կը ստանայ «Երեւանի գեղարուեստական-թատերական հիմնարկ»-ի բեմադրական բաժինին մէջ:

Շուրջ 20 տարի կ՛աշխատի Երեւանի «Գ. Սունդուկեան»-ի անուան ակադեմական թատրոնին մէջ` որպէս բեմադրիչ եւ կ՛իրականացնէ շուրջ 25 բեմադրութիւն:

1992-2004 թուականներուն կը ղեկավարէ Երեւանի «Մեթրօ» թատրոնը:

2004-ին կը նշանակուի Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար, իսկ ներկայիս անոր գեղարուեստական խորհրդատուն է:

Ռաֆայէլ Ասատրեան

Ծնած է 1994-ին, Գիւմրի: 2010-2014 կը յաճախէ եւ կ՛աւարտէ «Երեւանի թատրոնի եւ կինոյի պետական հիմնարկ»-ի բեմադրական բաժինը:

2016-ին նոյն հիմնարկէն կը ստանայ մագիստրոսական աստիճան:

2017-էն ի վեր մաս կը կազմէ Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնին, միաժամանակ` դասաւանդելով նոյն հիմնարկին մէջ:

«Հարսանիք Թիկունքում»

Տրամա` 2 գործողութեամբ

Թատրերգութեան հեղինակ` Անահիտ Աղասարեան

Բեմադրութիւն` Լիւթֆիկ Յարութիւնեան

Նկարչական ձեւաւորում` Գարեգին Եւանգուլեան

Երաժշտական ձեւաւորում` յօրինող Հայկ Յակոբեան (Հայկօ)

Զգեստներու ձեւաւորում` Լուսինէ Խաչատրեան

Դերեր`

ԳՈՐԱՆ – Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ Սուսաննա Բաղդասարեան
ՍԱՆԱՄ – Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ, պետական մրցանակի դափնեկիր Անահիտ Յարութիւնեան
ԱՐՄէՆ – Տարօն Գրիգորեան, Արթուր Զաքարեան
ԱՐԱՄ – Արսէն Սաղաթելեան
ԱՆԻ – Ջեմմա Ադամեան
ՍԱՄՈՒԷԼ – Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ` Տիգրան Գաբոյեան
ԱՇՈՏ – Արկադի Ղարագուլեան
ԼԱԼԱ – Նառա Սանթոյեան
ԼՈՒՍԻՆԷ – Յասմիկ Վիրաբեան
ԱՆԺԵԼԱ – Դիանա Մացոյեան
ՌՈՒԶԱՆ – Մանէ Մխոյեան
ՌԱԶՄԻԿ – Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր դերասան Յովհաննէս Յովհաննիսեան
ՆԱՐԵԿ – Գէորգ Գրիգորեան

Ներկայացման հիմքը կը կազմէ գիւմրեցի ընտանիքի մը պատմութիւնը: Գործողութիւնները կը կատարուին 2016 ապրիլ 2-6:

Այս մեծ գերդաստանին բոլոր անդամները կեանքի բերումով կ’ապրին տարբեր երկիրներ` Ռուսիա, Քանատա: Եւ այսօր բոլորը հաւաքուած են ներկայ գտնուելու գերդաստանի տղուն` Արմէնի հարսանիքին:

Սակայն հարսանիքը կը մնայ կիսատ, քանի որ իմանալով պատերազմը սկսելու մասին` Արմէնը կը ձգէ ամէն ինչ եւ կ՛երթայ Արցախ:

Այս ընտանիքը արդէն պատերազմ տեսած էր, Արմէնի քեռին զոհուած էր 90-ական թուականներու արցախեան ազատամարտին:

Եւ այսպէս,  հարսանիքը կը վերածուի պատերազմի, որ կը ներկայացուի ոչ թէ ռազմի դաշտին վրայ, այլ` թիկունքին: Իրադարձութիւնները շրջադարձային կը փոխուին եւ կը տեսնենք թիկունքը ապրող եւ կռուողներուն սպասող կիներ:

Թատրերգութեան մէջ կը ներկայացուի արտագաղթի, ազգային փոքրամասնութիւններու խնդիրները եւ կը ներկայացուի պայքարող ու մարտնչող հայ կնոջ կերպարը: Թատրոնը կ’աւարտի լաւատեսութեան եւ խաղաղութեան այն կոչով, որ կեանքն ի վերջոյ կը շարունակուի եւ պէտք է ապրիլ:

«Երկնագոյն Շան Աչքերը»

Քնարական ֆանթեզի 1 գործողութեամբ

Բեմադրիչ` Ռաֆայէլ Ասատրեան

Դերեր`

Տղայ` Սարգիս Ղարիբեան
Աղջիկ` Ջեմմա Ադամեան

Երազի մէջ հանդիպած զոյգ մը, որոնք զրկուած են իրարու հետ ֆիզիքական շփումէն` անոնց հպումը կը նշանակէր երազային սիրոյ աւարտ: Երազը իրականութիւն դարձնելու համար կը փորձեն գտնել միմիանց, սակայն երբ կ՛արթննան, կը մոռնան զիրար: Կեանքի մէջ զիրար ճանչնալու համար անոնք կը յօրինեն այնպիսի  արտայայտութիւն մը, որ իրական կեանքի մէջ գոյութիւն չունի` «Երկնագոյն շան աչքեր»:

Երազը իրականութիւն դարձնելու անյագ ցանկութիւնը կը հանդիսանայ անրջային հանդիպման աւարտի պատճառ: Անոնց հպումով կը վերջակէտուի  երազային սէրը:

 «Սիրոյ Քեսթինկ»

(կատակերգութիւն` 2 գործողութեամբ)

Բեմական տարբերակը եւ բեմադրութիւնը` Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ, փրոֆեսէօր Նիքոլայ Ծատուրեան

Երաժշտական ձեւաւորում` Ռաֆայէլ Ասատրեան

Նկարչական ձեւաւորում` Գարեգին Եւանգուլեան

Զգեստներ` Լուսինէ Խաչատրեան

Դերակատարներ`

Անահիտ Քոչարեան
Սուսաննա Բաղդասարեան
Տիանա Մացոյեան

Ներկայացումը միայնակ կիներու մասին պատմող զաւեշտալի, բայց եւ քնարական պատմութիւն մըն է:

Տարբեր բնաւորութիւններու եւ բնագաւառներու տէր կիներ համախմբած է միայնակութիւնը: Մոռացութեան մէջ յայտնուած կիներ կը փորձեն վերագտնել իրենց երբեմնի զուարթութիւնը, դարձնել կեանքը աւելի հետաքրքրական, դարձեալ ուշադրութեան կեդրոն գտնուիլ, սիրել եւ սիրուիլ: Հերոսներու ցանկութիւններու եւ գործողութիւններու շրջադարձերով հարուստ ընթացքը զիրենք կը դնէ զաւեշտալի իրավիճակի մէջ, որուն պատճառով կը բացայայտուի անոնց անձնական տրաման:

Երեք չխամրող գեղեցկուհիներ, ճակատագրի հեգնանք եւ անսպասելի աւարտ:

 

 

Նախորդը

Ցանկալիէն Դէպի Իրագործուող Հայաստան

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Իրանի Դեսպանը

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?