Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի ծիրին մէջ հիւրընկալեց Անգլիան, 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով անկէ, ընդհատեց իր դաշտին վրայ 38 մրցումի ընթացքին անպարտելիութեան շարքը:
Սպանիա պաշտօնական մրցումի մը գծով իր դաշտին վրայ վերջին անգամ պարտուած էր 15 տարի առաջ, յունիս 2003-ին, Յունաստանէն:
Այդ թուականէն ետք խումբը իր դաշտին վրայ կատարած մրցումներուն 5609 օր մնացած էր անպարտելի, կը յայտնէ «Մարքա»-ն:
Նախորդ 38 մրցումներուն, Սպանիա արձանագրած էր 34 յաղթանակ եւ 4 հաւասարութիւն:
Սպանիոյ դէմ կատարուած այս մրցումին, Անգլիա Ա. կիսախաղին նշանակեց 3 կոլ` շնորհիւ Ռահիմ Սթերլինկի (16-րդ եւ 38-րդ) եւ Մարքուս Ռեշֆորտի (30-րդ): Փաքօ Ալքասեր նշանակեց Սպանիոյ առաջին կոլը (58-րդ), մինչ Սերճիօ Ռամոս` Սպանիոյ բաւական ուշացած երկրորդ կոլը (90+8):
Այստեղ նշենք, որ երթի մրցումին, Սպանիա 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր Անգլիոյ մէջ:



